
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացուց, թէ կը գործակցի յունական, քրտական, միջին արեւելեան, հնդկական եւ շարք այլ մը կազմակերպութիւններու հետ, կասեցնելու Թուրքիոյ Էֆ-16 հալածիչ օդանաւեր ծախելու ծրագիրը։
Այս տիպի օդանաւերու արդիականացուած տարբերակները ծախելու անպատասխանատու նախաձեռնութեան դէմ դնելու աշխատանքը ստանձնեցին Քոնկրէսի հայկական համախմբումի ատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ յունական համախմբումի ատենապետ Կաս Պիլիրաքիս։
Քոնկրէսականները այս նպատակով արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընին յղեցին նամակ մը, որուն մէջ նշեցին, որ նման վաճառք մը աւելի անզսպելի կը դարձնէ Սուլթանամէտ Էրտողանը։ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնկրէսի Հայկական եւ Յունական համախմբումներուն։