ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԳՈՐ­ԾԱ­ԴԻՐ ԲԱՐՁ­ՐԱ­ԳՈՅՆ ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶ­ՄԵ­ԼՈՒ ԵՒ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԷՋ ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ ՁԳՏԵ­ԼՈՒ ՀԱՐ­ՑԵ­ՐԸ

0 0
Read Time:18 Minute, 11 Second

ՎԱ­ՉԷ ՓԱ­ՓԱԶ­ԵԱՆ

Ա.- Նիւ­թը

Նկա­տի առ­նենք Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան դաշ­տը եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կին (կա­ռա­վա­րու­թեան) մաս կազ­մե­լու ձգտող, կամ ընդ­հան­րա­պէս իշ­խա­նու­թեան ձգտող իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր եւ գա­ղա­փա­րա­կա՛ն հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­րա­գան եւ փնտռենք պա­տաս­խան­նե­րը եր­կու հար­ցում­նե­րու. (1) նման կու­սակ­ցու­թիւն մը կրնա՞յ ինք­զին­քին ար­տօ­նել մաս կազ­մել ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ յա­րա­բե­րա­բար աւե­լի մեծ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող իշ­խա­նա­մէտ կամ խմբակ­ցա­կան շա­հե­րու հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը (կամ կու­սակ­ցա­կան խմբա­ւո­րու­մի մը) կազ­մե­լիք հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ կը յա­ռաջ­դի­մէ՞, թէ՞ կը նա­հան­ջէ նման քայլ առ­նե­լով. (2) ընդ­հան­րա­պէս պէ՞տք է ձգտի իշ­խա­նու­թեան եւ, եթէ այո, ի՞նչ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ:

Շեշ­տե՛նք` խօս­քը գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մա­սին է: Խօս­քը կեղծ ընդ­դի­մու­թեան մա­սին չէ: Խօս­քը նա­եւ պա­տե­հա­պաշտ կամ ան­հա­տի մը կամ ան­հատ­նե­րու խում­բի մը ծա­ռա­յող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին չէ:

 

Բ. Հա­մա­ձայ­նա­կան

կա­ռա­վա­րու­թեան

մաս կազ­մե­լու հար­ցը

Նման կու­սակ­ցու­թիւն մը ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ յա­րա­բե­րա­բար աւե­լի մեծ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող իշ­խա­նա­մէտ կամ խմբակ­ցա­կան շա­հե­րու հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը (կամ կու­սակ­ցա­կան խմբա­ւո­րու­մի մը) կազ­մե­լիք հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­լով` կը յա­ռաջ­դի­մէ՞, թէ՞ կը նա­հան­ջէ:

Քննենք դրա­կան եւ ժխտա­կան տու­եալ­նե­րը:

 

Բ.1 Դրա­կան տու­եալ­ներ

Հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­լը մաս­նակ­ցող կու­սակ­ցու­թեան բնա­կա­նա­բար կ՛ա­պա­հո­վէ որոշ առա­ւե­լու­թիւն­ներ, ինչ­պէս`

ա) Իշ­խա­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն:

Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րը, բարձր մա­կար­դա­կի անձ­նա­կազ­մը, կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մող նա­խա­րար­նե­րը եւ անոնց կող­մէ գոր­ծի կոչ­ուած պե­տա­կան պաշ­տօն­եա­նե­րը ձեռք կը ձգեն կա­ռա­վար­ման փորձ, պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւին հետ առն­չուող տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ծա­նօ­թու­թիւն:

բ) Պե­տա­կան հար­ցե­րու իրա­զե­կու­թիւն:

Կու­սակ­ցու­թիւնը, շնոր­հիւ իր ստա­ցած յա­տուկ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, կը դառ­նայ իրա­զեկ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ այլ բնոյ­թի պե­տա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րու եւ զար­գա­ցում­նե­րու:

գ) Քա­րոզ­չա­կան ներ­կա­յու­թիւն:

Կու­սակ­ցու­թիւնը երկ­րին մա­մու­լին, հե­ռա­տե­սի­լա­յին ցան­ցին եւ հա­մա­ցան­ցին մէջ յա­ճա­խա­կի ար­ձա­գան­գու­մի կ՛ար­ժա­նա­նայ:

դ) Կու­սակ­ցու­թեան ծրա­գիր­նե­րու մաս­նա­կի գոր­ծադ­րու­թիւն:

Երկ­րի ղե­կա­վար­ման գոր­ծին մաս­նակ­ցու­թեան ճամ­բով կու­սակ­ցու­թիւնը կը յա­ջո­ղի փոքր չա­փով իրա­գոր­ծել իր ծրա­գիր­նե­րէն ոմանք: Այս յա­ջո­ղու­թիւնը կ՛ըլ­լայ շատ մաս­նա­կի, որով­հե­տեւ ինք կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ փոքր ուժ է: Իր յա­ջող­ցու­ցած իրա­գոր­ծում­նե­րը կ՛ըլ­լան գրե­թէ չնչին, երբ երկ­րին քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թը հե­ռու է իրա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թե­նէ եւ կը յատ­կանշ­ուի գործ­նա­պաշ­տու­թեամբ եւ շնա­կա­նու­թեամբ (սի­նիզ­մով), այն­պէս` ինչ­պէս որ իրե­րու կա­ցու­թիւնն է ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի մէջ:

ե) Կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թեան եւ իրա­գոր­ծում­նե­րուն վրայ փոքր ու մաս­նա­կի ազ­դե­ցու­թիւն:

Նա­խորդ կէ­տին մէջ յիշ­ուած պատ­ճառ­նե­րով այս ազ­դե­ցու­թիւնը կ՛ըլ­լայ շատ սահ­մա­նա­փակ:

Եզ­րա­կաց­նե­լով, կա­րե­ւոր է ար­ձա­նագ­րել, որ այս բո­լոր ձեռք բեր­ուած առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը միայն մար­տա­վա­րա­կան բնոյթ ու­նին եւ իրենց տա­րո­ղու­թեամբ փոքր են:

 

Բ.2 Ժխտա­կան

տու­եալ­ներ

Որ­պէս անհ­րա­ժեշտ նա­խա­բան` այս­տեղ շեշ­տենք քա­նի մը կէտ: Գա­ղա­փա­րա­կան ձգ-տում­նե­րով եւ հի­մուն­քով ճամ­բայ ելած իւ­րա­քան­չիւր լուրջ կու­սակ­ցու­թիւն, նախ­քան գոր­ծի անց­նի­լը, մեկ­նե­լով իր որ­դեգ­րած գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թե­նէն եւ իր ժո­ղո­վուր­դի ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն եւ քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին ներ­քին ու ար­տա­քին առ­կայ տու­եալ­նե­րէն, կը մշա­կէ գոր­ծու­նէ­ու­թեան իր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը: Ռազ­մա­վա­րու­թիւնը գոր­ծի ծրա­գիր մըն է, որ եր­կա­րա­ժամ­կէտ է եւ դիւ­րու­թեամբ փո­փո­խու­թեան չ՛են­թարկ­ուիր: Ան կը փոխ­ուի, երբ կու­սակ­ցու­թիւնը ապ­րի գա­ղա­փա­րա­կան հո­լո­վոյթ, կամ երբ իր ժո­ղո­վուր­դի կա­ցու­թիւնը յե­ղաշր­ջում ապ­րի, կամ երբ կու­սակ­ցու­թիւնը անդ­րա­դառ­նայ, որ ինք սխա­լած է իր գնա­հա­տում­նե­րուն եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ: Այ­լա­պէս, ռազ­մա­վա­րու­թիւնը կը մնայ ան­փո­փոխ եւ կու­սակ­ցու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւնը այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան` կը մնայ հաս­տատ: Կու­սակ­ցու­թիւնը իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քին կ՛որ­դեգ­րէ մար­տա­վա­րա­կան քայ­լեր: Այդ քայ­լե­րը կ՛ըն­թա­նան ռազ­մա­վա­րու­թեան հու­նով: Գրե­թէ բո­լո­րը կը ծա­ռա­յեն ռազ­մա­վա­րու­թեան զար­գա­ցու­մին: Ոմանք թե­թեւ շե­ղում­ներ կ՛ար­ձա­նագ­րեն: Ասոնք ժա­մա­նա­կա­ւոր, կարճ տե­ւող շե­ղում­ներ են, որոնք պար­տադ­րան­քի հե­տե­ւանք են եւ չեն ար­գի­լեր շու­տով ռազ­մա­վա­րու­թեան հու­նին վե­րա­դար­ձը: Կա­րե­լի չէ ռազ­մա­վա­րու­թիւնը զո­հել մար­տա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու:

Այժմ վե­րա­դառ­նանք հար­ցի քննու­թեան:

ա) Երբ կու­սակ­ցու­թիւնը գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն է, հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան եւ կա­յաց­ման իր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը շատ տար­բեր կ՛ըլ­լայ իշ­խա­նա­մէտ կու­սակ­ցու­թեանց ռազ­մա­վա­րու­թե­նէն: Շատ տար­բեր կ՛ըլ­լայ նա­եւ խմբա­կա­յին շա­հե­րու հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեանց ռազ­մա­վա­րու­թե­նէն: Կը հե­տե­ւի, որ ինք ռազ­մա­վա­րա­կան գետ­նի վրայ հա­կադր­ուած է այդ եր­կու տե­սա­կի ու­ժե­րուն: Իսկ այս ու­ժե­րուն հետ իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն օղա­կին մաս կազ­մե­լը (նման կու­սակ­ցու­թեան մը հա­մար) ռազ­մա­վա­րա­կան իմաստ եւ ծան­րու­թիւն ու­նե­ցող քայլ է: Ի՞նչ կը ստաց­ուի այն պա­րա­գա­յին, երբ ան գոր­ծակ­ցի նման ու­ժե­րու հետ եւ իրո­ղա­պէս մաս կազ­մէ նման իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն օղա­կին: Կը ստաց­ուի այն, որ տու­եալ կու­սակ­ցու­թիւնը, ռազ­մա­վա­րա­կան գետ­նի վրայ, թէ՛ դէմ է իր գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ նոր կազմ­ուած իշ­խա­նու­թեան, թէ՛ հե­տը: Վատ հե­տե­ւանք­նե­րով հա­րուստ` ահա­ւոր հա­կա­սու­թիւն:

բ) Այս ռազ­մա­վա­րա­կան հա­կա­սու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան փոր­ձի ըն­թաց­քին ծնունդ կու տայ ան­հատ­նում հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու, վա­տա­ռողջ մթնո­լորտ ստեղ­ծող խու­սա­նա­ւում­նե­րու եւ սպան­նիչ խա­ղե­րու: Ռազ­մա­վա­րա­կան հա­կա­սու­թե­նէն բխող մար­տա­վա­րա­կան հա­կա­սու­թիւն­նե­րը կ՛ար­գե­լա­կեն կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան առողջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը:

գ) Տու­եալ կու­սակ­ցու­թիւնը չի յա­ջո­ղիր նկա­տա­ռե­լի չա­փով իրա­գոր­ծել իր ռազ­մա­վա­րա­կան առա­ջադ­րանք­նե­րը: Անոնք կը հան­դի­պին իշ­խող կու­սակ­ցու­թեանց մեր­ժու­մին: Այդ մեր­ժու­մը կրնայ բա­ցէ ի բաց ար­տա­յայտ­ուիլ կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կնքու­մի հանգր­ուա­նին: Կրնայ նա­եւ պա­տա­հիլ, որ մեր­ժու­մը երե­ւան գայ աւե­լի ուշ` կա­ռա­վա­րա­կան փոր­ձին ըն­թաց­քին: Ար­դիւն­քը նոյնն է:

դ) Ի տես տու­եալ կու­սակ­ցու­թեան ցու­ցա­բե­րած լուրջ հա­կա­սու­թիւն­նե­րուն` ժո­ղո­վուր­դը եւ երկ­րին մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը կը կորսնց­նեն կու­սակ­ցու­թեան նկատ­մամբ իրենց ու­նե­ցած հա­ւատ­քը, կը դա­սեն զինք երկ­րի պա­տե­հա­պաշտ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շար­քին եւ այ­լեւս լուր­ջի չեն առ­ներ զինք: Ժո­ղո­վուրդ-կու­սակ­ցու­թիւն այս խզու­մը կ՛ըլ­լայ յատ­կա­պէս սուր, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած է պատ­մա­կան յա­տուկ փոր­ձա­ռու­թիւն: Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը, ապ­րած ըլ­լա­լով խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գի փոր­ձա­ռու­թիւնը, ճնշուած եւ տա­ռա­պած ըլ­լա­լով գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան մը անու­նով ան­մարդ­կա­յին ոճիր­ներ գոր­ծած այդ վար­չա­կար­գին ձեռ­քին տակ, դար­ձած է շատ գործ­նա­պաշտ եւ գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում­նե­րու նկատ­մամբ ծայ­րա­յե­ղօ­րէն թե­րա­հա­ւատ: Շատ դժուար է խիստ գործ­նա­պաշ­տու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում­նե­րու նկատ­մամբ խոր թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ յատ­կան­շուող աշ­խար­հա­հայ­եաց­քի տէր ժո­ղո­վուր­դի մը յար­գան­քը վաստ­կի­լը, իսկ զայն կորսնց­նե­լը` շատ դիւ­րին:

Երբ դրա­կան եւ ժխտա­կան տու­եալ­նե­րու այս բաղ­դա­տա­կա­նը նկա­տի կ՛առ­նենք, յստակ կը դառ­նայ, որ ժխտա­կան­նե­րը շատ աւե­լի ծանր կը կշռեն:

Կը հե­տե­ւի, որ ամէն նման կու­սակ­ցու­թիւն (գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր) չի կրնար ինք­զին­քին ար­տօ­նել մաս կազ­մել ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ յա­րա­բե­րա­բար աւե­լի մեծ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող իշ­խա­նա­մէտ կամ խմբակ­ցա­կան շա­հե­րու հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը (կամ կու­սակ­ցա­կան խմբա­ւո­րու­մի մը) կազ­մե­լիք հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան:

 

Բ.3 Բա­ցա­ռու­թիւն

Կայ մէկ բա­ցա­ռու­թիւն: Եր­բեմն ազ­գա­յին-պե­տա­կան գե­րա­գոյն շա­հը կը պա­հան­ջէ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս մէկ­դի դնել գա­ղա­փա­րա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ, ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ ու­ժեղ կամ պարզ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մե­լու սի­րոյն, ձեռք եր­կա­րել գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ եւ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ տար­բեր այլ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու: Ասի­կա հասկ­նա­լի է եւ թե­րեւս անհ­րա­ժեշտ լուրջ ճգնա­ժա­մե­րու պա­րա­գա­յին` պա­տե­րազմ, երկ­րի փլուզ­ման վտանգ, մեծ աղէտ:

Ինչ­պէս ֆրան­սա­կան ըն­դուն­ուած խօս­քը կ՛ը­սէ` Բա­ցա­ռու­թիւնը կը հաս­տա­տէ օրէն­քը: Եթէ ճգնա­ժա­մե­րու պա­րա­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը հասկ­նա­լի է եւ թե­րեւս անհ­րա­ժեշտ, անի­կա կ՛ըլ­լայ սխալ եւ վնա­սա­կար` անոնց բա­ցա­կա­յու­թեան:

 

Գ. Իշ­խա­նու­թեան

ձգտե­լու հար­ցը

Հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը մաս կազ­մե­լը եւ իշ­խա­նու­թեան ձգտու­մը հա­մար­ժէք յղացք­ներ չեն: Առա­ջի­նը ան­մի­ջա­կան քա­ղա­քա­կան քայլ մըն է, որ ինչ­պէս վե­րը կ՛ը­սէ­ինք, գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով գոր­ծող կու­սակ­ցու­թեան մը հա­մար կը ստա­նայ ռազ­մա­վա­րա­կան իմաստ: Երկ­րոր­դը կ՛են­թադ­րէ կարճ կամ եր­կար ժա­մա­նա­կի վրայ եր­կա­րող ըն­թացք մը, ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը, որուն թի­րա­խը իշ­խա­նու­թեան հաս­նիլն է (գա­ղա­փա­րա­կան ազ­նիւ դի­մա­գիծ ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թեան մը պա­րա­գա­յին` ժո­ղո­վուր­դին կամ­քով): Իսկ իշ­խա­նու­թեան հաս­նիլ, Հա­յաս­տա­նի պէս նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն ու­նե­ցող երկ­րի մը մէջ, կ՛են­թադ­րէ տի­րա­նալ նա­խա­գա­հա­կան աթո­ռին եւ ու­նե­նալ կա­ռա­վա­րու­թիւն նշա­նա­կե­լու ու­ժը:

Բնա­կան է, որ գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր ամէն կու­սակ­ցու­թիւն ձգտի իշ­խա­նու­թեան: Պարզ է. ան պի­տի ձգտի իշ­խա­նու­թեան, որ­պէս­զի իրա­գոր­ծէ երկ­րին հա­մար որ­դեգ­րած իր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը: Իշ­խա­նու­թիւնը այն գոր­ծիքն է, այն մի­ջո­ցը, առանց որուն կու­սակ­ցու­թիւնը չի կրնար ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով իր ազ­դու ներդ­րու­մը բե­րել երկ­րի էա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն:

Սա­կայն` ձգտիլ իշ­խա­նու­թեան ի՞նչ ճամ­բով, ի՞նչ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ:

Նա­խա­բան մը այս­տեղ ան-հ­րա­ժեշտ է: Ինչ­պէս վե­րը կ՛ը­սէ­ինք, Հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, ապ­րած ըլ­լա­լով խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գի փոր­ձա­ռու­թիւնը, ճնշուած եւ տա­ռա­պած ըլ­լա­լով գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան մը անու­նով ան­մարդ­կա­յին ոճիր­ներ գոր­ծած այդ վար­չա­կար­գի ձեռ­քին տակ, դար­ձած է շատ գործ­նա­պաշտ եւ գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում­նե­րու նկատ­մամբ ծայ­րա­յե­ղօ­րէն թե­րա­հա­ւատ: Նոյն այդ փոր­ձա­ռու­թիւնը ըրած է այն­պէս, որ հայ ան­հա­տին մօտ զար­գա­նայ վե­րապ­րու­մի ուժգ­նօ­րէն ան­հա­տա­պաշտ ոճ: Այս գործ­նա­պաշ­տու­թիւնը, թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը եւ վե­րապ­րու­մի ուժգ­նօ­րէն ան­հա­տա­պաշտ ոճը զգա­լի են այ­սօր թէ՛ Հա­յաս­տա­նէն ներս, թէ՛ նոր սփիւռ­քի հա­յաս­տա­նա­հայ զանգ­ուած­նե­րուն մօտ: Ան­շուշտ, տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով (որոնց ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը այս­տեղ պի­տի չը­նենք), նոյն այս յատ­կա­նի­շե­րը գո­յու­թիւն ու­նին նա­եւ հին սփիւռ­քի հա­յուն (“սփիւռ­քա­հա­յուն“) մօտ, բայց` աւե­լի մեղմ չա­փով: Հա­յաս­տա­նի հա­յուն պա­րա­գա­յին խորհր­դա­յին փոր­ձա­ռու­թիւնը պատ­ճառ եղած է, որ իր աշ­խար­հա­հայ­եաց­քի այս թե­քու­մը ըլ­լայ ու­ժեղ:

Ահա աշ­խար­հա­հայ­եաց­քի այս ու­ժեղ թե­քու­մը պէտք չէ վրի­պի ու­շադ­րու­թե­նէն այն գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան, որ կը փոր­ձէ ճշդել իշ­խա­նու­թեան ձգտե­լու իր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը:

Այն­քան ատեն որ աշ­խար­հա­հայ­եաց­քի այս ու­ժեղ թե­քու­մը առ­կայ է, այն­քան ատեն որ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նո­ղու­թիւնն ու ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւնը թե­րի են, Հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը բնա­կա­նօ­րէն հա­ւատ­քի պա­կա­սով եւ կաս­կա­ծամ­տու­թեամբ կ՛ըն­դու­նի գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մտա­ծում­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ իշ­խա­նու­թեան ձգտու­մը: Իշ­խա­նու­թեան ամէն ձգտում կը թարգ­ման­ուի որ­պէս հե­տապն­դում խմբակ­ցա­յին (եւ ոչ ժո­ղո­վուր­դի) շա­հե­րու: Իշ­խա­նու­թեան ձգտո­ղը կը դաս­ուի շա­հակ­ցա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու շար­քին: Հա­ւա­քա­կան գոր­ծի կո­չե­րը իրենց իրա­կան ար­ժէ­քով չեն ըն­կալ­ուիր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, եւ շա­տեր կը շա­րու­նա­կեն իրենց քուէ­նե­րը ծա­խել:

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն` գա­ղա­փա­րա­կան հի­մուն­քով իրա­պէս ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը իշ­խա­նու­թեան ձգտու­մի ռազ­մա­վա­րու­թիւնը կրնայ ըլ­լալ միայն հե­ռա­հար: Նախ­քան իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լու որե­ւէ ձգտում ար­տա­յայ­տե­լը, նախ­քան իշ­խա­նու­թեան բարձր օղակ­նե­րու հետ առն­չուող որե­ւէ թեկ­նա­ծու­թիւն պաշտ­պա­նե­լը` նման կու­սակ­ցու­թիւն պար­տի ջանք թա­փել մատ­նանշ­ուած աշ­խար­հա­հայ­եաց­քա­յին ու­ժեղ թե­քու­մը մեղ­մաց­նե­լու եւ վե­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Մի­ա­ժա­մա­նակ, բնա­կա­նա­բար, ան ջանք պէտք է թա­փէ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նո­ղու­թիւնը եւ ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւնը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան այս հանգր­ուա­նը քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քի եւ քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին գոր­ծօ­նու­թեան (աքթիւիզ­մի) հանգր­ուան է: Հանգր­ուան մը, որ պէտք է յատ­կանշ­ուի ան­կեղծ ապ­րու­մով, մաք­րա­մա­քուր ըն­թաց­քով, մեծ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող կեց­ուածք­նե­րով եւ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ու ժո­ղո­վուր­դին հետ մնա­յուն (ամէ­նօր­եայ) գոր­ծով:

Նման աշ­խա­տան­քի եւ գոր­ծըն­թա­ցի իբ­րեւ ար­դիւնք` ժո­ղո­վուր­դը վե­րագ­տած կ՛ըլ­լայ հա­ւա­քա­կան գոր­ծին հան­դէպ իր հա­ւատ­քը, իր քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նու­մը աւե­լի զար­գա­ցած կ՛ըլ­լայ եւ իր ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւնը` աւե­լի ամուր: Այս հանգր­ուա­նին է, որ կա­րե­լի կը դառ­նայ իշ­խա­նու­թեան բարձր օղակ­նե­րու հա­մար թեկ­նա­ծու­թիւն­ներ դնե­լը կամ պաշտ­պա­նե­լը: Բնա­կա­նա­բար թեկ­նա­ծու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը կ՛ըլ­լայ գա­ղա­փա­րա­կան ան­թե­րի հի­մուն­քով:

Իշ­խա­նու­թեան ձգտու­մի նման ռազ­մա­վա­րու­թեամբ կը ստեղծ­ուի ժո­ղո­վուրդ-կու­սակ­ցու­թիւն այն գա­ղա­փա­րա­կան ազ­նիւ կա­պը, որուն դի­մաց ոչ մէկ պատ­նէշ կը դի­մա­նայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles