
ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
“Արդ, եթէ մահկանացու հրամանատարի մը համար այնպիսի քաջագործութիւններ կը կատարէինք, որչա՜փ աւելի եւս պէտք է կատարենք մեր Անմահ Թագաւորին համար, որ Տէրն է ողջերուն ու մեռածներուն”:
Վարդան Մամիկոնեան
Առանցքային դէպք մը հայոց պատմութեան փառաւոր էջերուն մէջ, որ իր էութեամբ թարգմանը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի նկարագրին, կամքին ու կապուածութեան, իր հաւատքին ու ազգին, որպէս կեանք ունեցող, կեանքին հաւատացող ու կեանքին համար պայքարող հաւաքականութիւն:
Երբ կը խօսինք կամ կը խորհրդածենք Վարդանանքի իրողութեան շուրջ, հոն կը գտնենք միայն ու միայն նահատակութեան, անձնազոհութեան ու մարտիրոսութեան գաղափարաբանութիւն:
Վեհ իտէալներու եւ արժէքներու հանդէպ խոր գիտակցութիւն, ճշմարիտ հաւատարմութիւն, որ առաջնորդեց մեր ժողովուրդի քաջազուն զաւակները Աւարայրի դաշտ, զայն ներկելու համար կարմիր ու անխարդախ արիւնով` քրիստոնեայ ու հայ արիւնով:
Ազգեր ու ժողովուրդներ եթէ կան ու կը գոյատեւեն, անոնք կը պարտին իրենց նախնեաց, անոնց ոգիին ու թողած աւանդին: Առանց Պատմութեան ռահվիրաներուն, զուրկ է պատմութիւնը իր խորքէն ու իմաստէն: Պատմութիւնը չի կերտուիր դարերու եւ տարիներու գումարով միայն, այլ զայն արժեւորող, լեցնող ու հետք ձգող անհատներով, քաջերով ու մեծերով: Իսկապէս Մեծեր էին անոնք, որոնք ներկեցին այդ պատմութիւնը իրենց մաքուր արեամբ:
Պատմականօրէն իրողութիւն դարձած ու լայնածաւալ դէպք եղող Վարդանանքը, մինչեւ այսօր կը ներշնչէ մեզ, որպէս հայկազնեան ժողովուրդ, լաւապէս դիտելու ու ճանչնալու մեր նախնիները, մենք զմեզ տեսնելու յարաբերաբար իրենց ու իրենց կատարած աշխատանքին, գործունէութեան ու նահատակութեան:
451, Մայիս 26… Շաբաթ օր լուսցող առաւօտը, Հոգեգալուստի տօնին շաբթուան մէջ: Պահ մը երեւակայենք այդ օրուան առաւօտը, որ պիտի ճշդէր մեր ազգի ու եկեղեցւոյ անմիջական եւ գուցէ վերջնական ապագան եւ հետեւցնենք թէ ի՞նչ իրավիճակ գոյութիւն ունէր մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ:
Ամէն մարդ տուն ու տեղ թողած, կնոջ ու զաւկի հրաժեշտ տուած, մօր ու հօր օրհնութիւնը ստացած, ահաւասիկ կը փութայ հասնելու Աւարայրի դաշտ, Տղմուտ գետի ափ, Վասպուրական մեր նախնեաց գաւառ – որ կը գտնուի ներկայ Պարսկաստանի Մաքու շրջանի հարաւ- արեւելքը – Մեծն Վարդան հայոց սպարապետի լէգէոնին մաս կազմելու, հայ ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու, ընդդէմ հեթանոսութեան եւ կռապաշտութեան ստաբարոյ կենցաղին:
Չարին մարմնացումը եղող թշնամիին զօրքին ու միւս կողմէ Արդարութեան որդիներու զօրքին միջեւ աներեւակայելի թուային տարբերութիւն մը գոյութիւն ունէր, երկու հարիւր հազարէ աւելի զօրք ընդդէմ մօտաւորապէս վաթսուն հազարի… սակայն հայուն համար ե՞րբ թիւը անհրաժեշտութիւն եղած էր ու եղած է: Փաստը մէջտեղ է այսօր, քանի մը միլիոն հաշուելով, կը գոյատեւենք մեր թիւին հազարապատիկը հաշուող ժողովուրդներու եւ ազգութեանց մէջ:
Հայը միայն իր որակով ու ոգիով կրնայ թուագրուիլ, Հայը իր շնորհքով ու տիրական ներկայութեամբ միայն կրնայ թուագրուիլ, Հայը իր հաւատքի զօրութեամբ ու ազգային գիտակցութեամբ միայն կրնայ թուագրուիլ, Հայը իր կամքով ու տարած աշխատանքով միայն կրնայ թուագրուիլ:
Ասոնք են մնայունը, եւ այլք գնայուն:
Եղան դաւաճաններ, Վասակներ, ինչպէս միշտ ու ամէնուրէք, սակայն դաւաճանները չեն որոնք կ՛որոշեն ազգի մը ապագան: Դաւաճանները կու գան ու կ՛երթան, մնալով միայն պատմութեան սեւ էջերուն մէջ, միշտ կրելով նախատինքը յաջորդող սերունդներուն, սպասելով Աստուծոյ արդարութեան: Դաւաճանները երբեք չեն տկարացներ մեր ազգային ու կրօնական երթը, այլ միայն կրնան մրոտել պատմութեան զզուելի էջերը: Դաւաճանները իրենք զիրենք կը ծախեն, այնպիսի աժանութեամբ, որ իրենց արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընելով, կը հենին միայն նիւթական արժէքներու, վաղանցուկ իրականութիւններու` ինքնախաբէութեան: Դաւաճանները կը մնան վախկոտ, արդարութեան թշնամի եւ իրականութիւնը եղծող անհոգի էութիւններ:
Պատերազմը արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պաշտպանելու համար էր, անարդարութիւնն ու ստութիւնը չէին կրնար իշխել մեր ժողովուրդի ազատատենչ ու քաջ կամքին վրայ: Ուստի անպայման պատերազմ էր պէտք, այնպիսի պատերազմ, որուն մէջ բաժին ունեցան թէ ազգի հոգեւորականները եւ թէ աշխարհական մարտիկները: Պատերազմը կրօնական ու ազգային պատերազմ էր, պատերազմը շօշափելի եւ աներեւոյթ պատերազմ էր, շօշափելի չարին եւ աներեւոյթ չարին դէմ պատերազմ:
Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք, կը տօնախմբուին նոյն շաբթուան մէջ, ի նշան հայ ժողովուրդի անքակտելի կրօնական ու ազգային միութեան: Միութիւն մը, որ չլուծուեցաւ պատմութեան մէջ, մինչեւ այսօր մնալով ուժեղ միութիւն, ապագայի հեռանկարով ու խոստումով: Շատեր փորձեցին խանգարել, քանդել կամ տկարացնել, սակայն միշտ ու միշտ իրենց դիմաց տեսան պայքարող եւ կամքի տէր ժողովուրդ, ուստի չյաջողեցան: Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք եւս հանդիսացան այն սուրբերն ու հերոսները, որոնք իրենց արեան գնով կասեցուցին մեր ձուլումն ու քանդումը:
Ղազար Փարպեցի եւ Եղիշէ մեծ պատմիչները, լայն ու մանրամասն կերպով ներկայացուցած են սոյն պատերազմը, որ այնքան մեծ ներշնչում կը պատճառէ ու միեւնոյն ատեն պատասխանատուութեամբ ու բարձր ազգային ու եկեղեցական լինելութեան գիտակցութեամբ կ՛ըմբոշխնէ մեզ:
Պատերազմը իր բնոյթով ու նկարագրով ահռելի ու անբացատրելի էր… Ինն զօրավարները գլխաւորութեամբ Վարդան Մամիկոնեանին, նահատակուեցան իրենց զօրականներուն հետ, հաշուելով մօտաւորապէս 285 անձ: Մօտաւորապէս 750 հայեր եւս պարտաւորուեցան ցրուիլ եւ տարածուիլ չորս կողմ, որոնք սրակոտոր դարձան ու փիղերու կողմէ կոխկրտուեցան… ընդհանուր նահատակներուն թիւը հասաւ մօտաւորապէս մինչեւ 1035-1036: Նահատակուող զօրավարները հետեւեալներն էին.- Վարդան Մամիկոնեան, Խորէն Խորխոռունի, Արտակ Պալունի, Տաճատ Գնթունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Ներսէհ Քաջբերունի, Վահան Գնունի, Արսէն Ընծայենի եւ Գարեգին Սրուանձտեան:
Վերջին գիշերը, հայկական բանակը իր ժամանակը անցուց եկեղեցական արարողութիւններ կատարելով, չափաւոր ուրախութեան ու զուարճութեան պահեր ունենալով: Անկէ ետք, բոլոր գիշերը աղօթեցին ու խրախուսիչ քարոզներ ունկնդրեցին, որոնք կ՛ամրապնդէին իրենց հաւատքն ու նահատակութեան ոգին, պատրաստուելու համար մարտիրոսութեան պսակին արժանանալու: Ղեւոնդ երէց Վանանդեցին, Յովսէփ կաթողիկոս Հողոցմեցին եւ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան, գլխաւոր ճառերն ու քարոզները կատարեցին, որոնց մէջ կը տեսնենք միայն արդարութիւն, ճշմարտութիւն, հաւատք ու կամք:
Առաւօտ կանուխ, կրկին անգամ աղօթք կատարուեցաւ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ բոլոր բանակը հաղորդուեցաւ: Ան որ չէր մկրտուած, արժանի դարձաւ քրիստոնէական մկրտութեան: Բոլորը այսպիսով պատրաստ էին թէ հոգեպէս ու թէ մարմնապէս պատերազմելու, անվախօրէն մեկնելու այս աշխարհէն, մտքի ու հոգիի հանգստութեամբ:
Այսպէս կը խրախուսէր Վարդան. “Ո՜վ քաջեր, մեզի համար մեծ շնորհք մըն է ասիկա, զոր Աստուած մեր բնութեան միջոցաւ կատարեց եւ որուն մէջ մեծապէս կ՛երեւի Իր զօրութիւնը”, “Հեթանոսներու բազմութենէն չ՛երկնչինք ու չվախնանք եւ մահկանացու մարդու ահագին սուրին դէմ թիկունք չդարձնենք, որպէսզի եթէ Տէրը մեր ձեռքը տայ յաղթանակը` ոչնչացնենք անոնց զօրութիւնը”:
Վարդանանք կրնային յանձնուիլ ու առանց նահատակուելու կամ նեղութեանց մատնուելու, հրաժարիլ իրենց հայութենէն ու քրիստոնէութենէն: Անոնք կրնային իրենց անձնական կեանքին ու ժամանակաւոր հանգիստին համար խնայել իրենք զիրենք, յանձնուելով չարին, ուռանալով իրենց կրօնքն ու ազգութիւնը: Սակայն անոնք նահատակուեցան ու կարչած մնացին իրենց ունեցած գանձերուն, որպէսզի այսօր մենք ապրինք ու գոյատեւենք որպէս անոնց արժանաւոր սերունդները: Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի մենք ողջ մնանք որպէս ազգ եւ կանգուն մնանք որպէս եկեղեցի: Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի մենք այսօր եւս սորվինք պայքարիլ ի խնդիր արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Անոնք քաջաբար կռուեցան, որպէսզի մենք ալ սորվինք վախկոտ չըլլալ ու չամչնալ մեր ինքնութեամբ ու պատկանելիութեամբ:
Վարդանանք հետեւեցան Քրիստոսի խօսքերուն, անոնք կատարեցին Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած կենաց խօսքերը, արժանի դառնալով յաւիտենական կեանքի խոստումին: Անոնք հնազանդելով Քրիստոսի ցուցմունքներուն, թէ “Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ` երբ գայ իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ” (Մր 8.38): Հաւատացին թէ մարմնաւոր մահը չէ իսկական մահը, այլ ան որ հոգիով մահացած է, ան է իսկական մեռածը:
Անոնք որդեգրեցին սքանչելի հաւատքէ բղխած հիմնաւորումը, թէ Իմացեալ մահը անմահութիւն է…: Որքա՜ն վեհ ու մեծ հաստատում, որ խորքը կազմեց այդ պատերազմին: Վարդանանքին յաջորդեցին շատ մը նոյնանման պատերազմներ ու դէպքեր, որոնք նոյն հիմնաւորումով ու հաւատքով ընթացան ու յաղթանակներ արձանագրեցին:
Այսօր մենք ալ որպէս հաւաքականութիւն ու շառաւիղը Վարդանանքի, շատ բան ունինք սորվելիք ու կատարելիք, չի բաւեր միայն յիշել, տօնախմբել, հպարտանալ եւ միայն, այլ անհրաժեշտ է որ հետեւինք մեր նախնեաց աւանդին, անհրաժեշտ է ունենալ նոյն գիտակցութիւնն ու բծախնդրութիւնը հանդէպ մեր անգին արժէքներուն, որոնք շատ յաճախ արեամբ պահուած ու ետ բերուած են:
Վարդանանքի յարատեւութեան ու կամքի ոգին թող ողողէ մեր ազգի իւրաքանչիւր զաւակի սիրտը, հոգին ու զգացումը, զայն վերածելու համար գործի, աշխատանքի ու կեանքի: