Լրահոս

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿ ՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԿԸ ԶԲԱՂԻ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրապայքարի հեռատեսիլային հաղորդումներուն եւ վիճարկումներուն կը հետեւէր Արմենակ: Կարեւոր մարդոց պէս էր ժամանակ չունէր, այցի չէր գար, եւ մենք աշխարհի բաներէն անտեղեակ մնացած էինք:
«Ռոման ֆլէօվ»ի նմանող եւ բազմաթիւ արարներով ընտրութիւնը վերջ գտաւ: Արմենակ եւ Էլպիս յամեցող գարնան արեւոտ շաբաթ օրը սակառ մը ծիրանով այցելութեան եկան: Հայաստանը հեռու էր, բայց օտար ծիրանը իր գոյնով հասաւ: Եղածով գոհանալ վատ չէ:
Հազիւ նստած, Արմենակ՝ ինքնագոհ՝ յայտարարեց.
– Այնքա՜ն բաներ ըսին, օր եւ գիշեր, թեր ու դէմ, որ ինքզինքս քաղաքական գիտութիւններու համալսարանի ուսանող կարծեցի: Մեծ գաղափարներ եւ վերլուծումներ կը լսէի եւ անոնց հակառակը: Գիտես ի՞նչ, շատ բան սորվեցայ, բայց չքուէարկեցի, որովհետեւ կը խորհէի որ բոլորն ալ ճիշդ էին եւ բոլորն ալ սխալ:
– Ըսել կ’ուզես, որ վերջին եւ նախորդ խօսողին ըսածով կը համոզուէիր:
– Ճիշդ այդպէս: Երբ հեռատեսիլը կ’անջատէի, ես ինծի հարց կու տայի, որ այդ բոլոր մեծերը եւ բանգէտ լրագրողները ի՞նչ ըսին, որ երէկ ըսած չըլլային, երէկ՝ նախորդ եւ նախորդին նախորդ ընտրութեան առիթով: Մէկ ողջմտութիւն կար: Կ’ըսուէր, որեւէ պետական պաշտօնի ընտրուող, յաջորդական երեք անգամէ աւելի թեկնածու պէտք չէ ըլլայ:
– Արմենակ, չե՞ս գիտեր, որ մարդիկ երբ կը խօսին ճիշդ բաներ կ’ըսեն: Բայց կը մոռնան իրենց ըսածը, երբ անոնք վերաբերին իրենց:
– Դուն ալ ճիշդ ես, Մակա՛ր: Մարդը տկար է, դժուար է կպչուն մեղրի կարասին քովէն հեռանալ, անաշխատ եկամուտի աղբիւրէ: Այսքան բաներ ըսելէ եւ լսելէ ետք մարդիկ երբ նոյն անձերը կ’ընտրեն, անոնց մօտ կ’աճի նախախնամական կամ անփոխարինելի ըլլալու զգացումը, եւ գահի վրայ մնալու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ: Բայց այնքան լսեցի, որ ես ալ համոզուեցայ, որ բան մը պիտի փոխուի:
– Ի՞նչ բանի համոզուեցար, Արմենակ:
– Այն բանին, որ ժողովրդավարութիւնը կեղծիք պէտք չէ ըլլայ, նոյն անձերէն եւ նոյն ընտանիքներէն դուրս խելացի մարդիկ կան, հայրենասէրներ, ազգասէրներ, հանրութեան ծառայելու ցանկութիւն ունեցողներ: Բայց անոնք բաւարար չափով աճպարար չեն քուէատէրի քիթէն բռնելով իրենց ուզած տեղը տանելու համար:
– Ուրեմն, սիրելիս, երեք ամիս տեւած հեռատեսիլային համալսարանէդ այն սորվեցար, որ ընտրել-ընտրուելու խաղին մէջ մտնողը լաւ աճպարար պէտք է ըլլայ:
– Ճիշդ այդպէս: Եւ քուէարկելու չգացի, որպէսզի ի վերուստ տրուած կամ հօր եւ որդիի ծննդեան իրաւունքով ստացուած աճպարարի խաղին զոհ չերթամ: Գիտես, Մակար, մենք ածու ենք փոքր, բայց մեծերու խաղերէն սորվելիք չունինք,- եզրակացուց ինքզինք յարգող վերջին մոհիկանի հայատեսակ Կեդրոնականցին:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button