ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Ամէն հայ, հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքեան ափերուն ցրուած, սրտատրոփ կը հետեւի լուրերուն, թէ արդեօք աշխարհի ճակատագիրը վարող եւ գերպետութիւն հանդիսացող Ամերիկան պիտի շարունակէ՞ պաշտպանել թրքական ոճրագործ յամառութիւնը` մերժելով ճանչնալ Լափալիսեան ճշմարտութիւն դարձած Ցեղասպանութիւնը:
Թէ արդեօ՞ք մինչեւ երբ, ինքզինք ազատութեան եւ արդարութեան դրօշակակիրները նկատող Ամերիկան պիտի շարունակէ՞ թիկունք կանգնիլ Թուրքիոյ:
Բայց այս անարդարութեան դէմ պայքարելով հայութիւնը երբեք պիտի չկքի ճնշումներու եւ թշնամութեանց առջեւ:
Հայը եղաւ այն ժողովուրդը, որ ապրած ու գոյատեւած ըլլալով աշխարհի ամենէն վայրագ ցեղերու տիրապետութեան տակ, անոնց խուժանային յարձակումներուն դէմ իր ուժերուն ներած չափով պայքարեցաւ, պարտուեցաւ, լռեց, ապրեցաւ ներքին, կրօնական, մտաւորական, ազգային կեանք: Ապրեցաւ մարդկային սրբութիւններով եւ ազգային ժառանգութեան հպարտութեամբ: Եւ երբ դարաւոր հայրենիքի հսկայ տարածքները կորսնցուց, իր ցեղի յաւերժութեան վրայ ունեցած անհուն հաւատքը զինք պահեց, զինք փրկեց դժոխքէն եւ անգամ մը եւս հայրենիքի մէկ մասին վրայ ծաղկեցաւ` Հայաստան կերտեց:
Աշխարհի բազամթիւ լեզուներով գրուեցաւ այդ ողբերգութիւնը: Ու տակաւին իրենց խղճմտանքները քաղաքականութեան հետ չշփոթած մարդիկ` պատմեցին, դատապարտեցին եղած անմարդկայնութիւնը:
Հայ ազգը բովանդակ պատմութեան ընթացքին, թէեւ աշխարհասփիւռ, բայց պատրաստութեամբ, իրազեկութեամբ, վճռակամութեամբ եւ իր դատին հանդէպ միասնութեամբ այսօր իր կորուստը դատի վերածած է եւ իր դատը` պահանջատիրութեան:
Առաջին հանգրուանը եղաւ Հայաստանի կերտումը, Ռուբէն Տէր Մինասեան բացատրութեամբ “1918 Մայիս 28ին, թէեւ ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարած էր …հայաբնակ գաւառների գերագոյն իշխանութիւն, բայց փաստօրէն ստեղծուած էր անկախ Հայաստան, Արարատեան աշխարհի բեկորների վրայ… Հայաստանի Խորհրդարանը ամենայառաջադէմ հանրապետութեանց փոքրիկ մի նմոյշ պիտի ներկայացնէր, թէ իր ռազմավարութեամբ, թէ իր ազատասէր, համբերատար պետական մտօք“:
Պետականևազգային մտածողութիւնը աճեցաւ համայն հայութեան մէջ, յանգելու Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարին:
Յաղթանակը զօրացուց հաւատքը:
Յաղթանակը քանդեց ազգային իրաւունքներուն հասնելու մեր առջեւ ցցուած պատնէշները:
Եւ այս հանգրուանը դարձնելով հին ու ուխտեալ դատի կարեւոր նուաճում, այսօր մեր իրաւունքներուն հատուցումը կը պահանջեն սերունդները, պետական հայրենիքով կամ տարասփիւռ հայութեամբ:
Հատուցում պահանջատիրական ոճով, իջած աշխարհի բոլոր հրապարակներուն վրայ, պահանջելով Մեծ Տէրութիւններէն, որ ազատութեան, արդարութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան լօզունգները վերածուի ճշմարտութեան, արարքի:
Որքան ալ մեր հողերուն եւ մեր կեանքի տնօրինումները նենգափոխեցին, մեր ակնկալութիւնները չարաշահեցին, որքան տարիներ շարունակ խաբեցին, կեղծեցին, բայց հայութիւնը ամրակուռ հաւատքով, իր սեփական միջոցներով դատ հետապնդելու երդումով, ապրիլ, օրերու խաբեպատիր արկածախնդրութիւնները տանելով հանդերձ չդադրեցաւ հետապնդելէ իր իրաւունքը:
Այժմ արդէն, ամէնուրէք, հայութիւնը իր քաղաքական եւ ընդհանրական զարթօնքին մէջ` Հայ Դատը հռչակած է իր գոյութեան խարիսխը:
Պահանջատիրութիւն անոնցմէ, որոնք հայութեան ժամանակակից բոլոր քաղաքական վերիվայրումներու ականատեսներն ու մասնակիցներ հանդիսացան:
Պահանջ անոնցմէ, որ մեր դատը չդարձնեն իրենց պետական արեւտուրի խաղաքարտ:
Ամերիկան մասնաւորաբար, իր գերպետութեան ամենահզօրային իրավիճակով այսօր պէտք է յիշէ այն ողբերգութիւնը, որուն ոչ միայն ականատեսը այլ եւ ամենէն վաւերական վկաները եղան իր հիւպատոսները, դեսպանները, գրողները, կոտորածներու ընթացքին եկեղեցիներու մէջ հայ մանուկներու ճակատագրով մտահոգ իր բարեպաշտ ժողովուրդը: Այս բոլորին համար հազարաւոր էջերու աղբիւրներ կան, սկսեալ պաշտօնական նկարահանումներէն մինչեւ ամերիկեան բարեսիրական ընկերութիւններուն կողմէ` հայ որբերու բազմաթիւ նկարներու հրատարակութիւնները:
Աշխարհի բոլոր ազգերէն կը պահանջենք, ամէն բանէ առաջ դատապարտութիւն: Կը պահանջենք որ քաղաքակիրթ նկատուող ազգերը, երկիրները Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութեան մէջ ի սէր մարդկային արդարութեան, պահանջեն այդ երկրէն, որ ճանչնան իրենց նախնիներուն սխալը եւ քաւեն անոնց մեղքը:
և Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական արարք, որպէսզի երկու սահմանակից երկիրները, թէեւ ուշացած, բայց կարենան գոհ եւ համերաշխ գոյակցիլ:
և Շնորհիւ տարուած պահանջատիրական աշխատանքներուն, այսօր արդէն բազմաթիւ երկիրներ, պաշտօնապէս ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Շարունակենք այդ աշխատանքը:
և Թուրքիոյ մուտքը Եւրոմիութեան ընտանիքէն ներս, կանուխ կամ ուշ պիտի շարունակուի մերժուիլ: Եւրոխորհրդարանը պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
և Ամերիկան, որուն քաղաքացիներն ենք մենք, ցարդ չէ դասած ինքզինք այն երկիրներու շարքին, որոնք յաջողած են բարձրանալ քաղաքակրթութեան մակարդակին եւ հեռաւոր ափերուն մարդոց եւ պետութիւններուն կեանքերը տնօրինելու փոխարէն, իր զինակիցներուն թելադրել կամ պարտադրել յարգել պատմական ճշմարտութիւնը, ազգերու իրաւունքները, արդարութիւնը:
և Երեւոյթը զարմանալի եւ խրախուսիչ է, երբ կը գտնուին թուրք մտաւորականներ Թուրքիոյ մէջ, որոնք կը դատապարտեն անարդարութիւնը, եւ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն նոյնիսկ ճակատելով իրենց կառավարութեան դէմ: Վերջապէս մի մոռնաք, որ դարաւոր յարաբերութեան մէջ եղած ենք Թուրքիոյ հետ, Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր քաղաքներէն, բնակավայրերէն սկսեալ:
և Քաղաքական թաքուն տուեալները ցոյց կու տան այսօր, որ 1970էն սկսեալ Ամերիկայի Պետական բաժանմունքը Ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին Մ.Ա.Կ.ի ենթայանձնախումբին դէմ եղած է:
և Կը հաստատուի, որ Ամերիկան բոլոր երկիրներու մէջ ամենէն թրքասէր եղած է եւ կը մնայ, ամէն գնով պաշտպանելու անոր մասնակցութիւնը Եւրոմիութեան, միանալով անոր Ցեպասպանութեան ուրացման մէջ:
և Թուրք կառավարութիւնը մեզմէ ստացած միլիոնները կը ծախսէ Ամերիկայի մէջ մեր աչքերուն առջեւ մեզի դէմ պայքարելու, նոյնիսկ գործակալ ունենալով Ամերիկայի նախկին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները:
և Թուրքիան, իբրեւ մէկը ամերիկեան “հաւատարիմ“ դաշնակիցներէն, կը վայելէ տնտեսական մենաշնորհը իր արտադրութիւնները ողողելով երկիրը:
և Երբ կը խմորուէր Իթթիհատական կուսակցութեան ծրագիրը Փարիզի մէջ երիտևթուրք ղեկավարներուն օգնութեան կը հասնէին հայ անուանի քաղաքական անձնաւորութիւններ, բայց այդ նոյն ղեկավարներ չէի՞ն որ “հանճարեղ“ գաղտնապահութեամբ կազմակերպեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
և Որքանո՞վ նպաստեցին աշխարհամարտին մեզի դաշնակիցները:
Տեսանք այդ բոլորը:
և ՍփիւռքևՀայրենիք այսօր արդէն հայութեան թիւը 8 միլիոնը անցած է:
Եւ այս թիւին սփիւռքահայութեան կարեւոր տոկոսային գոյութիւնը կը գտնուի Ամերիկայի մէջ:
Զօրացած ենք այստեղ, տնտեսապէս, պէտք է զօրանանք նաեւ քաղաքականապէս, պիտի մասնակցինք նախաձեռնութիւններու, շահինք համակրանքը պետական մարդոց, մասնակցինք անոնց ընտրութիւններուն, պահանջ ներկայացնելով, որ Ուաշինկթըն ճանչնայ եւ ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Այս դժուար եւ դերբուկ ճանապարհները հարթելու վճռակամութիւնը ծունկի պիտի բերէ թրքասէր երկիրները, նաեւ անպայմանօրէն Ամերիկան:
Ամէն հայու ճիտին պարտքն է, հնարաւորութեան չափով, պրկուած անխուսափելի պայքարներուն մասնակցիլ, կազմակերպուած բոլոր միջոցառումներով, բոլոր երկնակամարներուն տակ անխտիր, բոլոր անհրաժեշտ գոյութիւն ունեցող կամ ստեղծագործելի ներդրումներով, որպէսզի այս քաղաքական դասաւորումներու ժամանակաշրջանին, երբ Եւրոպայէն մինչեւ հեռաւոր Անդրկովկաս, ազգային օճախներու վերադասաւորումներ տեղի կ՛ունենան, հայութիւնը եւս իր ակնկալութիւններուն արժանանայ:
Այս բոլորէն ետք, միակ քայլը կը կրկնենք, քաղաքականացած Սփիւռքն ու պետականացած Հայաստանը պիտի ըլլայ:
Եւ իրարու հետ գործակցաբար, իրարու հնարաւորութիւններէն օգտուելով, պէտք է մեր պայքարը մէկ ճակատի վերածենք բոլոր երկիրներու մէջ, ուր հայեր կան ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ:
Սակայն յարգենք յաջողութեան պայմանները անդադար ծանօթանալով մեր պատմութեան, արծարծենք տխուր էջերը, անոնց կողքին մեր սերունդներուն ներկայացնելով մեր յաղթանակներու հպարտութիւնը:
Ամէն հայ` իր ազգայնական զօրութեամբ, ունի իր ճիտին պարտքը` Ամերիկայի մէջ յաջողցնել Ցեղասպանութեան ճանաչումը: