ԱմերիկահայԼրահոս

Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ Հ.Մ.Ը.Մ.-ԻՆ

SyrianEventՍուր­ի­ա­հա­յու­թե­նէն եւ յատ­կա­պէս հա­յու­թեան սիր­տը նկա­տուող Հա­լէ­պէն մղոն­ներ հե­ռու, Մա­սա­չու­սէ­ցի (Պել­մոնթ) մէջ կազ­մա­կերպ­ուած էր յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, որուն նպա­տակն էր դրա­մա­հա­ւա­քով մը, օժան­դա­կել Սուր­իոյ Հ.Մ. Ը.Մ.-ին, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րել հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ին­նե­րորդ խա­ղե­րուն:

Հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ, շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ական գոր­ծօն ան­դամ­նե­րէն` եղբ. Պե­տիկ Տէր Վար­դան­եա­նի բնա­կա­րա­նէն ներս: Ան ամէ­նայն սի­րա­յօ­ժա­րու­թեամբ ստանձ­նած էր այս հա­ւա­քին կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որուն ըն­դա­ռա­ջած էին բազ­մա­թիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­ներ: Այս հա­ւա­քին, ներ­կայ էր նա­եւ շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան: Ան իր խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց, որ ներ­կա­ները պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են, իրենց օժան­դա­կու­թիւնը բե­րե­լու այս գա­ղա­փա­րին:

Նշենք թէ, այս առ­թիւ կա­րե­լի եղաւ հա­ւա­քել վեց հա­զար տո­լար, որ փո­խանց­ուե­ցաւ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, իր կար­գին տրա­մադ­րե­լու հա­մար Սուր­իոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն:

Նշենք թէ, այս առ­թիւ Պե­տիկ եւ Արեւ Տէր Վար­դան­եան­նե­րու դուստ­րը` Մեղ­րին, այս առ­թիւ իր 16-րդ տա­րե­դար­ձի ստա­ցած նուէր գու­մարն ալ. ամէ­նայն սի­րա­յօ­ժա­րու­թեամբ, տրա­մադ­րած էր այս դրա­մա­հա­ւա­քին:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button