ԱմերիկահայԼրահոս

ԿԼԵՆՎԻՒ, ԻԼԼԻՆՈՅ.- ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԵՒ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շա­բաթ, Փետր­ուար 13ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4:30ին, Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նի առի­թով Շի­քա­կո­յի Ամե­նայն Սրբոց եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­մեր­գու­թիւն, որուն յա­ջոր­դեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նակ, ան­դաս­տան, մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յում եւ օրհ­նու­թիւն: Եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թե­նէն ետք օր­ուան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Թե­մի Առաջ­նորդ՝ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Արք. Սրբա­զան Հայ­րը առա­ջին հեր­թին իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց իրեն ուղղ­ուած հրա­ւէ­րին հա­մար, եւ ապա անդ­րա­դար­ձաւ հե­թա­նո­սա­կան օրե­րէն մեր օրե­րը հա­սած խա­րոյկ վա­րե­լու սո­վո­րու­թեան, որ տե­ղի կÿու­նե­նայ մեր Տի­րոջ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Տա­ճար Ըն­ծայ­ման տօ­նին զու­գա­հեռ, եւ մեր հայ­կա­կան աւան­դու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու կոչ ուղ­ղեց.- »Մեր ապ­րած երկ­րին, Ամե­րի­կա­յի մէջ օր ըստ օրէ մո­ռա­ցու­թեան կը տրուին մեր եկե­ղե­ցա­կան ու ազ­գա­յին սո­վո­րու­թիւն­ներն ու աւան­դու­թիւն­նե­րը: Մեր աւան­դու­թիւն­նե­րը պէտք է ապ­րիլ ու զայն փո­խան­ցել նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն«: Շեշ­տե­լով լոյ­սին կա­րե­ւո­րու­թիւնը՝ Առաջ­նորդ Սրբա­զա­նը հաս­տա­տեց այն իրո­ղու­թիւնը, թէ Հայ եկե­ղե­ցին իր հիմ­նա­դիր հայ­րա­պե­տը կո­չած է Լու­սա­ւո­րիչ: Եւ ապա իր խօս­քը ուղ­ղե­լով եկե­ղեց­ւոյ մէջ գտնուող Շի­քա­կո­յի Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արե­նուշ­նե­րուն ըսաւ.- »Մեր ծնող­նե­րը մե­զի փո­խան­ցե­ցին մեր եկե­ղեց­ւոյ ու մեր ազ­գի սո­վո­րու­թիւն­ներն ու աւան­դու­թիւն­նե­րը, եւ մենք ալ մեր կար­գին կը փո­խա­ցենք ձե­զի: Տէր կանգ­նե­ցէ°ք անոնց եւ դուք ալ ձեր կար­գին փո­խան­ցե­ցէ°ք ձեր յա­ջորդ­նե­րուն«, եզ­րա­փա­կեց ան:

Ներ­կայ էր նա­եւ, Ռէյ­սի­նի (Ուիս­քան­սըն) Ս. Յա­կոբ Հայց. Առաք. եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հո­գեշ­նորհ Տ. Դանի­էլ Աբղ. Կա­րա­պետ­եան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button