
Վերջերս “Կուրճիեւ“-ի անուան ժողովրդական նուագարաններու խումբին ձայնասկաւառակը արժանացաւ հոլանտական “Edison Award“ լաւագոյն ժողովրդական խտասալիկէն դասակարգէն ներս:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 28-ին: “Կուրճիեւ“ համոյթի ներկայացուցիչներ Էմմանուէլ Յովհաննիսեան, Նորայր Գասոյեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Էսկէնեան մեկնեցան Հոլանտայի Այնտհովըն քաղաքը‘ ներկայ գտնուելու ձեռնարկին:
Մրցանակը ստանալու համար Հոլանտայի Այնտհովըն քաղաք մեկնած էին “Կուրճիեւ“ համոյթի ներկայացուցիչներ Էմմանուէլ Յովհաննիսեանը, Նորայր Գաբոյեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Էսկէնեանը “Մեզիհամարմեծպատիւէրնմանմրցանակիարժանանալը: Ասիկամեզինորստեղծագործականլիցքերհաղորդեց: ԱննաեւմեծառիթէրԿուրճիեւըեւսմէկանգամմիջազգայինմակարդակովներկայացնելուհամար“,- ըսած է Հոլանտայէն նոր վերադարձած Լ. Էսկէնեան:
Անոր խօսքերով, մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ համերգային կատարմամբ ելոյթ ունեցած են տուտուկահար Էմմանուէլ Յովհաննիսեանն ու Նորայր Գաբոյեանը` յուզելով ներկաները:
“Տուտուկըպարզապէսբացառիկընդունելութեանարժանացաւ, աննաեւներկաներունմօտհետաքրքրութիւնառաջացուցհայկականերաժշտութեանհանդէպ: ՏուտուկիկատարմամբԿուրճիեւիերաժշտութիւնը, վստահեմ` յուզեցներկաներունիւրաքանչիւրը, եւատիկակըվկայէիներկարժամանակչլռողծափահարութիւնները“,-պատմած է ան:
Մրցանակը աննախադէպ յաղթանակ է, քանի որ “Edison Award“-ը կը հանդիսանայ աշխարհի չորս ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկը եւ իր հեղինակութեամբ ու կարեւորութեամբ կը համեմատուի ամերիկեան “Grammy Award“, գերմանական “Preis der Schallplattenkritik“ եւ ֆրանսական “Victoire“ երաժշտական մրցանակաբաշխութիւններու հետ: Այս մասին կը վկայէ թէկուզ այն փաստը, որ 1960 թուականին ստեղծուած այդ մրցանակաբաշխութեան պատուոյ կոչումներուն արժանացած են այնպիսի հեղինակաւոր ստեղծագործողներ, ինչպիսիք են համաշխարհային երաժշտարուեստի պսակ հանդիսացող արուեստագէտներ Շառլ Ազնաւուր, Մայլս Տէյվիս, Էմիլիու Հարրիս, էրիք Քլեփթըն, Պոպ Ճէյմս, Ֆիլ Քոլինս, Ռայ Քուտըր, Սթիւի Ուանտըր, Ռոպի Ուիլիըմս, Վալերի Կերկիեւ, Եւկենի Կիսին, Կլաուտիօ Արաուն, Փիեռ Պուլեզ եւ այլք: Մրցանակաբաշխութիւնը կ՛առաջնորդուի ամենաբարձր չափանիշներով` մրցանակներ շնորհելով միայն “բացառիկ արժէք ներկայացնող ձայնասկաւառակներու“:
Յիշեցնենք, որ յաղթանակած ձայնասկաւառակը, “Music of Georges I.Gurdjieff“ “The Gurdjieff Folk Instruments Ensemble-Levon Eskenian“, որ կը ներկայացնէ հայազգի փիլիսոփայ, երաժիշտ, պարուսոյց, գրող Կ. Ի. Կուրճիեւի երաժշտութեան ժողովրդական գործիքներու համար կատարուած մշակումներ, թողարկուած է 2011 թուականի Յուլիսին` գերմանական հեղինակաւոր “ECM Records“ ընկերութեան կողմէ:
Էտիսընի մրցանակը հրատարակութեան միակ յաջողութիւնը չէ, քանզի թողարկման օրուընէ ան բազմիցս արժանացած է տարբեր մրցանակներու, երաժշտական աշխարհի ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մամուլի ամենաբարձր գնահատանքին:
2012 թուականին Հայաստանի “Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան“` ալպոմը ճանչցուած է իբրեւ տարուան լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ, իսկ հրատարակութեան մասին ակնարկներ եւ յօդուածներ յայտնուած են այնպիսի հեղինակաւոր պարբերականներու էջերուն, ինչպիսիք են` “BBC Music Magazine“, “The Guardian“, “The Financial Times“, “The Independent“, “USA National Public Radio“, “NPR Music“, “Mitteldeutsche Zeitung“, “L՛Unita“, “The Wire“ : Առաւել, Աւստրալիոյ պետական ձայնասփիւռը` “ABC“-ն Սեպտեմբեր 2011-ի ձայնասկաւառակը ճանչցած է շաբաթուան լաւագոյն ալպոմ, իսկ Յունուար 2012-ին ամերիկեան “Q2“ դասական երաժշտութեան ձայնասփիւռի ընկերութիւնը զայն անուանած է շաբաթուան լաւագոյն CD-ալպոմ:
Ձայնասկաւառակին մէջ Կուրճիեւի մեղեդիները կը հնչեն կատարմամբ Կուրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու խումբի, որ հիմնադրուած է 2008-ին Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ: Նուագախումին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի լաւագոյն երիտասարդ կատարողներ:
Այս տարուայ գարնան վերջաւորութեան ձայնասկաւառակը ներկայացուեցաւ նաեւ ամէնուրէք, իսկ համոյթը շրջագայեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հանդէս գալով հեղինակաւոր բեմերէ: 2012 թուականին Հայաստանի “Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան“ ալպոմը ճանչցուած է իբրեւ տարուան լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ: Անցեալ տարուան ընթացքին համոյթը բազմաթիւ ելոյթներով շրջագայած է աշխարհի տարբեր երկիրներ` հանդէս գալով Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Պելճիքայի, Լեհաստանի ամենահեղինակաւոր բեմերուն վրայ եւ փառատօններուն ընթացքին: