Լրահոս

Կաթողիկոս Արամ Ա. Ժամանեց Լոս Անճելըս

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց թեմին շնորհելիք հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանը Լոս Անճելըսը ըլլալով՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը Թորոնթոյէն ժամանեց Լոս Անճելըս, Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան անդամ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:

Լոս Անճելըսի օդակայանին մէջ, վեհափառը դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետներ Գրիգոր Մահսէրէճեանի եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, նոյն վարչութեան անդամներ Կայծակ Զէյթլեանի, Հրաչ Յակոբեանի եւ Ռոստոմ Այնթէպլեանի, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Թորգոմ արք. Տօնոյեանի, Տաճատ եպս. Աշըգեանի եւ թեմին ծառայող միաբան ու քահանայ հայրերուն կողմէ:

Կաթողիկոսը, ողջունելով ազգայինները եւ հոգեւոր հայրերը՝ իր հոգեկան ցնծութիւնը յայտնեց, որ տասը տարիներ ետք, Աստուծոյ օրհնութեամբ ու թեմին հրաւէրով, դարձեալ կ՛այցելէ Լոս Անճելըս՝ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու խոր գոհունակութիւնը ունենալով իր սիրտին մէջ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button