
Ֆրանսայի քաղաքապետութիւնները ազնուութիւն ունին զբաղելու երէցներով, որպէսզի անոնք նուազ զգան տարիքի պարտադրած առանձնութիւնը: Մարդիկ հիմա աւելի երկար կ’ապրին, եւ երէցները նկատառելի ընտրական ազդակ են: Զանոնք պէտք է շոյել: Կը կազմակերպուին մատչելի գիներով շրջապտոյտներ: Արմենակ եւ էլպիս, ալ գացած էին, հիւրանոց եւ ճաշեր ապահովուած: Պիտի այցելէին Պերլին, Ամսթերտամ եւ Անգլիա: Օթոքարով շրջապտոյտ՝ Սեպտեմբերի առաջին տասնըհինգ օրերը:
Բացիկներ ղրկեցին իրենց անցած քաղաքներէն եւ գիւղերէն, մեզ ալ մասնակից դարձնելով իրենց արշաւին: Հիացական եւ նախանձի խօսքեր գրած էին կազմակերպութեան, քաղաքներու մաքրութեան եւ մարդոց քաղաքացիական գիտակցութեան մասին:
Վերադարձան: Երկու օր ետք այցելութեան եկան: Արմենակ ինծի համար բերած էր գարեջուրի կափարիչով գեղեցիկ եւ զարդարուն խոշոր բաժակ մը, Էլպիս Մակարուհիին բերած էր պավարիական ասեղնագործուած սեղանի սփռոց մը:
Կեդրոնականցին պատմեց իր տեսածը եւ գիւտերը:
– Մակա՛ր, Պերլինի գարեջրատուները հանդէսներու բեմ էին: Մեր սեղանին ալ դրին գարեջուրով յորդող խոշոր բաժակներ: Պատերուն վրայ կային մեծադիր նկարները Պեթհովէնի, Մոցարթի, Շոփէնհաւուըրի եւ մարզիկներու: Կը դիտէի, թէ ինչպէ՞ս, այրեր եւ կիներ, փոքրիկ տակառի նմանող բաժակներու գարեջուրը կուլ կու տային: Ազգային տարազով կիներ նոր բաժակներ կը բերէին:
– Պատերուն վրայ իրենց երկարամեայ սխալ չգործած, ներազգային միութիւնը պահպանած անաղմուկ վարչապետ Անկելա Մերքէլի նկարն ալ կա՞ր,- հարցուցի Արմենակին:
– Ո՛չ անոր եւ ո՛չ ալ նորին, Օլաֆ Շոլցի: Գերմանացիները կիրթ են եւ հասուն, անձի պաշտամունք չունին: Վերջնականապէս մոռցսծ են ֆիւհրէրականութեան արկածը…Ստալին, Իտի Ամին Տատա կամ Չաուչեսքու, Պոքասա չունին: Երկրի ղեկավարները անաղմուկ կը ծառայեն երկրին եւ ոչ թէ երկիրը կը ծառայացնեն իրենց, պարգեւավճարներ չեն ստանար, իրենց ռոճիկով կը բաւարարուին, յարգուած եւ սիրուած ըլլալու խաբկանք չեն ստեղծեր պատկերներով: Ապսպրանքով սէր եւ յարգանք փուճ են: Տհասներ, մեծ ու պզտիկ սնափառ անարժաններ թերթերուն կը ղրկեն իրենց նկարները եւ ընկերային ցանցերը կ’ողողեն իրենց պսպղուն նկարներով՝ որպէս վկայութիւն իրենց ունեցած, աւելի ճիշդ՝ չունեցած մեծութեան:
– Արմենակին ըսի, որ ամէն օր, Հայասանէն կը ստանամ կառավարութեան անդամներու եւ ժողովներու գունաւոր պատկերները, առանց լուրի, անունի եւ կցուած բացատրութեան, ինչպէս «տուրիստ»ները ընկեր-բարեկամներու կը ղրկեն իրենց անմահութեան այֆոնային գունաւոր պատկերները՝ Սասունցի Դաւիթի արձանին կամ ցեղասպանութեան յաւերաժական բոցին առջեւ, նաեւ՝ Երեւանի այս կամ այն ճաշարանին մէջ խորովածի շամփուր ի ձեռին՝ գինի խմելով:
Մակա՛ր, մի՛ զարմանար եթէ վաղը համացանցով ստացած գունաւոր եւ տպաւորիչ պատկերները յայտնուին Երեւանի եւ Գիւմրիի կամարներուն եւ պողոտաներուն վրայ, որպէս նախապատրաստութիւն… անմահութեան: Աբիսողոմները միշտ սիրած են բեմին վրայ նստիլ, թերթին մէկ անկիւնը պատկեր մը ունենալ: Ի դէպ, բարեկամներուդ գրէ,՛ որ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ը թարմացնեն եւ վերահրատարակեն, ի հարկէ՝ արեւմտահայերէն, բայց նաեւ Հանրապետութեան մէջ խօսուած եւ գրուած «նորահայերէն»ով, առանց մոռնալու ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը: Վկայութիւն՝ որ աւանդութիւն եւ շարունակութիւն պահուած են… միշտ՝ Հանրապետութիւն եւ աշխարհատարած սփիւռք(ներ):
Նման հրատարակչական աշխատանք, մեր ժողովուրդի այսօրուան տխուր եւ տխրեցնող կացութեան մէջ, ուրախութեան, եւ թերեւս ալ վերականգնումի դռներ կը բանայ: Նեղ օրերուն սրբապատկերները մխիթարութիւն կը բերեն, մանաւանդ երբ գունաւոր են, եւ …մեծադիր:
Երբ կը բաժնուէինք, Կեդրոնականցին ետ դարձաւ եւ ըսաւ.
- Հիմա աշխարհ յոգնած է թուիթերային եւ ֆէյսպուքեան հեւքոտ քաղաքական շատախօսութենէ, այդ էջերուն վրայ կը նախընտրեն դնել գեղեցիկ սրահներու, եւ կրկնուող ժողովներու, «ձեռք թօթուել»ու եւ «խոնարհում»ներու անխօս բայց աչքի խտիղ պատճառող գունաւոր, շողշողուն պատկերները, ինչպէս երէկ, այսօր եւ հաւանօրէն դեռ վաղը՝ միամիտներ երջանկացնելու եւ երջանկանալու համար: Պատկերներուն ընկերացող խօսք չկայ: Ըսելիք ալ չկայ: Մակա՛րս, փառքը նոր ինքնաշարժի պէս է, միշտ պէտք է փայլեցնել Նոր ինքնաշարժն ալ կը հիննայ, որքան ալ փայլեցնես: Թէեւ կարգ մը ինքնաշարժներ ուշ կը հիննան, աժան փառքերը աժան ինքնաշարժներու պէս են, շուտ կը հիննան, իսկ չեղածի փառքեըը, որքան ալ փայլեցնես, չեն փայլիր, նոյնիսկ եթէ գործի լծուած ըլլան PRի արհեստավարժ փայլեցնողներ:
- Այսպէս կը ստեղծուի նորատեսակ հեղինակութիւնը, որ քու գիտցած քարիզմդ, կամ խարիզմատ չէ:
Քիչ մը հեռուն կանգնած Էլպիս ձայն տուաւ.
– Արմենա՛կ, մեթրոն չփախցնենք: Քիչ մըն ալ ըսելիք պահէ յաջորդ հանդիպման համար:
Ինչո՞ւ Հայաստանի հեռատեսիլը չի հրաւիրեր Կեդրոնականցին, թերեւս ան կ’օգնէ ջայլամացածներուն… իրենց գլուխը աւազէն հանելու եւ տեսնելու… ինչե՜ր եւ ինչե՜ր…
Մակար ի Գաղիա, 15 Սեպտեմբեր 2022