ԽԱՉԱՓԱՅՏ   ՈՒ  ԽԵՉԱՓԱՌ

0 0
Read Time:10 Minute, 5 Second

Վեհանոյշ Թեքեան

Սեպտեմբեր 21, 2021

 

Ամբողջ կրակը վէրքին մէջ է։ Խելագար շուրջպար է քաղաքը։

Երկինքն է որ շնչահեղձ է։ Փայլատակում եւ անկում.

Կռունկները ածխացան։

Պայքարի կոչեր, հաւատքի հասկեր կը մեծցնենք

խստամբեր գիշերներու մէջ.

Որովհետեւ կը տեսնենք ապագան այս սուգին մէջ

կրկնակի երրակի սուգերէն.

Եղեգներ, դափնիներ, գեղօններ

Սեւ ամպի մէջ ծուարած ողջեր ու նահատակներ։

Կ՚ոգեկոչենք, կը վերակոչենք, կը վկայակոչենք

լուսեղէն անծանօթը

Որ անտեսանելի քլորոֆիլի նման

Դալար պահեր էր դարերը։

 

Հիմա որ Կարօտի խրախճանքը աւարտելու վրայ է

Նոր հասկցանք որ հայրենիքի գաղափարը ուրիշ

կեանքը ուրիշ է.

Հայրենի այն քերթողներուն նման

Որոնք փասփափո՜ւկ տաղեր գրեցին տառապանքի մասին

Մեծերուն նման չսպաննուելու համար.

Եւ հոգեսպան եղան։

 

Հիմա որ Կուրութեան խրախճանքը աւարտելու վրայ է

Դարձեալ վախնալիք է.

Առաջ բառերը արձագանգ ունէին,

Հիմա բառը տեղն ու տեղը կ՚աքցանուի։

Խեչափառներուն ժամանակն է ահա

հաստամորթ, դիմակաւոր,

Անյայտ ժայռերու լանջերուն փակած, տասը ոտքերով

եւ աննահանջ.

Աննահանջ՝ երկրին մէջ, երկրէն դուրս նահանջի յառաջ։

Մինչեւ որ երկար թեւերով

Բոլոր ականները լարեն

Հայոց հազարամեայ Ժառանգը յանձնեն,

Հայ ժողովուրդի փառքը շպրտեն

Աաաազգը պահպանելու սո՜ւրբ եւ նուիրակա՜ն

ճամբուն վրայ։

 

Շարակա՛ն էր մեր հոգին, խօսքը՝ աղօթք եւ օրը՝ խունկ,

Հայու հոգին դարձաւ էն առաջին ռազմագերին.

Խորանները կքեցան ճիշդ հոն ուր ալեպանծ կանգներ էին,

Անոնց անմար կրակը ծուարեցաւ, ծաւալեցա՜ւ մեր սրտին մէջ։

Արցախի Շուշիի նշանատախտակը ծառի պէս յօտուեցաւ,

Լաց ու զայրոյթ խեղդած մարդիկ սեփական ձեռքերով հրկիզեցին

իրենց ձեռակերտ տուները,

Հիմա նորէ՜ն ծիծեռնակը բոյն կը շինէ, իր հին բոյնը կը յիշէ,

Ա՛լ վահանուած պէտք է ապրի.

Թռչունները կը հեռանան, որսորդները բակի՛ն մէջ են։

 

Հեռուներէն երբ մենք Սիւնեաց Սարեր-ը կ՚երգէինք

այդ թռչունները կը ճռուողէին.

Եօթանասուհինգ տոկոս կ՚ըսես կ՚անցնե՞ս

Սկսէ հաշուել… մէկ տոկոս… երկու տոկոս… տես թէ ո՛ւր կ՚աւարտի։

 

Մեր վաղ անցեալի ապացոյցները՝ թանգարանները

Յանձնեցիք հրոսակներուն,

Հայու շուշան ձեռքերու ատրուշանները,

Ոսկի ու մանեակ, լուսաքուրմ, հիմա՝ պարպուած խրտուիլակ։

Մանկան օրօրոց, կարագի խնոց

Թռչուններ ու մատեաններ,

Լազուարթ երկինք, ոսկի աշխարհ

Վեհ կամարներ ու ալեհեր հնութիւն,

Կարմիր կրակ մէջը Վահագն

Ծովերուն վրայ շղարշահեր ու ցողաթուրմ Աստղիկ հարս։

 

Եւ ինչպիսի՜ ակնածանքով

Ցանկամ Տեսնեմ Զիմ Կիլիկիա-ն կ՚երգէինք.

Մայր Արաքսի ափերէն երբ քալէինք

Նուաղ էր ձայնը, սակայն դարձեալ ու միշտ

դարման էր մեր կարօտին։

Քաջի՛ արիւն խառնեցինք հողին, քարի՛ն, երկինքի՛ն,

Շուշիները ետ առինք.

Ռմբահար տաճարը վիրաւոր կը տքար

թաւջութակը փութաց քովը, կռունկի խունկը բերաւ.

Իսլամական քօղ մը դրին տաճարին

Անոր սրտի բաբախումը միայն մենք կը լսենք

Ոսոխը կը կարծէ թէ սպաննեց. գլուխէն զարկաւ։

Չգիտէր որ մեր գլուխը չ՚իյնար։

Այդ պարուրուած պատանքը թող շարժի,

Իր կանաչ եղունգներով փորէ ակնապիճերը

Անո՛նց որ յանձնեցին մեր աղօթափառ, ծնծղայածին կոթողը,

Գիտնալով հանդերձ թէ անմիջապէս պղծուի պիտի։

 

Ի՞նչ ըրեր էինք։Ալան-թալան

կարծես Մսրայ Մելիք հասաւ

դուռը փակեց, թուրը քաշեց

խնդրեմ ըսաւ, թալանեցէ՛ք, արդէն ձերն էր։

մենք սխալմա՜մբ այստեղ էինք։

Որո՛ւն պէտք է թշուառ տժգոյն

Հայրենիքը՝ արծիւի բո՞յն

Ի՞նչ գործ ունինք լեռներու մէջ անապական

Տա՜նք ազատինք։

 

Քուրայ քուրայ երեք տասնեակ տարիներ

երկրապարուր շնչելէ ետք

ինքնադարման վէրքերէ ետք

ցորենի հունտ ծիրանի գունդ բերքերէ ետք

գեղեցկութիւն կերտելէ ետք

Հայուն բաժին ինկաւ … հայէ՛ն՝

Գողգոթա մը

իր ցարդ ապրած գողգոթայի լանջին վրայ,

ուր բոյն հիւսած, կաղնի տնկած՝

չիր ու ծիծաղ կը քաղէր ան։

 

Հիմա որ Հտպիտային Խրախճանքը սկսած է

Բանանք դուռները,

Սահմանները մէկ օրէն միւսը տեղ կը փոխեն

Սահմանին տէր կանգնող չկայ

Օտարին առջեւ վիզը ծռած, հայուն առջեւ՝ կոկոզավիզ,

Ըրած առուտուրին ամբողջ վնասը տոկոսի կը վերածէ

Նախկիններն ալ նողկանքով հրապարակ նետելով,

Պարտութեան եւ յաղթութեան իմաստները շփոթած։

Մէ՛կ գիր էր միայն. աքսորուած «ու» մը մուխերնիս մարեց.

ոչ թէ «յաղթելու ենք», այլ «յաղթուելու ենք» ։

 

Եօթանասունհի՜նգ տոկոս, երեսո՜ւն տոկոս,

Կարծես թէ տեղ մը ձկնկիթի բոյն կայ՝ Սեւ լիճը բաժնուեր է,

Ինչո՞ւ ապշած են լճակ, միթէ հալւոյդ մէջ անձկաւ

Ազերի՞ մը նայեցաւ։

Կռունկ ուրկէ՞ եկար, քեզի կանչող չեղաւ։

Ծիծեռնակին բոյնը փլաւ

Այրե՛ց տնկած բարձր ծառը,

Նոճիներու սրսփանքէն հեռացաւ։

Պտըտուիր պտըտուիր կառուսել

Գունագեղութեան հարցը վաղուց ես լուծեր

Բոլոր գոյներդ արագ կ՚ոլորուին, գլխապտոյտի ճամբայ կը բանաս։

Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ։

Ու պայքար պայքար պայքա՜ր երգեցի

Հայրենիքիս ամէն մէկ թիզը կ՚ուզեմ համբուրել,

մեզի հետ դեռ հաց կը կիսես, բայց թոնիրդ կը հրկիզեն

Թուրքն ու անոր բարեկամը որ հայ մըն է, Վարուժա՛ն։

Տասը դարէ խաղաղ ննջող Նարեկացին վշտագալար ինկեր է ճամբաները,

Մհերի դուռը կոտրեր են ազերիները. անոր ալ քարտէսը ունին,

Ան դուրս ելած կը գոռգոռայ

Զարթի՛ր Լաօ,

զարթի՜՜ր լաօ,

զարթի՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜ր Լաօ՜՜՜՜՜՜՜՜

Մհերը դո՛ւրսն է արդէն։

 

Անճռկած են անճարակները – Ի՞նչ ընենք, ի՛նչ ընենք որ լռէ.

Հա՛, Անկախութիւն մը կար, կարծեմ դեռ աստեղերն է,

հրաւիրենք թող գայ,

Թող աչքերը խտխտացնէ

իր ճակատագրին անտեղեակ ժողովուրդին։

Մենք խրախճանքի պիլիոն դրամ կրնանք վատնել,

Առիթը փախցնելու չէ

Մենք վիրաւորեցինք երկիրը, աղքատացուցինք ժողովուրդին մեզի չքծնող խաւերը, նենգ ենք ու ամբարտաւան

-բայց այդպէս պէտք է ըլլա՛նք մնացեալը փրկելու համար-

Արդէն մանտաթը մեզի տուեր է Հայաստանի հպարտ քաղաքացին։ Ուրեմն մենք մեզի նուէրներ տանք ժողովուրդի պիւտճէէն։

Քուէն տուեր են, այլեւս կարեւոր չեն.

Կարելի է ծերերը անօթի ձգել,

վիրաւոր զինուորներուն պիւտճէն կտրտրել,

նահատակ ընտանիքներու սուգը երկինք հասցնել։

Կատղեցնել ու սինիք ժպտալ։

Ուշադի՜ր, գառագեղը թաքնուած մնալու է,

Բայց հրապարակը պէտք է հուրհրայ .

անգոյնը չի գինովցներ տեսողութիւնը։

 

Անկախութիւնը կաղալով կուգայ

Ժահր մը փակեր է, անոյժ դարձեր է

Դուն երգէ՜, պարէ՜, Անկախութիւնն ես չէ՞։

Եթէ բողոքի ալիք բարձրանայ

Անկախութեան ձին հեծած այնպէս կը գոռգոռանք

Մէյ մը անսանձ, մէյ մը կոկիկ

Ինչ երգ կայ՝ կ՚երգենք։

Փարչերը բերէք, Հռոմը արթո՜ւն է,

Մեր հին թագաւորները – Տիգրան Մեծն ալ մէջը-

Պապանձած նստած են իրենց դամբարաններուն մէջ

Երկնակամարի աչխփուկը կը դիտեն։

 

Խրախճանքի եկէ՜ք եկէ՜ք

Խեչափառները հո՛ս են արդէն.

Ով մեռած է՝ ոտքի ելէք

Ով արթուն է՝ ասֆալթին վրայ փռուեցէք

Ով կը բողոքէ՝ բերման ենթարկուեցէք

 

Տօն է գունագեղ, սեւ ուրուական-մուրուակա՞ն, որո՞ւն շունն է։

Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով։ Իմաստութիւն է։

Ստորագրութիւնները դարակներու մէջ

հրախաղերը Ազատութեան հրապարակի մէջ,

աշխատինք որ ամէն տուն մտնէ, իրենց համա՛ր է,

եկէ՜ք, ձեզի համար է այս խրախճանքը,

ձեր սրտին խրուած նիզակը այլեւս մոռցէ՛ք։

 

Հոս եմ ես, հէ՜՜յ

Խեչափառնե ՛ր,

Օ՛ն, պարեցէ՜ք, տաս ոտքերով, ոստուն-տոստուն,

Օդին մէջը Ազատութեան պալոնները տարտղնեցէք։

Երանի՜ մանուկներուն, այնպէս անխառն կը հմայուին,

Երանի ծաղկաման մնացած հոգիներուն

Որոնք իրենց անկիւնէն չեն շարժիր, բուրում կ՚ուզեն,

Կ՛ապրին անտարբեր աղետին, դաւին

եւ իմաստուն ադամանդին որ չի թողուր ուրիշը ձեւ տայ իրեն։

Հայաստանի ծո՜վ գինին ձեր կենացը թող լինի

Ապրենք կեանքը մեր ազա՜տ, հայրենիքում հարազա՜տ։

 

Յետոյ շիփ-շիտակ կայնած Տէր կեցո դու զհայս-ը երգեցէք։

Սուգը մեծ է, ցնծութիւնը աւելի մեծ թող ըլլայ,

Յոյսի նկարը բարձր բռնէ։ Տակը ուրիշ նկարներ կան,

դուն միայն խաբուսիկը ցոյց տուր։

Եաթաղանի փոխարէն՝ քուկդ մուրճ է

Մղձաւանջի դէմ՝ սինիք ժպիտ

Վսեմի դէմ՝ նսեմ,

Արդար ցասման դէմ՝ հայհոյանք,

Անորոշութեան, կատաղութեան,

Սուտի ու բռնատիրութեան մէջ թաթխելու այնպէ՜ս ատակ։

 

Թեպետ հիւանդ է Անկախութիւնը, կաղալով-մաղալով կը քալէ,

Բայց քանի որ ուրախութիւն բերեր է, նորէն մատուցել կ՚ուզէ։

Անկախութիւնը մեզ սիրեց. մե՛նք զայն չպահպանեցինք։

Արիասիրտ է, գունագեղ ժապաւէններ կը կապէ.

Մենք կը յիշենք, դո՛ւն ալ յիշէ անկախութիւնդ, կ՚ըսենք։

Յայտնի է որ շատ բան չյիշեր. ալպոմները դիտել կ՚ուզէ։

Անկախութիւնը սուգի ժապաւէն չկրնար կապել. Թուրքը չարտօնէր։

Չխաբուիր Թուրքը, ձեզ կը խաբէ

ժապաւենները պարան կը դառնան

ձեր վիզին համար է, չհասկցա՞ք դեռ։

Անուղեղ։ գունագեղ։ պղպեղ.

Ինչ կուզես դի՛ր նստիր կեր

«կայ ապագան» ինչ կը բերէ չես գիտեր։

 

Յետոյ շիփ-շիտակ կանգնած հերոսի երգ երգեցէք.

Ա՜ն ալ չըլլար – Թուրքը շլմորած կը նայի մեզի։

Յառաջ, Նահատակ Ցեղի Անմահներ

Կատա՞կ կ՚ընես, մէջը նահատակ բառը կայ։

Կայ Ապագան տեսնելու համար տեղ մը պէտք է կայնիլ հարկաւ,

ո՞ւր է այդ տեղը.

Շիտակ բան մը ըրէք։ Շունչ մը թող քաշէ սա ժողովուրդը։

 

Ահա կ՚երեւայ անպատիժ հարուածուած սիւնը –

Սեւազգեստ մայրերու դալկահար բանակ,

Սրտապատառ հայերու համր քայլեր,

Աղմուկ-աղաղակ կայ, անոնք չեն լսեր,

Աչքերէն ոսկի արցունք

Եւ անդառնալի Կորուստը փշրուած ապակիի պէս կ՚արիւնէ սիրտը.

Անոնց դէմքէն ընտանիքին պատմութիւնը կը ցաթի,

Սաթենիկի հարսանեկան մարգրիտները կը գլտորին կ՚անհետին,

Արտաշէս-մարտաշէս չկայ։

 

Հրապարակ իջեր են անոնք,

Ձայնահատ մայրերու լոյս սփռող ճրագները,

Պիտի հանգչի՞ն երբեւէ որդեկորոյս ծնողները

Անոնք պիտի նախընտրէին իրենց զաւկին փոխան փակուէր

իրե՛նց սեփական կեանքի վարագոյրը։

 

Երբ դուք գիշերները խաղաղ քուն կ՚երազէք

Անոնց աչքերը հարիւր դարձած կը տեսնե՜ն

իրենց աչքի լոյս տղուն աղաղակը,

Անոնք տակաւին չեն գիտեր իրենց զաւկին ցաւը խաղաղա՞ծ է արդէն,

թէ կը խելագարուի ամէն օր։

 

Չորս կին ռազմագերի մինչեւ առաւօտ աղեկէզ ճչացին

Եւ յանկարծ բոլորին կոկորդը խարտոցուեցաւ,

Անոնց համար ալ գոյնզգոյն պալոններ արձակեցէք

Գէշ գաղափար չէ, պալո՛նն ալ կը պայթի։

Հրախանձուող գերիներուն համար ալ հրավառութիւն ըրէք,

Անոնց ցաւերն ալ հազար ուղղութեամբ կ՚ընթանան։

Չարը-բարին իրար խառնած զուգահեռներ՝ ուզածիդ չափ

Ինքզինք հազիւ քաշկռտող հրապարակին վրայ

Շարական ու խունկ ծխեցէք

մեր սրբալոյս տաճարներուն լեզուն կտրեր էք, անշուշտ եթէ կը յիշէք։

 

Անկախութի՜ւն, ինչ ալ ըլլայ՝ շնորհաւո՛ր տարեդարձդ։

Լքեալ ու պաշտելի՛ Անկախութիւն, քսան տարեկան զոհերուն հետ

Դո՛ւն ալ գետին փռուեցար,

Մարմինդ կը ցաւի,

Տռոն չունէիր որ ազատէիր ինքզինքդ։

Բայց պիտի բուժուիս նորէն եթէ չքանայ՝ հայէն առնելու, թշնամիին տալու տենդէն թափահարուող Չար Ոգիին ոյժը։

 

Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով.

Իսկ ճամբայ չկա՜յ,

Տարածքները սահմանները վախցած են իրենց տիրոջմէ

Ամէն օր մեր հողի մարմնէն կտոր մը կը փրցուի,

Ամէն օր թշնամին մեր սրտին վրայ կը կոխէ,

Խրամատը կը լեցուի տիղմով եւ արիւնով,

Ուռեցաւ, բացուեցաւ, ու Եռագոյնի բանակ դարձաւ Եռաբլուրը.

Այս պահուս՝ երկրին ամենազօրաւոր բանակը։

Հո՜ն ալ գունագեղ համր ու սրտայեղ տօն մը կայ այսօր,

որ սուգ կը կոչուի։

Անկախութեան զոհաբերուածները անո՛նք են,

Դուք ձեր կորսնցնել տուածին համար ինչո՞ւ ժողովուրդը զրկած՝ ինքզինքնո՛ւդ նուէրներ կու տաք։

Աս որքա՜ն լպիրշութիւն։

Սիամաթոյին պէս զազրանքով կը հարցնեմ.

«Խիղճ չունի՞ք դուք….»

Միայն սղաճը կ՚աճի, ամբարտաւանութիւնը,

Պետական պիւտճէի չարաշահումը։

Եթէ իշխան էք, նախ երկիրը Երկի՛ր ըրէք։ Մի՛ յոշոտէք

ու մի խաբէք, թէ շատ լաւ է մեզի համար։

 

Ճիշդ տարի մը առաջ կաքաւի պէս կենսախայտ

սերունդ մը կար։

Անոնք բանէ չէին վախնար, մատղաշ, անմեղ

Անոնց հոգին ցեղ կ՚արարէր

Ապագայի բոյն կը շինէր

Աչուկները սուզուն սուզուն,

Սիրտը զեղուն, սէրերը բուռն

Տարի մը առաջ մեր տուներուն ջահերն էին

Ա՛խ, որդիս, ա՜խ։

 

Երգեցէ՜ք,

Խեղդուած ձայներով խեղանդամ խեչափառներ,

Պարեցէ՜ք

մէկ տոտիկ վար, երկու տոտիկ վեր։

Հայր Մերը չմոռնաք, Հայր մը կայ բայց վե՛րն է.

«Մի տանի զմեզ ի փորձութիւն» պէտք չունիք խնդրելու

Արդէն փորձանքի մէջ ենք։

 

Ու ճիշդ այս խաչելութեան պահուն

Քրիստոսի նման կողահարուելէ ետք

Երբ գութ ու օգնութիւն կ՚ակնկալուէր,

Նահատակուած ընտանիքներուն բաց վէրքին վրայ

Քացա՜խ թափեցին

զիրենք խաչողները։

 

Արդէն կը յառաջանայ թափօրը

Սգահար որդեծիններու,

Իրենց մարմի՛նն է մոմը, անոյժ մատներուն մէջ՝ յիշատակի ոյժ,

Լեռնածաւալ կսկիծով կծկուած՝ կորովի ու գորովագութ

կ՚ուղղուին Եռաբլուր.

Հոն սպասողները ալ լուր չեն ղրկեր, միայն անոյշ անոյշ կը նային իրենց։

 

Յիշողութեան ցանցին մէջ թփրտացող մայրերու ոտքե՜ր

Անմարելի կրակի վրայ կը կոխելով կ՚երթան,

Անոնց երգերը հառաչանքներ են

Երփնագեղ քնար էին, դարձան մառախուղի սպիտակ աչքեր,

Անթափանց լոյսը կը լափուի խնճոյքի լափլիզող լեզուներէն.

Մինչ անոնք կը յառաջանան, լուռ լուսասիւներ

Իրենց զաւկին հետ խօսելու կ՚երթան

Անոր շիրմաքարը ջերմացնելու կ՚երթան

Հանգստավայրը ծաղկեցնելու կ՚երթան

Երբեմն ալ՝ օ՜ր մը եւս ապրելու կ՚երթան։

 

Հայրեր կը գրկեն իրենց նայուածքի տաք հիւսկէններով

դեռ քսանամեակ մը առաջ

հպարտ ժպիտ պարգեւած որդիներու լռութիւնը։

 

Ծիտ էին, բոյն չհիւսած՝ արծիւ դարձան

Պիտի լեռներու իշխան ըլլային, պիտի գիտութեան տիտան ըլլային,

Մնացին դաշտի ցեխ ու տիղմին մէջ,

Աչուկները բաց, թեւերը փրթած

Սրունքը անդին, ընկերը՝ անձայն։

Վերջին հառաչանքդ ո՞վ լսեց, տղա՛ս,

Ո՞վ մնացեր էր նոյնիսկ կիսաթոք,

Երկա՞ր էր ցաւդ, ոսոխը զարկա՜՜՜ւ.

իմ ճէյրան տղաս,

կրցա՞ր վերջին հեղ ջերմ տունդ յիշել

սիրելիներուդ դէմքերը տեսնել

Սո՞ւր էր ցաւդ, «ախ մայրիկ»դ նոյն վայրկանին լսեցի,

Վախ եաւրուս, վա՜խ,

Հալած է կեանքս։

Բայց պիտի պահեմ ծառդ մշտադալար։

 

Կտրի՛ճ տղաս, սա պատառ մը հացը առ

Քեզի՛ համար շինեցի։

 

Իսկ դուք, մէկդի՛ կեցէք, գիշատիչնե՛ր

Որ մանտաթով հարբած՝

Քարտէս կը փոխէք ի վնաս մեզի,

խորհրդարանը վերածեցիք ցլամարտի,

կատաղի, կեղծուպատիր գոչումներով

ինչ ուզածնիդ գաղտնիք չէ, ինչ ըրածնի՛դ գաղտնիք է։

Եթէ կը կարծէք թէ գոյնը կը փրկէ

Թէ խօսքը կը փրկէ ներկայի գոյժը, ապագայի մուժը,

Ուրեմն կոյր էք, խուլ էք,

Ոչ ամենեւին համր չէք, բայց նենգ ու անգութ էք։

 

Եւ թող գիտնան բոլոր ալան-թալան աւազակները

Որ երեսուն տարի խնճոյքներու գիրկին մէջ,

Հայ ժողովուրդին խերը անիծեցին՝

Խաչափայտը որ կը կրենք հիմա

Շինուած է կոճղով այն Կենաց Ծառին

Զոր երբեք տեսած չեն։

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles