Լրահոս

Լարուած Իրավիճակ Դահլիճին Մէջ. «Պիղծ Է Ձեր Վեհափառը». Նիկոլ Փաշինեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 24-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն «պիղծ» անուանեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացնելով կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագիրը։

«Պիղծ ա ձեր Վեհափառը, պիղծ ա։ Եթէ դուք խնդիր չունիք, որ Մայր Աթոռին մէջ նստած մարդը սեռական կեանք ունի, դմդմփացուցէք որքան կ’ուզէք։ Երեխայ ունենալու ուրիշ մեթոտներ նոյնիսկ եկեղեցւոյ մէջ չկան։ Երեխայ ունենալու մէկ մեթոտ կայ, ատիկա սեռական յարաբերութիւններն են»,– ամպիոնէն պնդեց Փաշինեան։

Իրավիճակը նիստերու դահլիճին մէջ լարուեցաւ, երբ Գարեգին Բ.-ի մասին խօսելով՝ Փաշինեան զայն անուանեց աշխարհիկ անունով։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի պատասխան սկսաւ սեղաններուն հարուածել եւ գոչել՝ «Վեհափառ»։

«Հայաստան» խմբակցութենէն Գեղամ Մանուկեան արձագանգեց՝ «հանգիստ ձգէ՛ Վեհափառը», որուն ի պատասխան Փաշինեան ըսաւ. «Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է հանգիստ ձգէ Վեհափառը»։

Վարչապետը յիշատակեց Գարեգին Բ.-ը՝ նշելով, որ անոր հրահանգին ենթարկուող շարք մը հոգեւորականներ սուրբ պատարագներու ընթացքին Աստուծոյ կ’աղօթեն, որպէսզի ան պահպանէ Արցախի Հանրապետութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Ըստ Փաշինեանի՝ ատով անոնք եկեղեցին կը վերածեն «պատերազմի քարոզչութեան» հաստատութեան։

«Սա մէկն է այն պատճառներուն, թէ ինչու պէտք է Առաքելական եկեղեցւոյ փաստացի պետը հանգստի կոչուի, բայց միակ պատճառը չէ։ Իմ յանձնարարութեամբ զեկոյց մը կը պատրաստուի՝ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած խոր, համակարգային ճգնաժամին մասին, ուր շարադրուած են տասնեակ փաստեր, թէ Կտրիճ Ներսիսեանը եկեղեցին դուրս բերած է կանոնական ծիրէն՝ ասկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»,– ըսաւ Փաշինեան՝ յիշեցնելով, որ եկեղեցւոյ բարենորոգման օրակարգը եւս ներառուած է իր կառավարութեան ծրագիրին մէջ։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին առայժմ չէ արձագանգած Վեհափառի հասցէին հնչած գնահատականներուն։

«Ուժեղ Հայաստան»-էն Նարեկ Կարապետեան, լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, ըսաւ. «Վեհափառի հետ կապուած ուղղակի ըսաւ, որ խնդիրը Արցախի անունը շօշափելն է, Արցախի անունը յիշատակելն է»։

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ առանձին գլուխ մը նուիրուած է եկեղեցւոյ՝ նշելով, որ «ապահովուելու է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ փաստացի պետին հեռացումը (հանգստի կոչումը), եւ սահմանուած կարգով իրականացուելու է Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն»։

Կաթողիկոսը գահընկէց ընելու Փաշինեանի նպատակը ամրագրուած է նաեւ իր ղեկավարած կուսակցութեան ծրագիրին մէջ։ Նախընտրական ծրագիրով ան կը խոստանար մինչեւ 2031 թուականը հեռացնել Գարեգին Բ.-ը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button