Լափշին Յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին
ՄԻՆՍՔ.- Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին:
Պելոռուսիոյ դատախազութիւնը յանձնումի որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ պատճառով.- Յանձնումը տեղի կ՛ունենայ, երբ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար կան բաւարար հիմքեր, երբ կատարուած յանցանքը քրէականօրէն պատժելի է եւ կ՛ենթադրէ նուազագոյնը մէկ տարուան բանտարկութիւն:
Յայտնի պլոկըրը, յիշեցնենք, Արցախ այցելելէ ետք յայտնուած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ, ապա երկրորդ անգամ այցելած էր Պաքու` ուքրայինական անձնագիրով: Լափշին նաեւ իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած էր Ատրպէյճանի մասին` ներկայացնելով այն խնդիրները, որոնց ինք հանդիպած էր այցելութեան ժամանակ, քննադատած այդ քաղաքականութիւնը:
«Ալեքսանտր Լափշին Պելոռուսիոյ քաղաքացի չէ: Զայն Ատրպէյճանին յանձնելու խոչընդոտներ չկան Ատրպէյճանի եւ Պելոռուսիոյ օրէնսդրութեամբ: Ուստի որոշում տրուած է բաւարարել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան խնդրանքը` զայն յանձնելու մասին», նշուած է որոշումին մէջ:


