ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 59 Second

Միշտ ալ, ի մտի ու­նե­նա­լով հզօր հա­յու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը իր բազ­մա­թիւ ան­դամ­նե­րով եւ ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մով կը գոր­ծադ­րէ ծա­ռա­յե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

Արդ, Ա.Մ.Ն.-ի Արե­ւել­եան շրջա­նի 89րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը , ան­գամ մը եւս եկաւ  ցոյց տա­լու թէ Ջա­մալ­եան­նե­րու եւ Ակ­նու­նի­նե­րու հիմ­նած այս միու­թիւնը ինք­նա­նպա­տակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը չէ, այլ ստեղծ­ուած է ծա­ռա­յե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ օժան­դա­կե­լու, հաչս անոր ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թեան պահ­պան­ման: Իլի­նո­յի մէջ գու­մար­ուած այս ժո­ղո­վին ալ, հա­մա­հայ­կա­կան մտա­հո­գու­թիւն­ներ գե­րա­զան­ցե­ցին տե­ղայ­նա­կան հար­ցե­րը:

 Նմա­նօ­րի­նակ հա­մա­հայ­կա­կան ըմբռ­նո­ղու­թիւնն ու այդ գծով կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը կը մղեն Հ.Օ.Մ.-ի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւ զայն մաս­նա­կից կը դարձ­նեն սփիւռ­քա­հայ կեան­քի բազ­մա­կող­մա­նի պա­հանջ­նե­րուն:

Հայ ազ­գի հա­ւա­քա­կան ապա­գա­յի հա­ւատքն է, որ կ°ուղ­ղէ Հ.Օ.Մ.-ը դէ­պի ազ­գա­յին եւ հա­մաս­փիւռք­եան կո­չում: Առ այդ, հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան դժուար պայ­ման­նե­րուն, մէկ­դի դնե­լով առ­կայ ար­գելք­նե­րը, շրջանն իր գե­րա­գոյն ժո­ղո­վի բա­նա­ձե­ւե­րով կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տան­քը, գոր­ծադ­րե­լով կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ առողջա­պա­հա­կան բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ:

Այս­պէս, հայ ազ­գի հա­ւա­քա­կան ապա­գա­յի հա­ւատքն է, որ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կÿըն­ծա­յէ հա­մաս­փիւռք­եան չա­փա­նի­շով կշիռ, յար­գանք ու ծան­րու­թիւն պար­տադ­րող հան­գա­մանք եւ զայն կը զա­նա­զա­նէ տե­ղա­կան բնոյթ ու­նե­ցող սահ­մա­նա­փակ նպաս­տա­մա­տոյց հիմ­նարկ­նե­րէ:

Հպարտ իր պատ­կա­նե­լիու­թեամբ, Հ.Օ.Մ.-ու­հին ան­նա­հանջ եւ անվ­հատ, կը կա­տա­րէ իր ու­սե­րուն վրայ դրուած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը: Ի գին ամէն զոhողու­թեան  Հ.Օ.Մ.-ակա­նը կը դի­մագ­րա­ւէ բո­լոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, որոնք առն­չու­թիւն ու­նին հայ նե­րազ­գա­յին կե­ան­քի իրա­կա­նու­թեան հետ: Հե­տե­ւա­բար այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, կեն­սա­կան եւ առաջ­նա­հերթ դեր վե­րա­պահ­ուած է հայ­կա­կան իրա­կա­նու­թե­նէն ներս գոր­ծող այս կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ու­նի հա­մաս­փիւռք­եան բնոյթ, ցանց, գոր­ծու­նէ­ու­թեան դաշտ եւ կո­չում:

Հա­մա­հայ­կա­կան լու­սար­ձա­կի տակ, Հ.Օ.Մ.-ը կը վա­յե­լէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ վա­յե­լել յար­գանք ու վստա­հու­թիւն, միշտ ալ գե­րա­դա­սե­լով ծա­ռա­յե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles