
Հակառակ շոգին դէմ եղած զգուշացումներու, Արմենակ Հայաստան գնաց Էլպիսի հետ: Ամէն բան խոշորացոյցով կը դիտէ, կը տրտնջայ, բայց ընկուզենիի կոճղի պէս հայրենասէր է: Ինչպէս ինք կը սիրէ ըսել, եմակով իր տեսածի մասին կը գրէ: Ինչո՞ւ մամուլին հայ կեանքին շողանկարը մէջ չի գրեր, արհեստավարժ քարոզիչին չըսածը, որ մարդիկ իմանան, թէ աթոռէն զատ բաներ ալ կան, եւ պատմաբանը գիտնայ, որ թիւ-թուականէ տարբեր կեանք ունեցած ենք:
Նամակը հասաւ: Մեր անշպար վէպը: Կ’արտագրեմ, որպէսզի Արմենակ լսուի, մենք մեզ դիտենք հայելիին մէջ:
«Սիրելի Մակար,
«Մինչեւ Մոսկուա, օդանաւին մէջ հայու չհանդիպեցանք: Ըլլալու էին: Մոսկուա օդակայան փոխեցինք եւ սպասման բաժնին մէջ հայերը բազմացան եւ աճեցաւ աղմուկը: Հանրակառքով հարթակին վրայ պտըտելէ ետք բարձրացանք «Աէրոֆլոթ»ի օդանաւը, որ խճողուեցաւ: Այս անգամ պատիւ չըրին օդանաւը զովացնելու: Հոս ալ մանուկները եւ մեծերը կ’աղմկէին:
«Կողքիս տեղ գրաւեց թիկնեղ անձ մը: Բացաւ ռուսերէն թերթ մը: Աղմուկը թոյլ չի տար որ մրափես: Երբ ժամեր կ’անցնին, կողքիդ օտարին հետ բնական կը դառնայ երկու խօսք փոխանակել: Խօսքը եղաւ զրոյց:
«Հայ էր: Մոսկուաբնակ, հայախօս, լեզուով չէր ռուսացած: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք եղած էր Ռուսիոյ քաղաքացի, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունէր: Աղջիկը ուսանած էր Ֆրանսա եւ ամուսնացած իր ֆրանսացի դասընկերոջ հետ: Տղան ալ կ’ուսանէր Ֆրանսա: Ըսաւ որ ան ալ հոն պիտի մնար: Հոն կրնային աւելի դրամ շահիլ եւ աւելի լաւ ապրիլ:
«Ըսի որ անոնք պիտի օտարանային, որ հայրենիքը տիրութիւն ընողի պէտք ունէր, որ մենք ուրիշ ազգե՞րը պիտի բազմացնէինք: Պահ մը լռեց, եւ ապա ըսաւ որ Հայաստան գործ չկար: Ինք կ’ուզէր որ անոնք լաւ կեանք մը ունենային: Հանդիպած էի Վլատիվոսթոքէն հայ գործարարի, որ Հայաստանի քաղաքացի չէր: Արտագաղթող մայր մը, օդանաւին մէջ ըսած էր իր աղջնակին, որ զինք կը տանէր իր նոր հայրենիքը:
«Ինչպէ՞ս սփիւռքի գոյնզգոյն քաղաքացիութիւններով հայածնունդները պիտի համոզուին, որ հայերէն սորվին, վերադառնան եւ Հայաստանի ու Արցախի քաղաքները եւ գիւղերը վերակենդանացնեն, տէր ըլլան Հայրենիքին: Լաւ շահելու եւ լաւ ապրելու համար մեկնողները բացառութիւն չեն:
«Գրողներ եւ բեմադրիչներ անհասկնալի արդի արուեստ մշակելու փոխարէն, հայուն կատակերգութիւնը ինչո՞ւ բեմ չեն հաներ: Այս պիտի ըսեմ հոս, գրողներուն եւ բեմադրիչներուն: Կը լսե՞ն: Զիրենք լսող կ’ըլլա՞յ:
«Դրամ շահիլ, լաւ ապրիլ: Հայուն նոր Տապանակ Ուխտին: Արտագաղթած մտաւորական մը, եւ այդ տեսակը բազմաթիւ է, գրած էր ազնուական ընկերոջ մը, որ ինք ալ դուրս գայ երկրէն եւ ան չէր լսած լքման կոչը:
«Եթէ նախարարի կամ այլ մեծի մը հանդիպիմ, պիտի ըսեմ այս բոլորը:
Սիրով՝ Արմենակ»:
Ուզեցի երկու տող աւելցնել Արմենակի նամակին: Ի՞նչ ըսել: Մեծերը գիտեն: Արմենակ քանի մը օր անքնութիւն կրնայ պատճառել, յետոյ կը մոռնանք: Քանի որ Արմենակի ցաւը հասարակաց դարձած ըլլալով կը դադրի ցաւ ըլլալէ:
Օր մըն ալ պատմութիւնը մեզ կը մոռնայ: