Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւօ Կիտանեան Պիտի Այցելէ Միացեալ Նահանգներ

0 0
Read Time:59 Second
Յառաջիկայ Մարտ ամսուան սկիզբը,  Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջան պիտի այցելէ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւօ Կիտանեան։
Իր այցելութեան ընթացքին, նախարար Կիտանեան զանազան քաղաքներու մէջ ելոյթներ պիտի ունենայ եւ  շփման մէջ մտնէ գաղութներուն հետ։ Այս ելոյթներու ընթացքին, նախարար Կիտանեան հանգամանօրէն պիտի անդրադառնայ Մայիս 6-ին Լիբանանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Լիբանանի ընտրական յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախարարը Լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող զանգուածին հետ պիտի քննէ այս ընտրութիւններուն առաւելագոյն թիւերով մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, լսէ հայրենակիցներու ակնկալութիւնները եւ ներկայացնէ այսօրուան հրամայականները։

Այս գծով,  Լիբանանի ընտրական յանձնախումբը կը շեշտէ.- «Կոչ կ’ ուղղենք մեր հարազատներուն, որ իրենց հարազատներով ներկայ գտնուին եզակի ու պատմական այս հանդիպումներուն, պատուական ընդունելութիւն ցուցաբերեն մեր երիտասարդ նախարարին ու միասնաբար օգնենք մեր բոլորին սիրելի Լիբանանին։ Սիրելի հայրենակիցներ, մեր արմատները պէտք ունին մեր նեցուկին։ Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները պիտի ապաւինին մեր քուէներուն։ Եկէք միասնաբար տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն, մեկնինք Լիաբանան, ու քուէարկենք պատմականօրէն ինքզինք արդարացուցած մեր ցանկին»։Նախարար Կիտանեան նաեւ պիտի այցելէ Գանատա եւ Քալիֆորնիա:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանէն ներս, նախարար Կիտանեան պիտի այցելէ հետեւեալ քաղաքները.-

Մարտ 7, Տիթրոյթ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մարտ 8, Պոսթըն

Մարտ 9, Նիւ Ճըրզի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles