ԼԻՒՍԻ ՏԷՐ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20-ին, 93 տարեկանին իր աչքերը առ յաւէտ փակեց դոկտ. Լիւսի Տէր Մանուէլեան (ծնեալ՝ Յուլիս 7, 1928) , որ «Թաֆց» համալսարանի հայ արուեստի ու ճարտարապետութեան ամպիոնի երկարամեայ հիմնադիր-վարիչը եղած էր մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 2006-ին։

Դոկտ. Տէր Մանուէլեանի անխոնջ աշխատանքով հիմնուած ամպիոնը, որ կը կրէ անոր նիւթական հիմքը հայթայթած՝ փաստաբան Արթըր Տատեանի եւ գործարար Արա Օզտէմէլի անունները, հայ արուեստի միակ մնայուն համալսարանական ամպիոնն է Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս։

Հանգուցեալ հայագէտը իր աշխատակցութիւնը բերած է զանազան գիտական ձեռնարկներու, ինչպէս “Dictionary of the Middle Ages” (1982-1989) եւ “Grove Dictionary of Art” (այժմ՝ Oxford Art Online), եւ գրած է յօդուածներ զանազան հայագիտական հատորներու համար։ Հայկական ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան զանազան աշխատութիւններու կողքին, ան նաեւ գրած է հայ արուեստի այլ բնագաւառներու, յատկապէս՝ գորգագործութեան մասին։ “Weavers, Merchants, and Kings: The Inscribed Rugs of Armenia” ցուցահանդէսին հատորը (1984) անգլերէն հիմնարար աշխատութիւն մըն է հայ գորգագործութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։

1970-1980ական թուականներուն, դոկտ. Տէր Մանուէլեան բազմիցս ճամբորդած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ընդարձակ լուսանկարչական աշխատանք կատարած է, յաճախ՝ դժուարին ու վտանգաւոր պայմաններու մէջ, վանքերու եւ եկեղեցիներու փաստագրումին համար։ Մերթ ընդ մերթ, գաղտնի ոստիկանութեան թիրախ դարձած է՝ լրտեսութեան կասկածներու տակ։

Լիւսի Տէր Մանուէլեան իր ուսումը ստացած է  «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ, եւ երկու տասնամեակ ուսումնական կեանքէ հեռու մնալէ ետք՝ ընտանեկան պատճառներով, իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1980-ին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles