ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԲԱՐԻ ԵԿԱՔ …ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 22 Second

Զբօսաշրջիկները հետաքրքրող եւ յատկապէս այդպիսի միջավայրի բնագաւառէն ներս տող մըն է վերոյիշեալ “Բարի եկաք“ը, սակայն երբ կ՛աւելցուի Տիգրանակերտը, պատմագէտին կամ ընդհանրապէս  հետաքրքրուող հայորդիին համար, յաւելեալ առ ի յստակացում մըն է որ կը հարցադրուի:

Արդարեւ, իր պատմական թագաւորութեան շրջանին, Մեծն Տիգրան կառուցած է չորս Տիգրանակերտներ, որոնցմէ մէկուն աւերակները, դեռ քանի մը տարի առաջ յայտնաբերուեցան Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ եւ արդէն իսկ հայ թէ օտար հետաքրքրուողներուն համար…հոն Արցախի մէջ ալ, հսկայ պաստառներուն վրայ տեղ գրաւած է “Բարի Եկաք Տիգրանակերտ“ գրութիւնը:

Սակայն Հոկտեմբեր 22-23, 2011-ի “Բարի Եկաք Տիգրանակերտ“ի վայրը պարզ ու մէկին յստակ էր:

Հազարաւոր հայորդիներ “բարի եկած էին“ Տիգրանակերտ մը`  արեւմտեան Տիգրիսի վտակներէն մէկուն ափին, շրջապատուած յիսուն կանգուն բարձրութեամբ հաստ  պարիսպով մը, որուն շինութիւնը տեւած էր հինգ տարի, Ք.Ա. 83-88:

Բարի եկաք Տիգրանակերտ մը, որուն քիւրտ քաղաքապետը շարունակ կը փոխանցէ իր ցաւը, ցասումն ու ընդվզումը եւ պատշաճօրէն կը հաստատէ, թէ անցեալին հայութեան դէմ գործադրուած է անիրաւութիւն եւ ոճիր: Ան կը շեշտէ թէ իր քաղաքը բազմակրօն, բազմամշակութային եւ բազմալեզու է եւ թէ որքան իսլամներուն, նոյնքան ալ քրիստոնեաներուն կը պատկանի:

Բարի եկաք Տիգրանակերտ մը, ուր գոյութիւն ունէր, ունի եւ պիտի ունենայ ուրոյն կառոյցով Հայաստանեայց Առաքելական Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը:

…Եւ ի՜նչ պատմութիւն ու ճակատագիր: Եկեղեցի մը, որուն զանգակատունն ու գմբէթը փուլ եկած են երկու անգամ եւ այդ ալ երկու տարիներու ընթացքին: Առաջինը`  շանթի եւ կայծակի հարուածներու արդիւնք, եւ երկրորդը` հեռու բնութեան վայրագութենէն… թրքական բանակի թնդանօթներու արձակած ռումբերու արդիւնք, եւ այդ ալ բոլորովին վերանորոգուելէ ու ոսկեզօծ խաչով օժտուելէ ետք:

Պատահածը երազ չէ, ոչ ալ իրագործելի մարմաջ…Բարի եկանք Տիգրանակերտ:

Եւ դեռ երթը կրնայ շարունակուիլ:…Բարի եկաք Մուշ, Կարս, Արտահան: Շարքը երկար է…փայլփլուն ու պսպղուն ճամբու քարտէս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles