Յօդուածներ

«Խաղաղութեան Պայմ​անագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն

 

Յարութ Սասունեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քանի մը տարուան լարուած, միակողմանի բանակցութիւններէն ետք, մարտ ամսուն երկու երկիրները յայտարարեցին, որ վերջապէս համաձայնութիւն գոյացուցած են «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի բոլոր 17 կէտերուն շուրջ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան ընդունած է Ատրպէյճանի կողմէ թելադրուած բոլոր պայմանները:

Երբ Հայաստանը խնդրեց Ատրպէյճանին ճշդել ստորագրութեան արարողութեան օր, Պաքու մերժեց: Նկատի ունենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստակամութիւնը` յաւելեալ զիջումներ կատարելու, Ալիեւ յետաձգեց պայմանագիրի վերջնականացումը` նոր պահանջներ ներկայացնելու նպատակով։

Նոյնիսկ երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը հրաւիրեց Սպիտակ տուն` «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը ստորագրելու, ան մերժեց։ Փաստաթուղթը պարզապէս նախաստորագրուեցաւ, այդ պատճառով ալ անիկա պարտադիր ուժ չունի:

2025 թուականի օգոստոս 11-ին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը վերջապէս հրապարակեցին «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ամբողջ բովանդակութիւնը, որ պաշտօնապէս կը կոչուի` «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր»:

Advertisement Subscribe Today

Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ համաձայնիլ ստորագրել «Խաղաղութեան պայմանագիր», երբ`

1.- Ատրպէյճանական զօրքերը 2021-էն ի վեր բռնագրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասը:

2.- Ատրպէյճան հայ պատանդները կը պահէ Պաքուի բանտին մէջ:

3.- 120 հազար տեղահանուած արցախահայերուն չեն արտօներ վերադառնալ իրենց նախնիներուն հայրենիքը:

Պայմանագիրի «արդար, համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան» խոստումը թէեւ ազնիւ կը թուի, սակայն խորքին մէջ անիկա կը մնայ սին յայտարարութիւն: Ոչ ոք կ՛առարկէ խաղաղութեան, երբ անիկա իսկապէս «արդար» եւ «մնայուն» է: Այնուամենայնիւ, Ալիեւի շարունակական սպառնալիքները ցոյց կու տան, որ ան ոչ թէ խաղաղութեան կը ձգտի, այլ՝ հայկական հողերուն:

 

Եկէք՝ ուսումնասիրենք «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի 17 յօդուածները.

Յօդուած 1.- Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու իրենց սահմանները:

Ասիկա կը վաւերացնէ Խորհրդային Միութեան կողմէ պարտադրուած արհեստական սահմանները:

Յօդուած 2.- Կողմերը կը հաստատեն, որ ապագային ձեռնպահ պիտի մնան տարածքային պահանջներէն եւ կ՛երաշխաւորեն չաջակցիլ միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը «տրոհելու կամ վտանգներու» գործողութիւններուն:

Ասիկա կը խոչընդոտէ ապագայ հայրենասէր  հայկական կառավարութեան կողմէ պատմական տարածքային պահանջներու հետապնդումը Արեւմտեան Հայաստանի, Արցախի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ  եւ լռութեան կը մատնէ այլակարծութիւնը:

Յօդուած 3.- Կողմերը որեւէ երրորդ կողմի թոյլ չեն տար օգտագործել իրենց տարածքները՝ միւս կողմի վրայ յարձակելու համար:

Այնուամենայնիւ, թրքական զինուած ուժերը եւ ժիհատական վարձկանները կը մնան Ատրպէյճանի մէջ:

Յօդուած 4.- Երկու կողմերն ալ պէտք է զերծ մնան իրարու ներքին գործերուն միջամտելէ:

Սակայն Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը, վերադարձնէ գնուած զէնքը եւ հեռացնէ Եւրոպական Միութեան դիտորդները:

Յօդուած 5.- Երկու կողմերը կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ինչ որ կ՛ենթադրէ դեսպաններու փոխանակում:

Ատրպէյճանի ապագայ դեսպանին վերաբերող նոյնիսկ աննշան դէպք մը կրնայ պատրուակ ծառայել Պաքուին` յարձակելու Հայաստանի վրայ:

Յօդուած 6.- Միացեալ յանձնաժողովը պիտի սահմանազատէ եւ սահմանագծէ սահմանները:

Վէճի պարագային արդեօք Ատրպէյճան պիտի յարգէ՞ միջազգային իրաւարարութիւնը:

Յօդուած 7.-  Կողմերը որեւէ երրորդ կողմի ուժեր չեն տեղակայեր իրենց միացեալ սահմանի երկայնքով:

Արդեօք Ատրպէյճան իր տարածքէն պիտի հեռացնէ՞ թրքական զօրքերը եւ ժիհատական վարձկանները` միաժամանակ պահանջելով, որ Հայաստան հեռացնէ Եւրոպական Միութեան դիտորդները:

Յօդուած 8.- Կողմերը կը դատապարտեն եւ կը պայքարին անհանդուրժողականութեան, ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան, անջատողականութեան, բռնի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ

Այս կէտը կրնայ օգտագործուիլ իբրեւ պատրուակ Հայաստանի կառավարութեան համար` ճնշելու արցախահայերուն եւ ընդդիմադիր խումբերուն գործունէութիւնը:

Յօդուած 9.- Կողմերը պարտաւոր են որոնել անցեալի զինուած հակամարտութիւններուն ընթացքին անհետ կորսուածները։

Այս դրոյթը գովելի է, եթէ իրօք իրականացուի:

Յօդուած 10.- Կողմերը համաձայն են համագործակցելու տարբեր ոլորտներու մէջ:

Ասիկա բարենպաստ պարտաւորութիւն է:

Յօդուած 11.- Կողմերը ազատ են կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները ՄԱԿ-ի այլ անդամներու հետ:

Այս դրոյթը որեւէ վտանգ չի պարունակեր:

Յօդուած 12.- Կողմերը …. կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով ու այս համաձայնագիրով եւ չեն կրնար վկայակոչել իրենց ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ հիմնաւորում այս համաձայնագիրը չգործադրելու։

Այդ պարագային ինչո՞ւ Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը:

Յօդուած 13.- Այս համաձայնագիրի գործադրութեան վերահսկելու համար պիտի ստեղծուի երկկողմանի յանձնաժողով:

Արդեօք Ատրպէյճանը պիտի ընդունի՞ յանձնաժողովի որոշումները:

Յօդուած 14.- Կողմերը պէտք է իրենց վէճերը կարգաւորեն խաղաղ ուղիով։

Եթէ Ատրպէյճան մերժէ կատարել միացեալ յանձնաժողովի կամ այլ միջազգային մարմիններու որոշումները, ի՞նչ միջոցներ ունի Հայաստան:

Յօդուած 15.- Կողմերը պէտք է յետս կոչեն իրարու դէմ ներկայացուած իրենց իրաւական պահանջները միջազգային որեւէ ատեանէ:

Ասիկա կը զրկէ Հայաստանը` պատերազմական յանցագործութիւններու համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու իրաւունքէն:

16-րդ եւ 17-րդ յօդուածներն անվնաս են:

Նկատի ունենալով, որ այս յանձնուողական փաստաթուղթը ստորագրուած է ճնշման տակ, ուրեմն, միջազգային իրաւունքին համաձայն, անիկա կը նկատուի անվաւեր: Փաշինեան դիտաւորեալ կը խեղաթիւրէ «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը` ընտրողները համոզելու, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն զինք վերադարձնեն իշխանութեան:

Յաջորդ կարելի քայլերը` Փաշինեանի եւ Ալիեւի ծրագիրները մերժելու համար․

1․- Հեռացնել Փաշինեանը պաշտօնէն՝ նախքան անոր կողմէ «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ստորագրութիւնը:

2․- Եթէ այդ մէկը ձախողի, յառաջիկայ հանրաքուէին քուէարկել Ատրպէյճանի կողմէ թելադրուած Հայաստանի նոր սահմանադրութեան դէմ, ինչ որ պիտի ստիպէ Ալիեւը՝ մերժելու «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը, իսկ Փաշինեանը` հրաժարական տալու:

3.- Եթէ Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Սահմանադրական դատարանն ու Ազգային ժողովը հաստատեն «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը, հայ ժողովուրդը տակաւին կարելիութիւն ունի մերժելու զայն` հանրաքուէի միջոցով դէմ քուէարկելով: Ալիեւ կը պնդէ հանրաքուէ կատարել` համոզուելու համար, որ ոչ միայն Հայաստանի կառավարութիւնը, այլ նաեւ ժողովուրդը կ՛աջակցի այս «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ին:

4.- Վերջապէս, Փաշինեանը պէտք է գիտնայ, որ ապագայ հայրենասէր կառավարութիւնը պիտի հրաժարի «Խաղաղութեան պայմանագիր»-էն` զայն յայտարարելով անվաւեր` «Թրամփի ուղի»-ին հետ միասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button