
Երուսաղէմ.- Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2012-ին, Իսրայէլի Քնեսէթի ընդլայնուած նիստին ընթացքին, քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Քնեսէթի անդամ Զէեւ Էլքին յայտնեց, որ հարցը փոխանցուած է Քնեսէթի կրթութեան ու մշակոյթի ենթայանձնախումբի քննարկման: Այլապէս, այս նիստին, յատուկ ոչ մէկ նոր բան նշուած է:
Խորհրդարանի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլին յայտարարեց, թէ Իսրայէլի բարոյական պարտաւորութիւնն է յիշել աւելի քան մէկ միլիոն հայերու ջարդը` թուրքերու ձեռամբ, սակայն ազդարարեց, թէ այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնել: Ան աւելցուց, թէ անոնք, որոնք Հրէական Ողջակիզումին կը նախաձեռնէին, յոյս ունէին, որ աշխարհը լուռ պիտի մնայ հրեաներուն ջարդին դիմաց, ինչպէս, որ պատահած էր հայերու ջարդերուն պարագային:
“Մենք բարոյական պարտաւորութին ունինք` յիշելու սպաննուած միլիոնաւոր հայերուն յիշատակը: Սակայն արգիլուած է քաղաքականացնել հարցը: Այդ ուղղուած չէ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան դէմ: Մենք մեր ձայները պէտք է լսելի դարձնենք այն պարագաներուն, երբ այլ ազգեր թիրախ կ՛ընտրուին:
…Քնեսէթը չի կրնար արհամարհել այդ փաստը“, եզրակացուց Ռիվլին:
Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ խօսող միակ պատգամաւորը` Ռոպերթ Տիպաեւն էր, որ նշեց, թէ նախընտրելի է հարցը պատմաբաններուն թողել:
Քննարկման նախաձեռնողը ընկերվարական “Մէրեց“ կուսակցութեան երեսփոխան Զահաւա Կալօնն է, որ ստացած է Քնեսէթի նախագահ, “Լիքուտ“ կուսակցութեան անդամ Ռիւվեն Ռիվլինի աջակցութիւնը:
Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւան յայտնեց, թէ քննարկումներուն մասնակցած է նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչը` բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտան, որ իր կարգին նշած է, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը սկզբունքով դէմ չէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ կը փափաքի, որ հարցին շուրջ քննարկումները շարունակուին:
Սեւան տեղեկացուց նաեւ, որ վերջերս փոխուած է Կրթութեան յանձնաժողովի նախագահը` “Մեր տունը Իսրայէլն է“ կուսակցութենէն Ալեքս Միլերը, որ դէմ էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Նոր նախագահն է ոչ-ծայրայեղ “Անկախութիւն“ կուսակցութեան անդամ` Անատ Ուիլֆը: