ԽՈ­ՃԱԼ­ՈՒԻ ԻՐԱ­ԿԱՆ ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՐ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 57 Second

xocali-31

 ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

  Ամէն տա­րի Փետր­ուա­րի աւար­տին, Սում­կա­յի­թի ջար­դը աղա­ւա­ղող` Խո­ճալ­ուի հար­ցը կը բեր­ուի բե­մա­հար­թակ` Պաք­ուի քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­յին կող­մէ: Այս տա­րի, Ալի­ե­ւի ղե­կա­վա­րու­թիւնը, որո­շած էր կի­զա­կէտ ու­նե­նալ քա­ղա­քակր­թու­թեան կեդ­րոն­նե­րէն` Փա­րի­զը:

Քա­ղա­քակրթ­ուած աշ­խար­հին կը մնայ բնու­թագ­րելն ու են­թադ­րե­լը, թէ ին՞չ պայ­ման­նե­րու տակ, Պա­քու փոր­ձեց տեղ­ւոյն Խորհր­դա­րա­նէն ներս, խա­փա­նել Սու­մ­կա­յի­թի զո­հե­րուն նուիր­ուած ձեռ­նարկ մը, գոր­ծա­ծե­լով ամէն տե­սա­կի մի­ջոց­ներ, որոնք կրնան յե­տա­գա­յին ծանր ազ­դել, հար­ցա­կա­նի տակ առ­նե­լով պե­տա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան սահ­ման­ներն ու իս­կա­կան փրո­թո­քո­լա­յին կա­ռոյ­ցը:

Ֆրան­սա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րուն կը մնայ այս գծով աշ­խա­տանք հե­տապն­դելն ու եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու հաս­նի­լը, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի եղած է, որ խու­լի­կան­ներ իրա­ւա­սու­թիւն ու­նե­նան մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր ու­նե­նա­լու, կա­ռա­վա­րա­կան հիմ­նար­կէ մը ներս, ուր ապա­հո­վա­կան կա­ռոյ­ցը ամէն բա­նէ վեր կը նկատ­ուի:

Անց­եալ շաբթ­ուայ կէ­սե­րուն պա­տա­հա­ծը մէկ օղակն է, ծայր առած սադ­րանք­նե­րուն, որոնք կը կա­տար­ուին հեր­թա­բար, ամէն առի­թով եւ զա­նա­զան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով: Սա­կայն Խո­ճալ­ուի հար­ցը, յա­տուկ է իր կեղ­ծի­քով եւ  չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րով: Նոյ­նիսկ շին­ծու կայ­քէջ մը, կոյր ազե­րի քա­րոզ­չա­կան բա­ռամ­թեր­քով մը կը նկա­րագ­րէ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, որոնք բե­մադր­ուե­ցան

Փետր­ուար 25-26, 1992-ի գի­շե­րը եւ դի­ակ­նե­րը վերց­ուե­ցան քա­նի մը օր ետք`  Մարտ 2-ին: Աւե­լի ազ­դե­ցիկ ըլ­լա­լու եւ ակն­դի­րին յա­ւել­եալ յու­զում պատ­ճա­ռե­լու հա­մար, սար­սա­փազ­դու լու­սան­կար­ներ ալ տե­ղադր­ուած են, ցոյց տա­լով կմախ­քի վե­րած­ուած դի­ակ­ներ: Ան­շուշտ հոս, վայրկ­եան մը մէկ­դի դրած այս ցնցիչ տե­սա­րան­նե­րը, տե­ղին է հարց տալ թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է կմախ­քի վե­րած­ուիլ քա­նի մը օր­ուան ըն­թաց­քին:

Յստակ է թէ այլ վայ­րէ մը առն­ուած լու­սան­կար մը առն­ուած ու տե­ղադր­ուած էր այդ յա­տուկ կայ­քէ­ջէն ներս:

Խո­ճալ­ուի այս իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շուրջ, ազե­րի որոշ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­ներ, լրագ­րող­ներ եւ նոյ­նինքն շրջա­նի բնա­կիչ­ներ կը հեր­քեն ազե­րի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, գնա­հա­տա­կան­ներն ու ստա­յօդ վար­կած­նե­րը:

Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րը` շղթա­յա­զերծ­ուած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեան լոյ­սին տակ դիտ­մամբ, բաց ձգած էին անցք մը, որ­պէս­զի տեղ­ւոյն ազե­րի ան­մեղ բնակ­չու­թիւնը, կա­րե­նայ խոյս տալ այս զի­նուո­րա­կան վտան­գա­ւոր գօտի­էն: Հոս է որ պա­տա­հած է ահա­ւո­րը, եւ ներ­քին ազեր­ի­ա­կան հա­շիւ­նե­րու հե­տե­ւանք, ան­մեղ բնակ­չու­թեան վրայ կրակ­ուած է…Աղ­տա­մէն եր­կու­քու­կէս եւ Խո­ճալ­ուէն ինը մղոն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող շրջա­նի մը մէջ, որ այդ օրե­րուն ազե­րի­նե­րու հա­կակ­շի­ռին տակ կը գտնուէր:

Օրին, ազե­րի մա­մու­լը, իր կար­գին հար­ցա­կա­նի տակ առած էր տեղ­ւոյն ղե­կա­վա­րու­թիւնը, յայտ­նե­լով թէ Խո­ճա­լուն եւ բնա­կիչ­նե­րը գի­տակ­ցա­բար զոհն են  քա­ղա­քա­կան մութ նպա­տա­կի եւ թէ ող­բեր­գու­թիւնն իրա­կա­նա­ցու­ցած են, նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը:

Եւ ցայ­սօր, իրո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին աղա­ւաղ­ուիլ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles