ԾԽԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐ

Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, ան նախագահեց եկեղեցւոյ 56-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-յայտագրին։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տոքթ. Տիրան Պալըքեան։ Շնորհաւորական իր խօսքին մէջ, Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ Ռիչըրտ Քանարեան, գնահատեց համայնքին ծառայութիւնը։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր եկեղեցւոյ անդամներէն՝ Ճէյմզ Աբովեան, որ ուրուագծեց եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ինչպէս եւ անոր կնքահայրերուն ու առաջին հովիւին՝ լուսահոգի Արշակ Ա. Քհն. Տաղլեանի նուիրումը։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Մարտօ Գէորգեան (երգ) եւ Նշան Պալճեան (դաշնակ)։
Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան անդրադարձաւ տարեկան խորհրդածութեան կարեւորութեան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ՝ անցեալի ու ապագայի նկատառումով։
Իր փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւի անձնուէր ծառայութիւնը, որ ամենայն նախանձախնդրութեամբ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ կը ծառայէ համայնքին հոգեւոր, մարդկային ու ազգային պէտքերու մատակարարման։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգի երգեցողութեամբ։



