Այս շաբաթավերջին, Հայաստանի մէջ կատարուող լրագրողներու համագումարին, կիզակէտն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Բնականաբար քարոզչական մեքենան, այս գծով մեծ աշխատանք ունի կատարելիք:
Միշտ ալ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուականը երբ մօտենայ, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ արտայայտութիւններ կը կատարուին, խօսքեր կ՛ըսուին, յայտարարութիւններ կ՛ըլլան, հայերու, հայասէրերու եւ այլախոհ թուրքերու կողմէ: Այս անգամ…այսինքն երեք տարիէն շատ աւելի պիտի կրկնուին նմանօրինակ իրավիճակներ:
Սակայն հոս տեղին է հարց տալ թէ ամբոխ արտասուքող կամ յուզող, այս արցունքաբեր ճառերէն եւ կարգախօսներէն անդին, կը մտածե՞նք թէ ինչ ըրինք անցեալ տարիներու ընթացքին եւ ինչ ալ պիտի կատարենք յառաջիկայ տարիներուն: Յառաջդիմութիւն արձանագրեցի՞նք, թէ կրկին պիտի հաւաքուինք լսելու համար նոյն կիսատ-պռատ Լոզունքը, որուն կարեւորագոյնն է.- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում…
Ոմանք, յատկապէս Թուրքիան եւ իր վարձկան պատմագէտները, կարծեցեալ իմաստութիւն եւ հասկացողութեան ոգի կը ցուցաբերեն, էական հարցը կը շրջանցեն, կ՛ըսեն թէ պատմաբանները թող քննեն եւ եզրակացնեն, հրապարակելու համար հայկական Ցեղասպանութեան գոյութիւնը եւ իսկութիւնը:
Զարմանալի տրամաբանութիւն: Կարելի՞ է հարցադրումի տակ առնել ահաւոր անցեալ կատարեալ մը…կամ պարզապէս կատարելապէս իրագործուած ահաւոր անցեալ մը:
Բոլոր գաղութներն ալ գործի պիտի լծուին: Հոս Միացեալ Նահանգներու մէջ, պիտի պայքարինք ամէն գնով, որ Սպիտակ Տան վարձակալը , անպայման գործածէ Ցեղասպանութիւն բառը:
Տրտունջք, մելամաղձոտ իրավիճակ: Նմանօրինակ պատկերներ շարունակ կը կրկնուին թէ՛ բեմերու վրայ, թէ՛ գիրքերու մէջ եւ թէ՛ յատուկ Ցեղասպանութեան համար պատրաստուած վաւերագրականներու մէջ: Այո՛, անարդար է որ Հայոց Ազգային Դատը միայն ու միայն բեմահարթակներու վրայ կամ գիրքերու եւ հեռատեսիլային պատկերներու մէջ տեղադրենք:
Ի վերջոյ մեծամասնութիւն հաշուող ժողովուրդը բնազդական կերպով քաջատեղեակ է որ լիիրաւ ազգ ըլլալու, իր իրաւունքը վերականգնելու համար, իրմէ խլուած ՀՈՂն է քաղաքականութեան եւ քաղաքական մտածողութեան առանցքը: Մնացեալը սրահներն ու դէմքեր յուզող զգացական աղմուկ է:
Պետական բարձր մակարդակի աշխատանք կայ կատարուելիք: Պէտք է որ խօսինք հայրենահանման մասին…Պետք է որ խօսինք բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրման ու հատուցման մասին: