
Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայ գացին: Արմենակին հետ, խոհանոցը նստած, պատրաստած սուրճս վայելեցինք:
Էլպիսի բացակայութենէն օգտուելով, Արմենակ բացաւ իր լուրերու տոպրակը:
– Մակա՛րս, Պէյրութէն հեռաձայնեց ընկերոջս Արթաքիին կինը՝ Զապէլ: Ժամ մը խօսեցաւ: Թերթերը չեն գրեր առօրեային մասին: Ըսաւ, որ կեանքը անկարելի դարձած է, աշխատավարձերը չեն բաւեր հացի: Բայց ճաշարանները կը յորդին, հոն կ’երթայ պահուած տոլար ունեցողը կամ դուրսէն տոլար ստացողը: Կողոպտողները անհանգստացնող չկայ: Հայերու կացութիւնը վատ է: Եթէ բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ Կաթողիկոսարանը չօժանդակեն, հազարաւորներ անօթի կը մեռնին: Մարդիկ իրենց զաւակները ղրկած են երկրէն, աշխատելու կամ ուսանելու:
– Ափսո՜ս, Արմենակ, եթէ այսպէս շարունակուի Լիբանանի կենսունակ հայ համայնքը կը կորսնցնենք:
– Կ’իմանամ, որ Լիբանանէն գաղթողներ կան, կը գաղթեն Հայաստանէն ալ: Կ’երթան Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա, մինչեւ Նոր Զելանտա, ուր հիմա հայ գաղութ կայ: Ըսին, որ համաշխարհային ազգ ենք: Օր մըն ալ կը հասնինք բեւեռ: Եթէ հայրենասիրական ճառերը լսուած եւ համոզած ըլլային, հայերը կը բռնէին հայրենադարձութեան ճամբան, տուրիստ չէին ըլլար: Իմաստուններն ալ Հայաստան չէին երթար միայն ժողով գումարելու եւ նկարուելու:
– Ինչպէ՞ս կ’ուզես որ դժբախտ մարդիկ Հայաստան երթան, երբ թուրքը նստած է սահմանին, կը սպառնայ, ամէն ձեւով կը ճնշէ, ապագան անորոշ է:
– Մակա՛ր, երէկ, չորս ամիս Հայաստան մնալէ ետք վերադարձած քեզի ծանօթ Մինասին հանդիպեցայ փուռին առջեւ, ուր գացեր էի չամչով կարկանդակ գնելու: Ան աւելի քան ժամ մը ֆորմաթէ եղածի պէս մենախօսեց, ըսաւ որ Երեւան ամէն բան նորմալ է: Ճաշարանները տեղ չես գտներ, նորակառոյց հիւրանոցի մը մէջ հարսանիք եղած է, իւրաքանչիւր հիւրի համար վճարուած է հարիւր յիսուն տոլար: Մարդիկ իրենք զիրենք ապահով կը զգան: Կը յուսան, որ թուրքին եւ ազերիին հետ հաշտութիւնը բարօրութիւն պիտի բերէ: Իսկ իշխանութենէն գոհ են, կ’ըսեն որ նախկիններէն նուազ աղտոտ են, անոնց պէս հարուստ չեն, անոնց պէս գող չեն:
– Արմենա՛կ, այդ Մինասը հայկական տարածքներու մասին մտահոգութիւն չյայտնե՞ց:
– Ո՛չ, ըսաւ որ մանր-մունր սահմանային սրբագրութիւններ պիտի ըլլան: Իսկ ճամբաներու բացման մասին ըսաւ, որ այդ լաւ կ’ըլլայ, ժողովուրդը անոր կը սպասէ, որ առեւտուր ընէ, թուրքերն ալ գան եւ դրամ ծախսեն: Իսկ իրենք շատ լաւ կ’ապրին: Երբեմն ցոյցեր կ’ըլլան: Ականջ կախող չկայ: Վաճառատուները լեցուն են:
– Սահմանի զոհուող զինուորներուն եւ իրենց տուներէն հեռացուող գիւղացիներուն մասին ի՞նչ ըսաւ:
– Ոչի՛նչ: Երբ այդ մասին հարցուցի, ըսաւ, որ այդ դէպքերը Երեւանէն հեռու են, չեն խանգարեր: Լռեցի: Հասկցայ, որ Երեւան խաղաղականի կղզիներէն մէկուն վրայ կը գտնուի: Մակա՛ր, գրոց-բրոցներդ աշխարհագրութեան նոր գիրք պէտք է գրէք, որ սորվինք, թէ Երեւանը Հոնոլիւլիւ է, կամ Լոսի արուարձան, այն ատեն թերեւս հայրենադարձութիւն տեղի կ’ունենայ:
Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայէն վերադարձան: Միաբերան ըսին.
– Այսօր ֆրանսացիի պէս պիտի ճաշենք, քասուլէ:
Ստոյիկեան Կեդրոնականցին ըսաւ.
– Լաւ է, Հռոմ գացողը հռոմէացիի պէս պէտք է ապրի:
Արմենակ հասկցած է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ Լոս, Փարիզ, Սիտնի եւ թուրքին հետ «լեզու գտնող»… Հայաստան:
Մակար ի Գաղիա, 21 Դեկտեմբեր 2021