ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ … ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 28 Second

tanks-of-peace_jpg  Վեր­ջերս` Յու­նիս 18-ին, Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի մայ­րա­քա­ղաք` Պել­ֆաս­թի մէջ կա­տար­ուած “Ու­թե­րու Գե­րաս­տի­ճան“ին, օրա­կար­գի վրայ էր Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը, որ պատ­շա­ճօ­րէն քննե­լէ ետք կա­ցու­թիւնն ու իրա­վի­ճա­կը, յստա­կօ­րէն եզ­րա­կա­ցու­ցած էր թէ, ամէն գնով պի­տի շա­րու­նա­կէ աջակ­ցիլ  հա­կա­մարտ կող­մե­րուն` կա­յուն եւ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու նպա­տա­կով:

Աւե­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ մուտք գոր­ծե­լով, այս գե­րաս­տի­ճա­նին հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը շեշ­տած էր թէ, վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տար­ուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ փո­խանց­ուած պատ­կե­րը պէտք է որ հիմք հան­դի­սա­նայ հար­ցի ար­դար եւ կա­յուն կար­գա­ւոր­ման:

Այս­ուա­մէ­նայ­նիւ, փո­խա­նակ հա­սա­րա­կաց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու վրայ հիմն­ուե­լով, հիմ­նա­հար­ցին լու­ծում գտնե­լու, հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը կը շեշ­տէ թէ կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն ձգտիլ մի­ա­կող­մա­նի շա­հե­րու ապա­հով­ման:

Նա­եւ, ար­տա­յայ­տե­լով իր խոր յու­սա­խա­բու­թիւնը, գե­րաս­տի­ճա­նը կը հաս­տա­տէր հա­ւա­սա­րակշռ­ուած որո­շում կա­յաց­նե­լու կա­րե­լիու­թիւնը, շեշ­տե­լով եւ հաս­տա­տե­լով, թէ միայն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով կար­գա­ւո­րու­մը կրնայ խա­ղա­ղու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ հաշ­տեց­ման յան­գեց­նել, ստեղ­ծե­լով` տա­րա­ծաշր­ջա­նի զար­գաց­ման, ան­դոր­րու­թեան հաս­տատ­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­ներ:

Խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն քա­րո­զող այս հրո­վար­տա­կի օրե­րուն, գե­րաս­տի­ճա­նի մաս­նակ­ցող եր­կիր­նե­րէն մէ­կը` Ռու­սաս­տա­նը, որ յատ­կա­պէս աշ­խար­հագ­րա­կան պատ­ճառ­նե­րով, շատ աւե­լի առաջ­նա­հերթ եւ կեդ­րո­նա­կան իրա­ւա­րա­րի դեր կը կա­տա­րէ, դի­մած էր այլ մի­ջո­ցի եւ յար­գե­լով կնքուած հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, դի­մած էր սպա­ռա­զի­նու­թեան: Այս­պէս, Պա­քու օժտ­ուած ու մա­տա­կա­րար­ուած էր ար­դի հրա­սայ­լե­րով, շար­ժուն հրե­տա­նի­նե­րով եւ զրա­հա­պատ կառ­քե­րով, որոնց ար­ժէ­քը կը հաս­նի մէկ միլ­ի­ար տո­լա­րի:

Նմա­նօ­րի­նակ առա­քում, կը հա­կադր­ուի եւ կը հա­կա­սէ “Ու­թե­րու Գե­րաս­տի­ճան“ի լոյս ըն­ծա­յած հա­ղոր­դագ­րու­թեան, ուր յստա­կօ­րէն կը նշուէր թէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկ­սու­մը աղի­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ կրնայ ու­նե­նալ, պատ­ճառ դառ­նա­լով  մարդ­կա­յին զո­հե­րու, կոր­ծա­նում­նե­րու, նիւ­թա­կան վնաս­նե­րու, եւայլն:

Թէ ի՞նչ են մութ դրդա­պատ­ճառ­նե­րը այս սպա­ռա­զին­ման, մա­նա­ւանդ որ նոյ­նինքն Մոսկ­ուան ալ շատ լաւ տեղ­եակ է թէ Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դա­կէն ներս ժա­մա­նա­կը չէ, խախ­տե­լու գո­յա­վի­ճա­կը եւ ստեղ­ծել պայ­թու­ցիկ կա­ցու­թիւն: Փո­խա­րէն, առաջ­նա­հեր­թու­թիւն է բիրտ ու­ժի չդի­մե­լը, եւ յատ­կա­պէս յար­գե­լով  եր­կիր­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու իրա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րո­շու­մի իրա­ւուն­քը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles