ԼԻԶՊՈՆ… ՅՈՒԼԻՍ 27, 1983
Ահաւասիկ երեսուն տարիներ թաւալած են այդ օրէն, ուր Փորթուկալի մայրաքաղաքին` Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ “Հայկական Յեղափոխական Բանակ“ին կողմէ եւ վերջ գտաւ գործողութիւնը կատարող հնգեակին անձնասպանութեամբ, երբ անոր անդամները ռումբերով եւ ուժանակով պայթեցուցին եւ կրակի տուին դեսպանին բնակարանին մէկ յարկը, զոր գրաւած էին:
Գործողութիւնը սկսաւ ժամը 11.30ին, զինեալներ, վարձուած ինքնաշարժով մը, անակնկալօրէն մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունը եւ դեսպանին բնակարանը շրջապատող պարտէզէն ներս. չորս զինեալներ խուժեցին դէպի դեսպանատան մուտքը ու կրակ բացին հոն գտնուող պահակին վրայ: Այս վերջինը վիրաւորուեցաւ ու հակադարձեց: Նոյն ոճին դիմեց նաեւ դեսպանատան գործավարին թիկնապահը, որ նաեւ մետասաներորդ պահուն, յաջողեցաւ փակել դեսպանատան դուռը: Հոս է որ սպաննուեցաւ քոմանտոյին անդամներէն մէկը:
Յարձակող զինեալները անմիջապէս գրաւեցին նոյն շրջաբակին մէջ գտնուող դեսպանին բնակարանը, ուր կը գտնուէին դեսպանատան գործավարին` Օսման Օզթիւրքի կինն ու զաւակը: Դեսպանատան աղբիւրները հաւաստիացուցին որ թուրք դեսպանը ներկայիս Լիզպոն չի գտնուիր: Հեռաձայնային հադորդակցութեան մը ընթացքին, զինեալները զգուշացուցին ոստիկանութիւնը` որեւէ միջամտութիւնէ, սպառնալով պայթեցնել շէնքը: ……
Գործողութիւնը սկսելէն շուրջ ժամ մը ետք, վարչապետ Մարիօ Սուարէշ ստիպողական ժողովի հրաւիրեց իր կառավարութիւնն ու զինուորական պատասխանատուները: Որոշուեցաւ գործի լծել հակա-ահաբեկչական ՛՛մասնայատուկ ուժեր՛՛ը, որոնցմէ 170 հոգի միացան դեսպանատունը պաշարման տակ առնող ոստիկանութեան:
Կէսօրէ ետք Ժամը 1.00ի մօտ, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին բնակարանին մէջ, ուր ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը:
Ակնթարթ մը ետք, ոստիկանութիւնը սեղմեց շէնքին շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը եւ անոնցմէ երեսուն հոգի անցան ուղղակի յարձակման, ներս ցատկելով պարտէզին պատէն: Տեղի ունեցաւ կարճատեւ հրացանաձգութիւն, որմէ ետք նոր պայթումներ կրկնուեցան:
Ժամը կ.ե. 3.45ին, ոստիկանութիւնը մուտք գործեց շէնքէն ներս, ուր գտաւ ածխացած հինգ մարմիններ: Անոնցմէ չորսը կը պատկանէին քոմանտոյի անդամներուն, իսկ հինգերորդը` ոստիկանի մը:
Ի յայտ եկած էր թէ քոմանտօն իր մօտ ունեցած ռումբերով պայթեցուցած էր բնակարանը եւ դիմած անձնասպանութեան: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը գտած էր վարձուած երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կային ռումբեր եւ սննդեղէն: Կ՛ենթադրուէր որ քոմանտօն յարձակումը գործած էր, երկարատեւ գրաւման նպատակով:
Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը հազիւ սկսած, Փարիզի մէջ, “Հ.Յ.Բանակ“ը, լրատու գործակալութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Երեկոյեան “Հ.Յ.Բանակ“ը այս անգամ, Լիզպոնի մէջ միջազգային լրատու գործակալութեանց յղուած հաղորդագրութեամբ, վերստին կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը: Ստորեւ “Հ.Յ.Բանակ“ի լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնը:
“Հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք մենք:
Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը ադիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ոյժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին:
Արհամարհանքն ու սինիզմը զորս Թուրքիան եւ Միաջազգային հասարակութիւնը կը ցուցաբերեն Արդարութեան եւ Միջազգային Օրէնքներուն հանդէպ, մեզ աւելի եւս համոզեցին, որ մեր արդար դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է:
Տասնամեակներ ամբողջ հայերը սպասեցին, որ միջազգային արդարութիւնը լուծէ Հայկական Հարցը:
Այս բացատրութիւններուն հետ կազմակերպող խմբակցութիւնը Հայ Դատի ի պաշտպան իր բողոքները անգամ մը եւս կը ներկայացնէ, շեշտելու համար որ եղած միջոցները անօգուտ մնալով, ստիպած է երիտասրդական սերունդը դիմելու այս միջոցին“:

