
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ ծնած, հասակ նետած, ազգային վարժարաններուն մէջ հայեցի, ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն ստացած, իրենց թաղի դպրոցներուն, ակումբներուն մէջ կոփուած, իրենց ժողովուրդին ծառայութեան լծուած տղաք էին Լիզպոնի հինգը:
Ամէն տարի Ապրիլ 24 ապրած, Մայիս 28 փառաբանած, իրենց ազգին ցաւով ապրած Արային, Սագոյին, Սեդրակին, Սիմոնին եւ Վաչէին զոհողութեան մէջ կար պատգամ` ճակատագիրին դէմ պայքարելու, անարդարութեան դէմ կենալու, իրաւունք պահանջելու եւ մանաւանդ` մահուան գնով աշխարհին պատգամ փոխանցելու, որ Ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Թուրքիան անպայման պէտք էր հաշուետուութեան կանչել:
Լիզպոնի հինգին խորհուրդը, անձնազոհութիւնը այսօրուան երիտասարդութեան` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր մէկ անկիւնը, իր ինքնուրոյն պատգամը ունի: Հայրենիք չտեսած, բայց հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած այս տղոց յիշատակը ինքն իր մէջ կարեւոր իմաստ մը ունի, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ պարտութեան, տկարութեան, յանձնուած ըլլալու երեւոյթը կը տեսնենք: Երբ անկարող, շուարած վիճակ ունինք, ամէն օր նոր անակնկալներու, նոր զիջումներու ականջալուր ըլլալու դէմ յանդիման ենք, բնականաբար, այս բոլորին լոյսին տակ, ազգովին մտահոգ ենք եւ յուսախաբ:
39 տարիներ առաջ Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը ոչ թէ յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան քայլ էր, այլ վճռական, ինքնավստահ եւ խիզախ պատգամ էր` ամբողջ աշխարհին ըսելու սփիւռքահայութեան «Ո՛չ»-ը` սփիւռքահայութեան ձայնը բարձր լսելի դարձնելու, սփիւռքահայութեան իրաւունքները յիշեցնելու, սփիւռքահայ երիտասարդութեան պոռթկումը արտայայտելու:
Լիզպոնի հինգը կառուցողական, դաստիարակիչ եւ պատգամաբեր խորհուրդ փոխանցեցին:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այդ խորհուրդին դասը պէտք է լաւապէս հասկնալ:
Ո՛չ ըսելու քաջութիւնը պէտք է գիտնանք:
Դէմ կենալու խիզախութիւնը ունենանք:
Անանձնական եւ նուիրաբերութեամբ առաւելագոյնը տալու համարձակութիւնը վերապահենք մենք մեզի:
Այսօր Լիզպոնի պատգամը ուղղուած է հայրենիքի ընտրութիւններուն չմասնակցած յիսուն առ հարիւր կազմող ժողովուրդին` գիտնալու, հասկնալու, համոզուելու, որ հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է, եւ ոչ ոք գիտէ` ի՛նչ կը պատրաստուի եւ ի՛նչ պիտի հրամցուի մեզի, բացի` իշխանաւորներէն, որոնք ոչ միայն գիտեն, այլ ծրագրողներն են այս բոլորին:
Կասկած, մտահոգութիւն, վախ, ապագային հանդէպ անհեռանկար վիճակ։Այս բոլորը կ՛ապրինք, Լիզպոնի տղաքն ալ սփիւռքի իրենց անհեռանկար կեանքին, անարդարութեան եւ աշխարհին լուռ մնալով` մեղսակից ըլլալու հանգամանքին դիմաց իրենց ընդվզումը արտայայտեցին:
Ընդդիմութիւն, դիմադրութիւն, անհնազանդութիւն, բողոք, ընդվզում․․․ բոլորն ալ կը նպաստեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց բանակցութիւններուն աւելի լաւ պայմաններ ձեռք բերեն, պայմանաւ որ լաւ գիտնան, թէ հայրենիք եւ պետութեան շահերը իրենց անձնական աթոռներէն ու շահերէն գերիվեր են:
Լիզպոնը մնայուն, արդիական, ապրող եւ շնչող պատգամ է: Անմար պահենք անձնազոհ նուիրեալ տղոց յիշատակը: