ԿԱԽԱՂԱՆ ՀԱՆՈՒԱԾ ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ` ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Յունիս 13ի երեկոյեան, հանրածանօթ Կալաթասարայ թաղամասի “Ճէզայիր“ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակելի ձեռնարկ մը: Արդարեւ, ոգեկոչուեցաւ 1915 Յունիս 15-ին, Հնչակեան քսան անմահներուն յիշատակը: Ներկայ էին հայ, թուրք եւ օտար մտաւորականներ, հանրային եւ քաղաքական գործիչներ, ձախակողմեան ուժերու ներկայացուցիչներ: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Ֆիրտես Ֆէրիտօղլուի բացման խօսքէն ետք, ելոյթներով հանդէս եկան մարդկային իրաւանց ծանօթ պաշտպան` Ռակըպ Զարաքոլու, Մասիս Քիւրքճիւկիլ եւ Մուսթաֆա Քահիա:
Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած Հնչակեան քսան ղեկավարներու յիշատակի ոգեկոչման մասին անդրադառնալով, Զարաքօլու փոխանցեց տեղեկութիւններ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կարեւոր ներդրումին մասին:
“Ընկերվարական շարժումի գոյութեան մասին առաջին անգամ լսած էի 1970ականներուն: Օսմանեան շրջանի առաջին ընկերվարականները հայերը եղած էին: Օսմանեան շրջանին մէջ ալ առաջին քաղաքական քայլարշաւներն ու ցոյցերը կազմակերպուած էին հայ ընկերվարականներու կողմէ: 1890ին Պատրիարքարանէն ելան ու քալեցին դէպի Պապ Ալի: Իթթիհատականները մօտաւորապէս 140 հայ ընկերվարականներ սպաննեցին: 15 Յունիս, 1915ին քսան հայ ընկերվարականներ Պայազիտի կեդրոնը դրուած կախաղաններու վրայ մահուան դատապարտուեցան: Փարամազը (Մատթէոս Սարգսեան) մեծ ազդեցութիւն ձգած էր ոչ միայն օսմանեան ընկերվարականներու, այլ նաեւ հայ համայնքին վրայ“, ըսաւ Զարաքօլու եւ յայտնեց, թէ յարգանքով կը խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ:
Բանախօս Մասիս Քիւրքճիւկիլ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան վարած քաղաքականութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործումը, Օսմանեան պետութեան բացասական վերաբերումը քաղաքական կուսակցութիւններու‘ մանաւանդ ձախակողմեաններու նկատմամբ: Ընկերվարական գործիչ Մուսթաֆա Քահիա քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործողները եւ այդ իրականութիւնը ժխտողները: Ան ընդգծեց Փարամազի դերին կարեւորութիւնը Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հաստատման եւ տարածման գործընթացին մէջ:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանած է կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկէրեան: “Եթէ քանի մը տարի առաջ ըսուէր, որ Պոլսոյ մէջ պիտի յարգուի Քսաններու յիշատակը, ատիկա խելամտութիւն պիտի համարուէր: Յոյսով ենք, որ այս նախաձեռնութիւնը կը վերածուի բարեկամութեան` յանուն արդարութեան, իրաւունքի եւ բարիի յաղթանակի մեծ երթին“, ըսաւ ան: Ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինը այս առիթով յատուկ գրքոյկներ պատրաստած է, որոնց մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Քսաններէն իւրաքանչիւր նահատակի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այս անձերուն հայերէնով ու թրքերէնով տպուած կենսագրութիւններուն կողքին, տեղադրուած էին անոնց պատկերները:

