Լրահոս

Կոչ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

save_aleppo

Ի տես Հալէպի հայաբնակ շրջաններու վրայ ներկայիս սաստկացող յարձակումներուն, որոնց հետեւանքով սեպտեմբեր 30, 2016ին զոհ գացին հինգ հայորդիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ արդէն իսկ վիրաւոր գաղութի մը, որուն փրկութիւնը անհրաժեշտ է հայութեան համար։

Այս ուղղութեամբ, կոչ կ՛ուղենք մեր բոլո՛ր հայրենակիցներուն մասնակցելու ՀՕՄի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան ընդհանուր ծրագրին, հասնելու համար նորանոր զոհերու եւ անոնց հարազատներուն անմիջական կարիքներուն։ Ձեր օժանդակութեան համար այցելել՝ https://www.classy.org/campaign/ars-syrian-armenian-relief-fund/c97739

Հայ Օգնութեան Միութեան

Կեդրոնական վարչութիւն

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button