ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԸՆԴԴԷՄ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԻ ՄԵԿՆՈՂ ՅՈՒՇԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
Ազնաւուրի այգին նստած էինք ջերմացնող արեւէն օգտուելու համար:
Արմենակ նոր եկած էր Էյֆէլի Աշտարակի քաղաքէն: Եւ ըսելիք ունէր:
– Մակարս, իրենց ապահովութիւնը անտեսելով անհաւասար կռիւի մէջ մտած մեծեր, իրենց յուշերը գրած են, աւելի խօսած իրենց ժամանակին եւ պատմութեան մասին, ոչ իրենց անձին:
– Անոնք համեստ եղած են,- ըսի:
– Ճիշդ այդպէս, անոնց յուշագրութիւնը չի նպատակադրեր իրենց անձը, իրենց կարեւորութիւնը, կը վկայէ ազգի մասին: Ունի գրական արժէք, կը դաջէ մարդիկ, դէմքեր եւ դէպքեր: Գրադարաններուն մէջ անոնք բազմաթիւ են, բայց քիչեր կ’առանձնանան: Միւսները կը ծառայեն կողմնապաշտական կամ ընտանեկան սնապարծութեան եւ աւելորդ տեղ կը գրաւեն, կը զբաղեցնեն: Մե՜ղք թուղթին եւ մելանին:
Կը սպասէի որ Արմենակ իր ցաւը ըսէր:
– Նախագահներու յուշերու մեծ մասը, օրուան աղմուկէն ետք, գրադարաններու եւ մատենադարաններու ցանկերուն վրայ պիտի ըլլայ տող: Ամերիկայի նախագահներէն ոմանք գրած են իրենց յուշերը: Շատեր չեն յիշուիր անգամ:
– Արմենակ, հայերն ալ ունին յուշագրութիւններ. հայկական ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, ջարդ, հերոսական եւ յուզիչ դրուագներ պատմող:
– Բայց անոնցմէ քանի անուն կը յիշենք: Ինչո՞ւ պէտք է յիշել համեստներու յուշերը, նոյնիսկ եթէ անոնք տառապած ըլլան աքսորի ճամբաներուն վրայ: Անոնք հազարաւորներ են: Անոնց յուշերը ոչինչ կ’ըսեն այսօրուան սերունդներուն, յաճախ կ’ամփոփուին ճառի մը երկու տողով: Բայց տը Կոլի Յուշերը (Mémoires), Ռուբէն Տէր Մինասեանի Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները, կը գերանցեն հեղինակները, կ’ընդգրկեն դարը, սխրանքները եւ օրինակ ըլլալու կոչուած անունները: Արժէք են:
– Ճիշդ ես, Արմենակ:
– Անոնց մասին չեմ խօսիր: Շատեր կ’ուզեն անմահանալ պատմելով մեծ-հօր, հօր կամ իրենց բացառիկութիւնը, կը փնտռեն եւ կը գտնեն գրիչներ, կը վճարեն, որ զարդարուն յուշեր գրեն, զարդարուն ցաւերով կամ յաջողութիւններով: Եթէ էջ կամ գիրք գրուի, ան պէտք է ընթերցուի: Յուշագիրը պէտք է մտածէ, թէ գրուածը ինչո՞ւ եւ ինչով կը հետաքրքրէ դրացին, թաղեցին, քաղաքացին:
Կեդրոնականցին կը թուէր ընդվզած ըլլալ: Շարունակեց:
– Բռնազբօսիկ յուշագրութիւնը քաղքենիի փառասիրութիւն է: Ինչո՞ւ Հնդկաչինի պատերազմին մասնակցած մեծ-հօրս յուշերը գրել տալ գրիչի մը, կամ ափրիկեան երկրի մը ամբարտակին շինութեան մասնակցութեանս յուշերը: Անոնք եթէ ըլլան ստեղծագործութիւն, տիպարներով, բնութեամբ, մարդկայնութեամբ, յուշը կը դառնայ հում նիւթը այլ բանի:
– Ինչ որ կ’ըսես կ’ըլլայ վէպ,- ըսի:
– Դամբանականով, շքանշանի մը տուչութեան առիթով, կարելի է յիշել այսինչի միութենական գործը, զոհողութիւնը, յանձնառութիւնը, բայց ինչո՞ւ, ենթական, նշադրուողը,- չեմ ըսեր հանգուցեալը,- ինք խօսի: Եթէ մարդիկ կարդան մեծն Մոլեէրի Քաղքենի Ազնուականը, զերծ կը մնան ես եսի, էս էսի փորձութենէ:
Համբերութիւնս հատած էր.
– Ո՞վ քեզ ընդվեցուցած է:
– Գիտես: Շորորացող պատկերասէր ծափասէրը:
Հասկցայ, որ պիտի չշարունակէր: Յուշերուս մէջ պիտի գրեմ, որ Կեդրոնականցիին հետ սրճած եմ Ազնաւուրի սրճարանը եւ… անմահանամ:
Մակար, 12 մայիս 2019, Երեւան


