ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ԳԻՏՆԱԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, ՆՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:12 Minute, 17 Second

P 7 Der KarekinԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՊԵ­ՏՈՒՐ­ԵԱՆ

 Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Պե­տուր­եան (աւա­զա­նի անու­նով Հրայր), ծնած է 1983-ին, Քե­սապ: Նախ­նա­կան կրթու­թիւնը ստա­ցած է «Քե­սա­պի Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­սի­րաց Մի­աց­եալ Վար­ժա­րանեէն ներս:

1995-ին յա­ճա­խած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպրե­վան­քը, ուր ին­նամ­եայ հա­յա­գի­տա­կան, կրօ­նա­գի­տա­կան ու աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ու­սում ստա­ցած եւ աւար­տած է 2004-ին:

Եղած է ան­դամ եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ «Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ճե­մա­րան­նե­րու խոր­հուր­դին (ATIME)ե. Մաս­նակ­ցած է զա­նա­զան կրօ­նա­կան եւ  երի­տա­սար­դա­կան հա­մա­գու­մար­նե­րու (Կիպ­րոս, Սուր­իա, Եգիպ­տոս, Յոր­դա­նան, Լի­բա­նան):

Եր­կու տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րած է Լի­բա­նա­նի Ազ­գ. Առաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս:

2005-2008 Եղած է Դպրա­պետ ու երգ­չա­խում­բի խմբա­վար, Էշ­րէֆի­է­յի Սուրբ Յա­կոբ Եկե­ղեց­ւոյ (Պէյ­րութ):

Կա­տա­րած է Կի­րակ­նօր­եա­նե­րու եւ երի­տա­սարդ­նե­րու Սուրբ Գիր­քի սեր­տո­ղու­թիւն եւ միջ- դպրաց դա­սե­րու ծի­սա­գի­տա­կան եւ շա­րա­կա­նա­գի­տա­կան դա­սըն­թացք­ներ:

2006-2008 հե­տե­ւած է Հով­ուա­կան եւ Տե­սա­կան Աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան «Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան Ճե­մա­րանեէն (NEST) ներս:

Հոկ­տեմ­բեր 2008-ին, Օրի­որդ Սե­ւան Հա­նէշ­եա­նի հետ կազ­մած է իր ըն­տա­նե­կան բոյ­նը:  Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Ս. Արք. Չօ­լոյ­եա­նի ձե­ռամբ Քա­հա­նայ ձեռ­նադր­ուած ու օծ­ուած է 8 Մարտ 2009ին, Քե­սապ, վե­րա­կոչ­ուե­լով Գա­րե­գին Քա­հա­նայ, ի յի­շա­տակ հա­մա­գիւ­ղա­ցի Երա­նաշ­նորհ Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կի­լիկ­իոյ ապա Գա­րե­գին Ա. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին:

Այժմ Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Պե­տուր­եան, իր հով­ուա­կան ծա­ռա­յու­թիւնը կը բե­րէ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մէն ներս: Հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով, «Խո­հեր եւ Խորհր­դա­ծու­թիւն­ներե սիւ­նա­կի տակ, Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Պե­տուր­եան պի­տի աշ­խա­տակ­ցի «Հայ­րե­նիքեին հետ:

 

Ժա­մա­նա­կը պատ­մու­թիւն է, պատ­մու­թիւնը ներ­կա­յով կեան­քի կու գայ ու կը  մեկ­նա­բան­ուի, ներ­կան պատ­մու­թիւն ըլ­լա­լու կը սպա­սէ, մի­ա­ժա­մա­նակ ըլ­լա­լով պատ­մու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը, իսկ ապա­գան կը սպա­սէ ներ­կա­յին, որ երբ աւար­տի ինք սկսի պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ լուծ­ուիլ:

        Մարդ­կա­յին կեան­քը ըն­դե­լուծ­ուե­լով պատ­մու­թեան մէջ, եկած ըլ­լա­լով պատ­մու­թեան խո­րե­րէն, կը մեկ­նա­բա­նէ պատ­մու­թիւնը իր ներ­կա­յով: Մարդ արա­րա­ծը միշտ իր ար­ժէ­քը գտած է իր պատ­մու­թեան մէջ, շա­տեր պատ­մու­թեան ոս­կե­տառ էջե­րուն մէջ կը գտնեն իրենց ինք­նու­թիւնը, իսկ շա­տեր ալ պար­տա­ւոր­ուած կþըլ­լան ըն­դու­նե­լու իրենց պատ­մու­թեան սեւ էջե­րը, որոնք իրենց նախ­նի­նե­րու ձեռ­քով գրուած են, ու բնա­կա­նա­բար կը դառ­նան ու­ռա­ցող­նե­րը այդ պատ­մու­թեան, զայն նկա­տե­լով ոչ ան­պայ­ման ճշմա­րիտ: Սա­կայն կրնայ ըլ­լալ շա­տեր տես­նեն իրենց ազ­գի պատ­մու­թեան խո­տոր էջե­րը եւ հա­մա­ձայն գտնուե­լով այդ սխալ­նե­րուն, փոր­ձեն զա­նոնք սրբագ­րել:

        Գա­լով Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան պատ­մու­թեան, կրնանք հա­մար­ձա­կօ­րէն ըսել, թէ շատ քիչ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մօտ կը գտնենք նման մեր պատ­մու­թեան, որ ինք­նին հա­րուստ ու այն­քան դաստ­ի­ա­րա­կիչ պատ­մու­թիւն մըն է, որ իր մե­ծու­թեամբ ու ար­ժէ­քով, մին­չեւ այ­սօր կը մնայ շա­տե­րը ներշն­չող, դաստ­ի­ա­րա­կող ու առաջ­նոր­դող երե­ւոյթ: Հայ ազ­գի պատ­մու­թիւնը իւ­րա­յա­տուկ է իր բնու­թեամբ, հանգր­ուան­նե­րով ու այն­տեղ ար­ձա­նագր­ուած եղե­լու­թիւն­նե­րու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով: Ան­պայ­ման զայն պէտք է սեր­տել, ու­սում­նա­սի­րել եւ կա­րե­ւոր դէպ­քերն ու դէմ­քե­րը լա­ւա­պէս ճանչ­նա­լով, ապ­րիլ ներ­կան ու կեան­քի բե­րել անց­եա­լը: Պատ­մու­թիւնը կը կերտ­ուի ռահ­վի­րա­նե­րով ու մեծ նկա­րագ­րի տէր մար­դոց­մով, այն­պի­սի մար­դիկ, որոնք իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ձգած կþըլ­լան պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ:

Մեր պատ­մու­թիւնը ու­նի եր­կու զու­գա­հեռ, որով­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը իմաս­տա­ւոր­ուած է իր ազ­գա­յին եւ եկե­ղե­ցա­կան գո­յու­թեամբ, մէ­կը միւ­սը լրաց­նող, իմաս­տա­ւո­րող, ծաղ­կեց­նող ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծող: Եթէ լաւ թեր­թա­տենք մեր պատ­մու­թեան էջե­րը, հոն պի­տի տես­նենք մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւնը եր­կու տար­րե­րուն, որ իրենց մէ­կու­թեամբ կը հասկց­ուի միայն:

Ազգ եւ Եկե­ղե­ցի…

Եր­կու իրա­կա­նու­թիւն­ներ, որոնց մէջ հայ ան­հա­տը կը գտնէ իր ինք­նու­թիւնը, անց­եա­լը, ներ­կան եւ ապա­գան: Եր­կու իրա­կա­նու­թիւն­ներն ալ ու­նին իրենց եր­կար ու խոր պատ­մու­թիւնը, որոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ըն­դե­լուծ­ուած են իրար հետ եւ  իրա­րու հա­մար: Այս եր­կու օր­րա­նե­րուն հան­դէպ ու­նե­նա­լիք մեր յար­գան­քը, սէրն ու ար­ժե­ւո­րու­մը շատ կա­րե­ւոր եւ էա­կան են մեր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս մեր գո­յու­թեան երաշ­խիք­նե­րը: Մեր դա­րա­ւոր ազգն ու եկե­ղե­ցին պատ­մու­թեան շատ մը հանգր­ուան­նե­րուն մէջ ան­ցած են ճգնա­ժա­մա­յին իրա­վի­ճակ­նե­րէ, հար­ցա­կա­նի տակ առ­նե­լով անոնց յա­րա­տե­ւու­թիւնն ու գո­յու­թիւնը:

Սա­կայն մեր Աստ­ուա­ծըն­տիր ժո­ղո­վուր­դը ու անոր ազ­գա­յին ու եկե­ղե­ցա­կան կա­ռոյ­ցը դա­րեր շա­րու­նակ կը պա­հէ իր տի­րա­կան գո­յու­թիւնը, որ­պէս օրի­նա­կե­լի ազգ ու եկե­ղե­ցի: Այդ մէ­կը կը պահ­ուի ու կը նա­խախ­նամ­ուի ամէն բա­նէ առաջ մեր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, այն սե­րունդ­նե­րուն, որոնց ներ­կա­յու­թեամբ միայն կա­րե­լի է ար­ժե­ւո­րել ու յի­շել մեր պատ­մու­թիւնը: Ու­րեմն երբ մե­զի հա­մար կը պահ­ուի, մենք ալ պարտք ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն պէտք է զգանք, մե­զի վստահ­ուած ու մե­զի հա­մար գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ազ­գին ու եկե­ղեցի­ին խնամք տա­նիլ, աճեց­նել, ճո­խաց­նել, տէր ըլ­լալ ու մեր կար­գին մեր բա­ժի­նը ու­նե­նալ մեր ազ­գին ու եկե­ղեցի­ին առա­ւել պայ­ծա­ռաց­ման ու բար­րօր­ման:

 Բա­ւա­րար չէ միայն հպարտ ու զօ­րա­ւոր զգալ մեր պատ­մու­թեամբ, այլ այդ պատ­մու­թիւնը ամէն բա­նէ առաջ լաւ սեր­տել ու լա­ւա­տեղ­եակ ըլ­լալ բո­լոր ան­ցու­դար­ձե­րուն, որ­պէս­զի այդ բո­լո­րը գիտ­նա­լով շա­ռա­ւի­ղը պահ­ուի ու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ սե­րունդ­նե­րուն մի­ջեւ: Հարկ է շատ լաւ հասկ­նալ ու սոր­վիլ մեր նախ­նի­նե­րուն մտա­ծե­լա­կեր­պը, հո­գե­կան ապ­րում­նե­րը, գո­յու­թե­նա­կան բնազ­դը ու յա­րա­տեւ­ման սքան­չե­լի ոգին, որ­պէս­զի անոնց շուն­չով ու աւի­շով կա­րե­լի դառ­նայ նոր պատ­մու­թիւնը կեր­տել, յար­գե­լով հի­նե­րը ու անոնց տա­րած աշ­խա­տան­քը:

Զգա­լի է որ նուա­զած է թիւը այն մար­դոց, որոնք պա­տաս­խա­նա­տու ու բծախն­դիր ոգի­ով կը մօ­տե­նան մեր ազ­գա­յին ու եկե­ղե­ցա­կան գո­յա­տեւ­ման ար­շա­ւին: Պատ­ճառ­նե­րը շատ յա­ճախ ոչ հասկ­նա­լի, որով­հե­տեւ երբ կը տես­նենք նուիր­եալ ան­ձեր, որոնք ոգի ի բրին կþաշ­խա­տին մեր ազ­գա­յին ու եկե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս, հա­ւա­տա­լով անոնց մե­ծու­թեանց, ու­րեմն կա­րե­լի կը գտնենք այդ նպա­տա­կի գո­յու­թիւնը, այ­լա­պէս ին­չու միայն որոշ հատ­ուած մը պի­տի ստանձ­նէ այդ գոր­ծը: Այո շա­տեր կրնան յու­սա­հա­տիլ զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով, որոնք նոյ­նիսկ այ­սօր կը խա­թա­րեն մեր ազ­գա­յին ու եկե­ղե­ցա­կան կեան­քե­րը, սա­կայն այս երե­ւոյթ­նե­րը բնա­կան են ու պարզ, երբ զա­նոնք դի­տենք յա­րա­բե­րա­բար անց­եա­լի պա­տա­հար­նե­րուն, որոնք նոյն­պէս սպառ­նա­ցած են մեր գո­յու­թեան: Պատ­մու­թիւնը ամէն բան կը յի­շէ, ուս­տի լաւն ու վա­տը պի­տի յիշ­ուին մի­աս­նա­բար… սա­կայն մարդ արա­րա­ծը իր Աստ­ուա­ծա­յին պատ­կե­րի բա­րու­թեամբ ու սրբու­թեամբ, միշտ կը յա­րի ու կը գնա­հա­տէ պատ­մու­թեան այն էջե­րը, որոնք ադա­ման­դի ար­ժէք ու­նին միայն:

Ամէն մարդ ինք­նին պատ­մու­թիւն մըն է իր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կին հա­մար, շա­տեր կը մնան իրենց ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ, միշտ յի­շա­տակ­ուե­լով ու բա­րի օրի­նա­կով միշտ ներշն­չե­լով այդ ըն­տա­նի­քի սե­րունդ­նե­րը: Շա­տեր ալ կան, որոնք իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը կը թո­ղուն աւե­լի լայն շրջա­նակ­նե­րու մէջ, իրենց հա­մայ­նա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ կու գան լեց­նե­լու ազ­գի ու եկե­ղեցիի պատ­մու­թեան էջե­րը: 

Մենք ապ­րե­լով հան­դերձ սփիւռք­եան զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ներս, առա­ւել եւս պար­տա­ւոր ենք բծախնդ­րու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ մօ­տե­նա­լու մեր ազ­գի ու եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան: Ուր որ ալ գտնուինք, մեր ժա­մա­նա­կէն մաս մը տրա­մադ­րե­լու ենք սեր­տե­լու մեր պատ­մու­թիւնը, կար­դա­լու անոր թան­կար­ժէք էջե­րը ու այդ պատ­մու­թեան փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ, դի­տենք մեր ներ­կան, տես­նենք  մեր շրջա­պա­տը, հասկ­նանք կա­ցու­թիւն­նե­րը ու անոնց հի­ման վրայ դառ­նանք նոր պատ­մու­թիւն կեր­տող­ներ, լաւ ու վեհ պատ­մու­թիւն կեր­տող­ներ:

Եթէ պատ­մու­թիւնը չպա­հէր Քրիս­տո­սի աւան­դը ու մեր եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թիւն­նե­րը, կաս­կա­ծե­լի էր մեր եկե­ղեց­ւոյ գո­յու­թիւնը ցայժմ: Եթէ չըլ­լա­յին առաք­եալ­ներն ու սուր­բե­րը, որոնց հա­ւատ­քին ու նա­հա­տա­կու­թեան շնոր­հիւ կþապ­րի քրիս­տո­նէ­ա­կան սուրբ հա­ւատ­քը մեր մէջ եւ մեր բո­վան­դակ ազ­գը կը վա­յե­լէ մեր սուրբ հա­ւատ­քի բիւր օրհ­նու­թիւնն ու պահ­պա­նու­թիւնը: Եթէ պատ­մու­թիւնը չպա­հէր մեր ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան այն­քան մեծ դէմ­քերն ու դէպ­քե­րը, որոնց ար­եան հե­ղու­մով շատ յա­ճախ ներկ­ուե­ցան մեր պատ­մու­թեան էջե­րը, թէ­ա­կան պի­տի դառ­նար մեր լի­նե­լու­թիւնը: Եթէ անոնց ոգին ու հա­ւատ­քը ի գործ չդրուէր հան­դէպ սուրբ հո­ղի ու հայ­րե­նի­քի, կրկին ան­գամ կաս­կա­ծի պի­տի են­թարկ­ուէր մեր գո­յու­թիւնը:

Ուս­տի այ­սօր այդ դաշ­տը մերն է, այդ աւան­դը մե­զի յանձն­ուած է, մենք կոչ­ուած ենք Լոյ­սի ժո­ղո­վուրդ դառ­նա­լու, Աս­տու­ծոյ լոյսն ու օրհ­նու­թիւնը մեր վրայ ըլ­լա­լով, ար­ժե­ւո­րենք Լոյ­սի Որ­դի­ներ մեր կո­չու­մը, լու­սա­ւո­րենք մեր պատ­մու­թեան էջե­րը, դառ­նանք լոյ­սը պատ­մող ու մեր հո­գի­նե­րը լոյ­սով առաջ­նոր­դող ժո­ղո­վուրդ: Քրիս­տոն­եա­ներս ու­նինք այդ առա­ւե­լու­թիւնը, որով­հե­տեւ կը հա­ւա­տանք « թէ Աստ­ուած Լոյս է եւ բնաւ խա­ւար չկայ անոր մէջե(Ա. Յվ. 1.5):

Եթէ մնանք միայն պատ­մու­թեան մէջ, չենք կրնար նոր պատ­մու­թիւն գրել, եթէ միայն օգ­տա­գոր­ծենք մեր հա­րուստ պատ­մու­թեան էջե­րը ու նոր նուա­ճում­նե­րով չշա­րու­նա­կենք կեր­տել նոր պատ­մու­թիւն, ոչինչ կը հասկ­նանք ու կը կորս­ուինք օր մը այդ պատ­մու­թեան հսկայ ովկ­ի­ա­նին մէջ: Ուս­տի, սոր­վինք ու ապ­րինք մեր պատ­մու­թիւնը, կեր­տենք նոր պատ­մու­թիւն, հա­րուստ ու ոս­կե­տառ, սի­րենք մեր եկե­ղե­ցին ու ազ­գը, գոր­ծենք ի խնդիր անոնց յա­րա­տեւ­ման ու ծաղ­կա­զարդ­ման, օր մը դառ­նա­լու հա­մար ամուր սիւ­ներ մեր պատ­մու­թեան ու միայն լաւ ան­ուամբ յի­շա­տակ­ուե­լով ան­մա­հա­նալ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles