ԼՈՒԻԶԻԱՆԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:49 Second

Louisiana State Capitol - Senate Chamber Baton Rouge ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺ (Լուիզիանա).- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը Հինգշաբթի, Մայիս 30ին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան աջակցող բանաձեւ մը վաւերացուցած է՝ միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ու նախագահին, որ աջակցին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին ու ժողովրդավարական անկախութեան: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Լուիզիանան չորրորդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:louisiana2

Բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտական Էտուին Մըրիի կողմէ: Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ու Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշէլ Յակոբեան ողջունեցին Լուիզիանայի Ծերակոյտին սոյն քայլը եւ դրուատեցին այդ նպատակով ծերակուտական Մըրիի տարած աշխատանքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր:

Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտի բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի. «Լուիզիանայի օրէնսդիր մարմինի Ծերակոյտը կ՛ողջունէ Արցախի ջանքերը եւ կ՛աջակցի անոնց, որպէսզի ան, իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն, իր քաղաքացիներուն ապահովէ ազատ եւ անկախ հասարակութիւններու բնորոշ իրաւունքներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու Արցախի ինքնորոշման ու ժողովրդավարական անկախութեան եւ անոր կառուցողական մասնակցութեան՝ միջազգային հանրութեան ջանքերուն, որպէսզի արդար եւ ամուր կարգաւորում կայանայ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այդ տարածաշրջանի ապահովական հարցերուն մէջ»:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles