ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- Թ.Մ.Մ. “ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ“ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ` ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ “ՍԷՐ ԵՒ ԾԻԾԱՂ“ՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑԱՒ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ
Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան “Մհեր Մկրտչեան“ թատերախումբը իր ծնունդին 15րդ տարուան տարեդարձին առթիւ, այս ոստանի խստապահանջ թատերասէրներուն ներկայացաւ Երուանդ Օտեանի “Սէր եւ Ծիծաղ“ թատերական կտորով:
1998 Ապրիլին սկսած “… Եւ դարձեալ Պարոնեան“ ներկայացումով, բեմադրութեամբ` թատերախումբին անունը կրող Ֆրունզիկի այրիին` Թամար Յովհաննիսեանի, թատերախումբը իր երթը կը շարունակէ բեմ հանելով 18 տարբեր ներկայացումներ, հայ թէ օտար դասական թէ ժամանակակից հեղինակներէ … անոնք ըլլան Պարոնեան, Սարոյեան, Մելքոնեան կամ` Էտուարտօ տը Ֆիլիփփօ, Շէյքսփիր թէ Հեննիքըն եւ դեռ ուրիշներ:
Այս բովանդակ տարիներուն թատերախումբը տուած է հիւրախաղեր Պոսթընի, Լոս Անճելըսի, Մոնթրէալի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Ֆիլատելֆիոյ, Ուայթ Փլենզի … ու վերջապէս քաղաքամայր Երեւանի մէջ: Խումբը բեմ բարձրացած է Հայ Բեմի վարպետ Պերճ Ֆազլեանի ու ինչպէս այս անգամ` Գրիգոր Սաթամեանի հետ:
Այս ներկայացման բեմադրիչն էր Գրիգոր Սաթամեան, որ յատկապէս եկաւ Լոս Անճելըսէն: Բարեբախտաբար, մեծ աշխատանք տարաւ թատերախումբի հիմնադիր անդամներէն Յարութ Չաթմաճեան, որ աւելի քան երեք ամիսներ, մինչեւ բեմադրիչին ժամանումը հետեւեցաւ, որպէս օգնական բեմադրիչ, այս ներկայացման բեմադրական աշխատանքներուն: Ըսենք որ ան ստանձնած էր Միշելի դերը, որպէս Արթին աղայի կնոջ` Եւփիմէի ուսուցիչը:
Գլխաւոր դերով հանդէս կու գար, դարձեալ թատերախումբի հիմնադիր անդամներէն` Գառնիկ Ներսէսեան, որ Արթին աղայի դերով կու տար Պոլսոյ հասարակական կեանքի մէջ վաճառականին (չարշըլըի) իրական բայց դրական տիպարը: Իսկ կինը` Յասմիկ Գասպարեան` Եւփիմէի դերով, ան առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանար բեմ, սակայն անոր ուշագրաւ հարազատ խաղարկութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ իր պարզութեան մէջ եւ անոր ստեղծած պոլսահայ նիստ ու կացովը:
Արթին-Եւփիմէ ընտանիքին դստեր` Ռոզի (Դալար Զօքեան) ամուսնութեան թեկնածուի համար կան երեք միջնորդներ` Մելքոն (Միսաք Պօղոսեան), Նեմզար հանըմ (Մելինէ Խիկոյեան) եւ Նուարդ (Գարոլին Մելքոնեան), որոնք կը ջանան գտնել մէկական թեկնածու Ռոզ-Վարդուհիին համար: Դալար` թատերախումբի իգական լաւագոյն եւ մնայուն ուժերէն կը մնայ անկասկած: Միսաք` փորառու դերասանն է խումբին, Մելինէ` շրջանաւարտ է Երեւանի թատերական ինստիտուտէն ու բեմ ելած` հայրենի ծանօթ դերասաններ Վլադիմիր Մսրեանի ու Գուժ Մանուկեանի նման դերասաններով եւ Գարոլին` նոր միացած է թատերախումբին եւ ան դասական տիպարի ներկայութիւն մը որպէս կը հարստացնէ այլապէս հարուստ կերպարներով լեցուն Մկրտչեանականներու խումբը:
Իսկ թեկնածուները` Յարութ Թագւորեան (Ագրիպաս աղա), Գրիգոր Սաթամեան (Տոքթոր Շաւարշ) եւ Յարութ Պարսումեան (Էտուար): Անշուշտ, հոս ծանրութեան կեդրոնը կ՛երթար Սաթամեանին վրայ, որ հազիւ բեմ բարձրացած անդադրում ծափահարութիւններով կը դիմաւորուէր: Սակայն, պէտք է ընդունիլ որ, միւս երկու Յարութները եւս իրենց բեմական ներկայութեամբ ստեղծեցին գեղեցիկ տիպարներ:
Հայ յեղափոխական Փայլակի դերով` Տիրան Ճեպէճեան, որ իր կարգին հիմնադիր անդամ է թատերախումբին, կրցաւ արժեւորել իր տիպարը խոր հասկացողութեամբ: Տիրան, երկա՜ր բացակայութենէ ետք, կը վերադառնար իր մայր թատերախումբին: Իսկ Թալին Գարակիւլլէեան` սպասուհի Սողոմէի դերով գրաւեց ուշադրութիւնը հանդիսատեսին: Ան ձեւով մը կ՛օղակաւորէր բովանդակ ընթացքը ներկայացման: Շահեցաւ բոլորին համակրանքը:
Հակառակ իրենց կարճ դրացի կնոջ դերերով գունաւորեցին բեմը երիտասարդ մեր նոր տաղանդները` Գարին Ալթըն, Սելին Պըլըքտանեան, Մելանի Փլեթնըր եւ Արշօ Գարաճելեան: Անոնցմէ Գարինը յաճախ բեմ բարձրացած է թատերախումբին հետ, իսկ մնացեալները հայ սքուլի ուսանողուհիներ կու գան “Շուշի“ պարախումբէն ու առաջին անգամ ըլլալով մաս կը կազմեն այս ներկայացման մէջ:
Անգամ մը եւս անդրադառնալով Յարութ Չաթմաճեանի կերպարին, պէտք է խոստովանինք որ ան Միշէլի դերով եկաւ ապացուցանել թէ տակաւին ան ունի շատ բան տալիք մեր բեմին:
Գրիգոր Սաթամեանի անունն իսկ կը պարտաւորեցնէ ոչ միայն լեցնելու մեր թատերասրահները, այլեւ` իրմով հմայուելու եւ տալու մեր յարգանքը հայ բեմի նոր ժամանակներու սփիւռքահայ մեր մեծագոյն դէմքին:
Երբ նայինք իւրաքանչիւր դերասանի կենսագրական գիծերուն, կը նկատենք որ անոնք ծնած ու եկած են աշխարհի ամէն կողմերէն` Պէյրութ, Հալէպ, Քեսապ, Երեւան, Պոլիս, Թեհրան, Զուիցերիա, Նիւ Ճըրզի …, որով կը կազմեն գեղեցիկ փունջ մը բուրումնաւէտ ծաղիկներու: Որքա՜ն համերաշխ մթնոլորտ Թէքէեանի մեծ ընտանիքէն ներս:
Բեմայարդարման յղացումը` նորագոյն ժամանակներու փորառութեամբ մշակուած լայն թոյլտուութիւններ կու տար եւ որպէս նորութիւն մը կը ներկայանար: Յարութ Պարսումեանի հեղինակած երգերու մշակումը, իրենց արեւելեան եղանակաւորումով կը ճոխացնէր խաղարկութիւնը: Մինչ Մարի Զօքեանի եւ Մարի Դուրեանի պատրաստած տարազները հանդիսատեսը կը տանէր 19րդ դարու աւարտի պոլսական մեր կեանքին:
Անշուշտ, այս բոլորը կ՛իրագործուէին նաեւ թատերական յանձնախումբի յանձնառութեամբ կատարուած լուրջ աշխատանքին: Նոյն յանձնախումբի անդամներն են որ 15 երկա՜ր տարիներէ ի վեր կը շարունակեն կատարել այս ծանր աշխատանքը:
Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 17 եւ 18 օրերուն, Տուայթ Էնկլվուտ հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ, որ Նիւ Ճըրզիի մեր համայնքի ամենէն որակաւոր սրահը կը նկատուի:
Օտեանի այս թատերական շքեղ գործը յաճախ բեմ ելած է հայրենի թէ սփիւռքի բեմերուն վրայ:


