ԳլխաւորԿիզակէտՅօդուածներ
ԿԱՏԱԿԸ ՄԷԿԴԻ.- ԹՈՂ ՊԱՊԱՆՁԻ՜Ն ԹՐԱՄՓԻ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒՄԸ ՊԱՀԱՆՋՈՂՆԵՐԸ
Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլի կարգ մը էջերուն մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՛արծարծուի նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու զրոյցը։ Գլխաւորաբար դեմոկրատները, սակայն նաեւ այլ շրջանակներ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն, հիմնաւորելու համար այս պահանջը։ Այս ու նմանօրինակ ճիգեր ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն նեղմիտ ու անհորիզոն են նման պահանջներ դնողները. անոնք չեն տեսներ, որ եթէ նախագահին պաշտօնազրկումը իրականանայ, Միացեալ Նահանգներ պիտի զրկուի իմաստուն, յանդուգն ու համարձակ, քաջ, ուղղամիտ եւ դաստիարակ առաջնորդէ մը, որուն նմանը Սպիտակ Տուն չէ մտած երկար ատենէ ի վեր. տակաւին, կարելի է անվարան ըսել, որ Թրամփ աննախընթաց երեւոյթ է Միացեալ Նահանգներու, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ նոր աշխարհի պատմութեան մէջ։


