ԽՕՍԻՆՔ ՆՊԱՐԱՎԱՃԱՌԱՅԻՆ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԵՆԷ ԱՆԴԻՆ՝ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ ԵՒ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔԻ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

Armenia_

Յ. Պալեան

 Մարտ 11,  2015      

Աշխարհ պիտի չքանդուի անոնց կողմէ որ չարիք կը գործեն,

այլ անոնց կողմէ որ զանոնք կը դիտեն առանց  ոչինչ ընելու:

Ալպէր Այնշթայն

 

Զարմանալի չէ, նոյնիսկ ուրախալի է, որ այս օրերուն ամէն ոք կը խօսի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿի մասին, կը խօսին նոյնիսկ անհեթեթութիւններ ըսելով, օրինակ, տոքթորականի մէջ որպէս իմաստութիւն եզրակացնելով, որ թող ըլլայ ճանաչում-ներողութիւն եւ մենք ալ թողութիւն տանք: Կ’ըսուի նաեւ, որ բռնագրաւեալ Հայաստանը եթէ տան անգամ հոն գացող չ’ըլլար: Կը գումարուի անորոշ բովանդակութեամբ պահանջատիրութիւն-հատուցումը: Եւ թեւ կրնան առնել սրճարանային զրոյցները, ժողովները, բեմերու բարձրախօսները:

Եթէ այդ հողերը տրուին անգամ հոն գացող չ’ըլլար: Այս խօսքը կրնայ ըսել միայն հոգեպէս պարտուած հայը, կրնան ըսել հոգեպէս պարտուած եւ քաղաքականօրէն տգէտ հայերը, անհատական կացութիւնը շփոթելով ազգային իրաւունքի հետ, հայրենիքը նպարավաճառի կրպակի հետ: Ամերիկայի կամ Պրազիլի մէջ մեծ հողատէրեր կան, բայց ոչ Ամերիկան ոչ ալ Պրազիլը կը պատկանին անհատներուն: Ցաւալի է, որ արդէն կ’ըսուի թէ հոն գացող չ’ըլլար, բայց աւերող տխրութիւնը ազգը չի զրկեր իր իրաւունքէն: Հայրենիքի Հողը չի տրուիր անհատներուն, հողին գործածութեան իրաւունք կը տրուի անհատին, քաղաքացիին, ազգի անդամին, նոյնիսկ օտարին: Իսկ հայրենիքի տարածքի տիրութեան իրաւունքը այլ մակարդակի խնդիր է, ան ազգապատկան է, ազգի ինքնութիւն է, ազգի պատմութիւն է, ազգի ապագայ է:

Զոհերու յիշատակը յարգել լաւ բան է, բայց հարց լուծող վերաբերում չէ, իսկ հարցը բռնագրաւուած Հայաստանն է:

Բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան պահանջը իրաւունքի հետապնդում է, որպէսզի հայոց երկիրը իր ամբողջութիւնը վերագտնէ:

Ինչ որ հռետորական եւ ցուցադրական եղանակով կոչեցինք հարիւրամեակ արդէն կը շարունակէ նախորդ ընթացիկ տարիներու իրարանցումները, կրկին գիտաժողով, կրկին ճաշկերոյթներ, կրկին հանդէսներ եւ հանդիսութիւններ, երգ, երաժշտութիւն եւ պար, ոչ ոք բացակայ է, ամէն ոք իր շնորհները պիտի ցուցադրէ, շատ բան չնշանակող յայտարարութիւններ, եղած կամ ակնկալուած: Կրկին պիտի յուզուինք յիշատակի համար տողանցողներու մեծ կամ փոքր համրանքով: Յետո՞յ…

Ընկեցիկի հոգեբանութեամբ աշխարհի մեծերու եւ նուազ մեծերու «սրտի խօսք»ով կը շարունակենք երջանկանալ: Նոյնիսկ եթէ համայն աշխարհ յայտարարէ, որ ցեղասպանութիւն գործուած է հայ ժողովուրդին դէմ, ի՞նչ պիտի փոխուի հայ ազգին համար, որ հունէն դուրս նետուած է:

Այդ հունը հայու հայրենիքն է, ուրկէ հայը հայրենահանուած է:

Ազգային-քաղաքական վերաբերում ունի՞նք, պիտի ճշդե՞նք մեր նախաձեռնութիւններու արժեւորման համար:

Ազգային-քաղաքականութեան լոյսին տակ պիտի արժեւորե՞նք զօրակցական համարուած յայտարարութիւնները եւ կեցուածքները: Այդ զօրակցական հոգեպարար արտայայտութիւններուն մէջ պիտի գտնե՞նք այն հիմնարար պատճառը՝ որուն համար ցեղասպանութիւն գործուեցաւ, որուն համար հայրենահանման ենթարկուեցանք:

Պիտի հրճուինք տեսնելով, որ այս կամ այն կարեւոր կամ նուազ կարեւոր անձնաւորութիւնը Ապրիլ 24-ին, անկէ առաջ կամ վերջ, հայկական եկեղեցին պիտի գայ եւ ներկայ պիտի ըլլայ հոգեհանգստեան պատարագի մը: Այդ յարգանքի ներկայութիւնը պատմութիւնը պիտի վերադարձնէ՞ իր հունը: Պիտի ծառայէ՞ իրաւունքի վերականգնումի:

Աւելի պարզ. 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները ակնկալուած մխիթարութենէ կամ սգատօնային-ցուցադրական յուզումներէ տարբեր տեսակարար արժէք պիտի ունենա՞ն:

Այդ տարբերը ինչպէ՞ս պիտի սահմանուի: Սահմանող կա՞յ: Սահմանում՝ որ 100-ամեակի ինքնգոհութիւն պատճառելու կոչուած իրարանցումներու չափուած-ձեւուած շրջանակէն դուրս գայ:

Այդ շրջանակէն դուրսը պարզ բանաձեւում ունի. ՀՈՂԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔ: Առանց այդ զոյգի առաջնահերթութեան, մնացեալը կարելի է դասել շօ-պիզնեսի գլխուն տակ: Իրաւ յանձնառութիւնները այդ զոյգով միայն կ’իմաստաւորուին եւ այդ զոյգով կը չափուին: Այդ զոյգէն դուրս կը մնան շահախնդրութիւնները եւ շաբաթավերջի զուարճութիւններրը, տեղայնութիւնները, բան չնշանակող ճառերը:

100-ամեակի նախաձեռնութիւններու պաստառներուն վրայ պիտի գրե՞նք, մէկուկէս միլիոնի կողքին՝ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔ:

Առանց ՀՈՂԱՀԱՒԱՔի ԵՒ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔի Շէքսփիր կը բեմադրենք. Բազում աղմուկ վասն ոչինչի…

Այսքան ճշմարտութիւն պարտական ենք մեր ժողովուրդի ապագային…

Այսքանը պիտի ըսե՞նք նաեւ Հայկական Հարցով մեզ սիրողներուն, որոնք կը շարունակեն մեզ դիտել եւ օրօրել առանց ոչինչ ընելու, շարունակելով քանդումը: Կրկին կարդալ Այնշթայնը եւ դիտել մեր շուրջի աղմկարարները…

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles