Լրահոս
Կիպրոսի Նախագահը Ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը
ՆԻԿՈՍԻԱ․- Յունիս 13-ին, նախագահական պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս ընդունեց Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, Հ․Յ․Դ․ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ կոմիտէի անդամներ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ: Ներկայ էր նաեւ կառավարական բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու:

