
Իբրեւ ամառնային արձակուրդ, քանի մը շաբաթներու համրանքով, խումբով Հայաստան մեկնած էի եւ արդէն իսկ վերադարձած եմ: Բայց ինչո՞ւ անպայման Հայաստան:
Ինչ մեղքս պահեմ, կը կարծեմ, որ Հայաստանը, մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ միշտ եղած է քիչ մը ամէն տեղ: Կը զգայի այդ մէկը, որովհետեւ հոն, հայրենիքիս ոգիները ինծի հետ էին ու անփոխարինելի բան մը փլցուցած հոգիիս մէջ: Անոր համար հորիզոնէ հորիզոն ու աստղէ աստղ հետս տարած էի ազգային հպարտութիւնս, գիտակցութիւնս եւ հայրենասիրութիւնս:
Ու այս օրերուն. հո՛ս, տանս չորս պատերէն ներս, կը փորձեմ տողերուս յանձնել մտքիս բեռերը ոչ իբրեւ նօթագրութիւն, օրագրութիւն եւ կամ ալ` յուշագրութիւն:
Էհ, ինչպէս որ կ՛ուզէք հաշուեցէ՛ք, հոգս չէ, որովհետեւ բոլորիս համար ազատ եւ անկախ Հայաստան մը ունենալը եւ այցելելը, միշտ երազանքն էր եղած: Աշխարհի վրայ թերեւս չէք կրնար գտնել որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ:
Այս է ահա հայրենասիրութիւնը. կ՛ըսեմ:
Ու հոն, ամէն ազատ պահերուս, պանդոկիս դէպի փողոց նայող սրճարանի սեղանին ետեւէն ժամերով դիտած եմ դուրսը, անցորդը, բոլոր դրական երեւոյթները, հայ բանուորը, անգործ երեւանցին, ուրախ եւ վշտահար սուրիացին եւ օտար զբօսաշրջիկները: Նոյնիսկ քաջութեամբ փորձած եմ անոնց մօտենալ ու սրտբաց խօսիլ: Լսել անոնց սեւն ու ճերմակը, հայհոյանքն ու ընդվզումը, հինն ու նորը, ցաւն ու վիշտը եւ նաեւ ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը: Միշտ լաւը տեսնելը կամ դրականը փնտռելը ազգային առողջ գիտակցութեան կը նպաստէ: Համոզուած եմ:
Աւելցնեմ, որ նոյն այդ փողոցի մայթերուն վրայէն ականջալուր եղած եմ քաղաքական ծանր պայմաններու բերումով Սուրիայէն եւ յատկապէս Հալէպէն Հայաստան ապաստանած մեր հայորդիներու իրաւ կամ չափազանցուած “գանգատները“, երախտագիտական խօսքերը, “վրդովանքները“, տեղացիէն` իրենց հասցէագրուած “թունաւոր“ խօսքերը ու նաեւ հայրենիքէն ներս իրենց ծրագրած ապագայի հեռանկարները:
Սակայն ինչ որ ալ ըսեն եւ ընեն կ՛ըսէի մտովի.- հոս է Հայաստանը, ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկրի նման: Ուստի անպայմանօրէն պէտք է որոնել այս երկրի խորհուրդը:
Ինծի համար բացայայտ էր, թէ երկրի, ծննդավայրի եւ կամ մայրենի լեզուի հանդէպ սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն է, այլեւ` ազգային արժանապատուութեան զգացում: Բայց, չես գիտեր ինչո՞ւ մեծէն մինչեւ փոքրը, մենչեւ համեստ քաղաքացին այս մասին յաճախ մոռցած է:
Զգացի, որ բոլորին հայրենասիրութեան վերաբերեալ խօսքերն ու խօսակցութիւնները յաճախ սին էին ու պարապ, քանի որ ամէն քայլափոխի տեսանելի էր, թէ ինչպէս նոյն այդ մարդիկը իրենց խօսքերով կամ արարքներով կ՛ոտնահարէին ազգային արժանապա-տուութիւն ըսուածը:
Այս բոլորին մասին օրին խօսած եմ հայրենի զրուցակիցներուս հետ ու հետեւցուցած, թէ մենք տակաւին կը տառապինք հմտութենէ եւ թէ բոլոր հայերու հայրենիք Հայաստանը, որքան շուտ այնքան լաւ. պէտք է դառնայ այն գլխաւոր նպատակին, որ ի սկզբանէ ունեցած է: Որովհետեւ այս ընթացքով այնպէս կ՛երեւի, թէ չափանիշները խախտուած են: Թերեւս պարզապէս կրկին ժամանակ է պէտք, ես զիս կը համոզեմ: Թէ որքան ժամանակ, այդ մէկն ալ կախեալ է քաղաքացիի անհատականութենէն:
Հպարտօրէն ըսելով, գեղեցկացած էր ամէն օր կէսօրին արթնցող եւ գիշերները մինչեւ առաւօտեան ժամերը յամեցող Երեւանը եւ խճողուած: Ոչ մէկ խօսք: Ճաշարան, սրճարան. լեփ լեցուն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Ամէն տեղ եւ ամէն գիշեր քէֆ եւ ուրախութիւն: Վկայ Երեւանէն ներս կամ դուրս խճողուած սրճարաններն ու ճաշարանները:
Միւս կողմէ, ի տես լեփ լեցուն “ավթոպիւսներուն“, որոնք արտագաղթող քաղաքացիները դէպի օդակայան կը տանէին, կրկին անգամ զիս խշոր մտահոգութեան մը մէջ կը նետէին: Շատ խօսուած է արտագաղթի մասին: Այս մէկը արդէն ազգային վիշտ ալ է:
Որո՞ւ հոգը: Բայց…անպայմանօրէն գիտակից հայուն հոգը:
Անոր համար միշտ կը մտածեմ, թէ մեր դրացիներէն մեզմէ խլուած հողերը կը պահանջենք, բայց չենք կրնար տէր կանգնել մեր 29 հազար քառակուսի քիլոմեթրին. ու կամաց կամաց երկիրը կը դատարկենք: Ամէն օր հայ մարդիկ իրենց հայրենիքէն կը հեռանան, որովհետեւ իրենց համար “գործ“ չկայ, “աղքատութիւնը գլուխ առեր է“: Որովհետեւ կը մտածեն, թէ հայրենի հողը “ծանր“ է իրենց համար: Մարդիկ, հայ ընտանիքներով կը հեռանան իրենց հարազատ հայրենիքէն, սիրելի ու պաշտելի իրենց Երեւանէն, Կիւմրիէն, Արարատեան մեր երկրի ամէն կողմերէն: Վստահ եմ, որ անոնք բոլորն ալ օտար երկիրներ գաղթելով պիտի շարունակեն Հայաստան եւ Երեւան երազել ու ամէն առիթներով անիմաստ ու շատախօս կենացներ պիտի նուիրեն, իբրեւ սրտի մխիթարանք:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ մարդիկ արդէն շատոնց մոռցած են, թէ հողը եւ լեզուն վերապրումի գործիքներ են, կ՛եզրակացնեմ:
Աւելին` նշմարած եմ նաեւ, թէ շատերուն համար տակաւին Հայաստանը կը մնայ իբրեւ տեսարժան վայրերով հարուստ շբօսաշրջիկութեան յարմար լաւ, աժան ու գեղեցիկ երկիր մը, ուր նոյնիսկ կարելի է ակռաները աժան ձեւով դարմանել:
Անկախ այս բոլորէն, տակաւին կը մեղադրենք մեր երկրի դրացիներուն հայկական յուշարձանները աւերելուն համար, սակայն մենք մեր ձեռքերով կը քանդենք մեր կոթողները: Գանձասարի, Տաթեւավանքի, Խոր Վիրապի եւ կամ սրբատեղիներու պատմական պատերուն վրայ մեր սիրուհիներուն նուիրուած խօսքեր կը փորագրենք, աւերելով այդ սրբատեղիներուն պատմական սրբութիւնները: Էջմիածնի Մայր տաճարէն մինչեւ Արցախի Ղազանճինոց հսկայ ու գեղեցիկ նաեւ այլ տաճարներու շրջաբակերուն քարշահոտ, աղտոտ ու անխնայ ու լքուած լուացարաններուն ներկայութիւնը, զիս ուղղակի յուսախաբութեան կը մատնէ:
Ասոնք բոլորը ամօթ ըլլալով հանդերձ նաեւ ատելութիւն են սեփական ազգի նկատմամբ: Ահա մեր ազգային նկարագրի աղաւաղումը, կ՛ըսեմ շշմած:
Կորսուած է մեր սեփական արժանապատուութիւնը: Տեղ մը սխալ բան մը կայ: Պէտք է զայն վերագտնել ու անպայման այս ափ մը մեր հայրենիքէն ներս վերադարձնել իր իրաւ ազգային դիմագիծը:
Կը կրկնեմ միշտ, թէ մեր վերապրումը բաժակաճառերով չըլլար: Սթափումի ճիգ պէտք է: Հայ նոր մտքի կոփում: Արդար ղեկավարութիւն:
Ինծի համար Սփիւռքի կողքին այս օրերուն հայրենիքն ալ հայ ինքնութեան պահպանումի կարօտը ունի: Եւ որպէսզի մենք մեր մէջ չսրտդողինք եւ մենք մեր մէջ ալ չյուսահատինք եւ որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի մենք պէտք է, որ նպաստենք մեր երկրի օրէնքի եւ արդարութեան հաստատման: Դասեր քաղենք պատմութենէն: Նոր շունչ հաղորդենք ու ազգային ոգիին թափ տանք:
Տոկալ, վերապրիլ, սիրել երկիրը եւ ստեղծագործել: Այս բոլորը` որովհետեւ հաստատապէս մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է: Որովհետեւ, բոլորիս համար անմահութեան ճամբան Մասիսն է:
“Հայաստանը, հայերու համար“ ըսինք ու կրկնեցինք, թելադրեցինք ու յորդորեցինք, աւելի քան երկու տասնամեակներ: Այս օրերուն սեփական արժանապատուութեան վերահաստատման սիրոյն ժամանակն է, որ ըսենք ու գործենք “Հայերը, Հայաստանի համար“:
Այս ձեւով, անկասկած մեր երկրին մէջ պիտի վերագտնենք այն ինչ, որ կորսնցուցած ենք իբրեւ ազգային եւ մարդկային արժէքներ: