Լրահոս

Խորհրդաժողով` «Հակառակորդի Ռազմաքաղաքական Մարտավարութիւնն Ու Մեր Կատարելիքները»


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր կատարելիքները» նիւթով խորհրդաժողով:
Սեպտեմբեր 4-ին «Անի Փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններէ, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, փորձագէտներ, Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներ եւ լրագրողներ: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Ազգային ժողովի .Հ.Յ.Դ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ ուրիշներ:
Զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արտակ Զաքարեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեանն ու Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործադիր բաժինի պետ, գնդապետ Վիքթոր Առուստամեանը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ խորհրդաժողովի անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ պատերազմի մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնած ըլլալով պարտաւոր ենք նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոր քայլերու ձեռնարկած է, որպէսզի Արցախը գործակցի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքներուն հետ, ինչ որ պիտի նշանակէ Արցախի մասամբ ճանաչում», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Այդ մէկը, անշուշտ, ունի քաղաքական նշանակութիւն ու կարեւորութիւն: Ատիկա Ատրպէյճանի մէջ պիտի ստեղծէ հոգեբանական մթնոլորտ, որ զայն պիտի մղէ նոր հակազդեցութիւններու: Կը կարծեմ, թէ ատիկա Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ ձեռնարկուած ճիշդ նախաձեռնութիւն է, զոր պէտք է քաջալերել»: Ըստ անոր, նման ճանաչում կամ գործակցութիւն դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ միջազգային մակարդակի վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button