ԿԱՊԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Կապանի փառատօնը, որ 2023-էն ի վեր կը կազմակերպուի, Հայաստանի հարաւային գեղատեսիլ Սիւնիք շրջանի մշակութային կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը նկատուի։
Կը հրաւիրուին հանրածանօթ մենակատարներ, Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, տարբեր երաժշտական դպրոցներէն տաղանդաւոր երիտասարդներ եւ կազմեր։
Հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է թաւջութակահար Սեւակ Աւաննէսեանը։ Այս տարուան փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 4-էն 14 Յուլիսին։ Այս առթիւ, աջակցելու համար այս փառատօնին, գեղարուեստական ղեկավար Սեւակ Աւաննէսեանի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ, «Ամարաս» հիմնարկի հետ, գործակցաբար տեղի պիտի ունենայ նուագահանդէս մը՝ Շաբաթ, 9 Մայիսին, Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան մէջ։
Աւաննէսեանի կողքին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարներ՝ Վարդան Առաքելեան եւ Լեւոն Յովսէփեան, ջութակահարներ՝ Արմենուհի Յովակիմեան, Սարգիս Կարապետեան եւ Թայսա Սոքոլովա, կիթարահար Ճոն Պապոյեան, փողահար Սթիւ Թաշճեան, եւ երգիչ-երգչուհիներ՝ Մարիա Հայրապետեան – Լայընզ, Արմէն Յովհաննիսեան, Քնարիկ Ներկարարեան։
«Այն, ինչ սկիզբը երազ մըն էր՝ գեղեցիկ եւ որոշ չափով խենթ գաղափար մը, ընդամէնը երեք տարուան ընթացքին վերածուեցաւ աշխարհահռչակ երաժշտական փառատօններէն մէկուն։ Մենք յաջողեցանք՝ շնորհիւ ամուր բարեկամութեան, խանդավառութեան եւ նպատակին հանդէպ նուիրումին։ Եւ այս յաջողութեան պիտի չհասնէինք առանց բազմաթիւ հոգածու մարդոց աջակցութեան։ Մեծ սիրով եւ նուիրումով մօտենալով մեր գործին՝ կը յուսանք, թէ մեր բոլորին առջեւ կը սպասեն երաժշտական արկածներով լեցուն երկար տարիներ», կը յայտնէ Աւաննէսեան։

