Անցեալ դարաշրջանի առաջին եւ վերջին տասնամեակներուն, Օգոստոսի ամառնային շոգ օրերուն, յիշատակելի երկու պատմական դէպքեր պատահած են, բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ, մնալով հանդերձ քաղաքական բնագաւառէն ներս կարեւոր իրադարձութիւններ:
Առաջին հերթին, Օգոստոս 10, 1920-ին է որ ստորագրուած է… Օրին, Ա.Մ.Ն. նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի համաձայն, Սեւրի դաշնագիրը: Իսկ Օգոստոս 8, 1990-ին Հ. Յ.Դ. Բիւրոն, յատուկ կոչ-հաղորդագրութեամբ մը, պաշտօնապէս կը յայտարարէ, Հայաստանի մէջ ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին իր վերընձիւղման գործընթացը:
Օգոստոս 10, 1920-ին դեռ գոյութիւն ունէր, քանի մը տարուայ կեանք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ այդ ժամանակաշրջանի ընթացքին, պատմութեան էջերուն մէջ, մուտք գործած դաշնագիրներուն մէջ, Սեւրը միակն է, որուն ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած է հայկական պետութիւն: Դժբախտաբար, թէ՛ թրքական եւ թէ՛ պոլշեւիկեան ներխուժումը, Նոյեմբեր 1920-ին ընդհատեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կեանքը եւ սահմանագծման բնական գործընթացը:
1991-ին ծնունդ առած ՀՀ, այդ առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) օրինական-իրաւական յաջորդն է եւ բնականաբար ներկայ ղեկավարութեան պարտականութիւնն է շարունակ պայքարիլ յանուն Ուիլսընեան ծրագրի իրականացման: Իսկ, բնականաբար երկրէն ներս գործող խմբաւորումներ, շարժումներ եւ կուսակցութիւններ, որոնց կարգին վերանկախման առաջին օրերէն իսկ, գործի լծուած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իրենց կարգին նոյնքան եռանդով եւ առաջնահերթութեամբ, պարտականութիւն ունին յայտնելու թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւններուն միջեւ օրինական “տը ժիւրէ“ սահմանը պէտք է որ ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան բռնագրաւուած տարածքները, որոնք իրաւականօրէն կը պատկանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որոնք ամէնայն արդարութեամբ առաջարկուեցան Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի (նախագահած` 1913-1921) կողմէ, անոր իրաւարար վճիռով (Նոյեմբեր 22, 1920թ.) եւ ճանչցուած` բազմաթիւ պետութիւններու (Միացեալ Նահանգներ,Մեծն Բրիտանիա, Իտալիա, Ֆրանսա, Ճափոն եւ այլք), որոնց կարգին նաեւ Թուրքիոյ կողմէ, ստորագրելով այդ դաշնագիրը: Երկու պետութիւններու միջեւ, “տը ֆաքթօ“ ներկայ սահմանը, միայն նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի մէկ մասն է, որ այլեւս օրինական չէ եւ այս գծով, Հ.ՅԴ. Բիւրոյի Օգոսռոս 8, 1990-ի թուակիր նամակը կը յայտնէ թէ …“զինուած` ազգային ազատագրական պայքարի մեր հարիւրամեայ փորձառութեամբ, առաջնորդուելով ազգային պահանջատիրական պայքարի միասնութեան հրամայականով, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերն ու կարողականութիւնը այսուհետեւ եւս ի սպաս կը դնէ Հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հայրենիքի քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, գիտաթեքնիքական եւ մշակութային հզօրացման: Հայաստանի ինքնիշխան իրավիճակի իրագործումէն մինչեւ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումը, մեր պայքարը երկարաշունչ է եւ դժուարին: Պէտք է տոկա՛լ, պէտք է պայքարի՛լ եւ հանգրուանային նուաճումներով հասնիլ մեր ազգային տեսլականի իրագործման“: