
Հայոց Ցեղասպանութեան արժանավայել 95-ամեակի ոգեկոչումներ…որոնց արձագանգը տարբեր արձանագրութիւններու դուռ բացաւ:
Հայորդիի աննկուն, անխորտակ եւ պայծառամիտ ոգին անգամ մը եւս արձագանգեց, յիշատակելի էջ մը աւելցնելով եւ արձանագրելով… Հայոց Պատմութեան լայնածաւալ ու հաստափոր էջերուն վրայ:
Արձանագրութիւն մը…որ տարբեր բնոյթ, իմաստ եւ բացատրութիւն ունէր, համեմատած Ցիւրիխի Հոկտեմբեր 10, 2009ի փրոթոքոլային արձանագրութեան:
Արձանագրութիւն մը…հեռու քաղաքական բարդ ու նենգամիտ հաշիւներէ:
Արձանագրութիւն մը…լուսաւոր, ջինջ եւ զուլալ, բոլորովին տարբերակը՝ մշուշապատ եւ խաւարապատ «ճանապարհային քարտէս»է:
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի օրերուն, պատահած դէպքերու իրադարձութիւններն ու անոր յաջորդող ոգեկոչման օրերուն, յստակօրէն հաստատուեցաւ թէ հայ ժողովուրդի դատին նկատմամբ, ոչ մէկ տարբերութիւն գոյութիւն ունի եւ կրնայ ունենալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի (արտաքին թէ ներքին) միջեւ:
Համեմատած անցեալ տարուայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, տարբերութիւնն այն էր թէ 2009ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ապրիլ 24ի նախօրեակին պաշտօնապէս ազդանշանը տուած էր ՀայաստանԹուրքիա ճանապարհային քարտէսին:
…Իսկ տարի մը ետք, նոյնինքն նախագահ Սարգսեան, նկատելով թէ’ հայորդիին պահանջատիրութեան բերկրանքն ու պայքարը եւ թէ’ Անգարայի կիրարկած երկդիմի ընթացքն ու գործի լծած դիւանագիտական սադրանքները, յատուկ հրամանագրով մը կասեցուցած էր արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը:
Քանի մը օրերու վրայ երկարող ցոյցեր, քայլարշաւներ, հաւաքներ, մոմավառութիւններ, հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ զանազան բնոյթի ձեռնարկներ ողողեցին պահանջատէր հայորդիին սիրտը: Ձեռք ձեռքի եւ միատեղ, հայութեան մարդկային հոսքը սկսած էր Ծիծեռնակաբերդէն, մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, Արժանթին եւ այլուր:
Մարդկային հոսք… ի գին անմեղ նահատակներու սուրբ կտակին:
Աննահանջ հոսք… ի հեճուկս այլ «ճանապարհային քարտէս»ի մը՝ պահանջատիրութեան եւ արդարութեան քարտէսին:
«Հայրենիք»
Ապրիլ 30, 2010