ԽԱՉՎԵՐԱՑ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ` Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՈՒԽԵՐԷՆ ՆԵՐՍ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 14-ին, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մատաղօրհնութիւն։ Հարիսայի աւանդական մատաղը նուիրուած էր Մուսա Տաղի ինքնապաշտպանութեան 104-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին։
Ուոթըրթաունի (Մասարուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիէն ներս ալ նշուեցաւ Խաչվերացի տօնը: Սուրբ Պատարագի աւարտին, Տէր Անդրանիկ Պալճեան, կիսասարկաւագներն ու սարկաւագները խորանի մնացեալ ծառայողներուն հետ միասին թափօր մը կազմեցին։ Անդաստանի արարողութիւնը կատարուեցաւ՝ օրհնելով ժողովուրդին եւ աշխարհի չորս անկիւնները`ռեհանով զարդարուած Սուրբ Խաչով: Տէր Հայրը հաւատացեալներուն վարդագոյն ջուրով ցօղեց իբրեւ Աստուծոյ օրհնութեան նշան, որ կը թափուի հաւատացեալներուն վրայ Սուրբ Խաչին միջոցով: Ամէն տարի Խաչվերացի տօնին կը նշուի Կիրակնօրեայ դպրոցի նոր ուսումնական տարուան սկիզբը, եւ ուսանողները անհամբերութեամբ կը մտնեն եկեղեցի, որպէսզի Տէր Հայրը իրենց վրայ ջուր «ցօղէ»: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի տարեկան դաշտահանդէսը։
Ռէյսինի (Իլինոյ) Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ալ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Անդաստանի արարողութիւնը կատարուեցաւ։


