ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՒՐՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ  Կ՛ՈՒԶԷ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 49 Second

GG

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐԵԱՆ

Կլէնմոնթ, Նիւ Եորք

 

Անցնող մօտ 9 տարիներէ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրք դիւանագիտութեան «Գիւտը», պատմական հարցերը պատմաբաններուն ձգելու առաջարկն է, որ յաճախ կը լսուի պետական բարձրաստիճան այն պաշտօնեաներու բեռնէն, որոնք երդուած են հաւատարիմ մնալ իրենց յօրինած սուտերուն ու կþաշխատին ամբողջ աշխարհին ալ պարտադրել որ ընդունին այդ սուտերը, որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն։

Մարտ 18ին նման կոչ մը ըրած է դարձեալ Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողան, ուր յիշելէ ետք թէ ,պատերազմի տարիներուն Անատոլուի հայերը հազարաւոր մահմետականներու վնաս հասցուցած ենե, ,որոնց փաստաթուղթերը ունինե եւ ,որոնց համար հայերէն հաշիւ պահանջելու շատ բան ունինե, սակայն իրենք ,այդ բոլորը որպէս քաղաքականութեան գործիք չեն գործածերե, այլ պարկեշտօրէն կþըսեն՝ ,մեր արխիւները բաց ենե, ,բբոլոր փաստաթուղթերը հոս ենե, ,դուք ալ բացէ՛ք ձեր արխիւներըե, ,պատմագէտներ, իրաւագէտներ պաշտօնի կոչենք, թող անոնք քննեն եւ որոշեն իրականութիւնըե։

Այս բոլորէն ետք առանց հայելիի մէջ նայելով ինքզինք տեսնելու, հեգենական արտայայտութեամբ մը կ՛ըսէ.¬ «Բոլոր երկիրներու մէջ մէկ առ մէկ պտըտելով, բոլորին մէջ ալ դրամ խաղցնելով, բարոյականէ դուրս արարքներ գործադրելով Թուրքիոյ դէմ որոշումներ առնել տալով, ոչ մէկ տեղ չէք կրնար հասնիլ»։

Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք այս ,չակերտաւորե պարբերութիւնը, պիտի տեսնենք որ ըսուածը որքան բառացիօրէն շիտակ ու անառարկելի կերպով կը համապատասխանէ իրենց, այսինքն թրքական գործելակերպին, ուր բոլոր այն երկիրներու մէջ ուր որոշումներ կþառնուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող, ,մէկ առ մէկ պտըտելով, բոլորին մէջ ալ դրամ խաղցնելով, բարոյականէ դուրս արարքներ գործադրելով, Եգիպտոս եւ այլուր հայկական արխիւներն ու փաստաթուղթերը փճացնել տալով, պատկան երկիրներու հետ մերթ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու յանկերգով եւ մերթ նիւթական մեծ առեւտուրներու համաձայնութիւնները ջնջելու սպառնալիքներով եւ մէկ խօսքով իրենց պետական համակ ՈՒԺԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ի գործ դնելով, կ՛աշխատին վիժեցնել ցեղասպանութեան ի նպաստ իւրաքանչիւր որոշում ու ջանք կը թափեն իրենց ,բարոյականէ դուրսե եւ անմարդկային գործելաոճով «տեղ հասնիլ»։

Խորքին մէջ սակայն այդ բոլոր խորհրդարանները մէկ առ մէկ կարենալ համոզելու եւ իրենց տեսակէտին յարմարցնելու աշխատանքները, թէ բարոյական եւ թէ նիւթական տեսակէտէ իրենց վրայ շատ ծանր կշռելէն բացի, յաջողութեան որոշ յոյս մըն ալ չեն ներշնչեր։Ահա թէ ինչու կþաշխատին պատմաբաններու քննարկման տանիլ հարցը, ուր շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ,դրամ խաղցնելովե  գրաւել անհատ պատմաբանները, քան ամբողջ երկիրներու խորհրդարանները, ուր երբեմն պիտի հանդիպին նաեւ բարոյական սկզբունքի տէր ու պարկեշտ երեսփոխաններուն, որոնք իրենց արժանապատուութիւնը դրամով չեն վաճառեր…։Ահա պատճառը, որ համակ թուրք կառավարութիւնը ոգի ի բրին լծուած է ցեղասպանութեան հարցը փոխադրել պատմաբաններու քննարկման։ Եթէ կարելի ըլլայ այս դաւադրութեան մէջ ներքաշել հայերուն, այդ օր վստահաբար դաշկինակ ձեռք առած պիտի պարեն իրենց նպատակին հասած ըլլալու հրճուանքով։

Սակայն տեսնենք թէ ինչ արդիւնք կ՛ակընկալեն պատմաբաններու քննարկումէն։

Գիտենք որ իրենք արդէն իսկ որոշած եւ վճռած են արդիւնքը։

Քանի անգամներ լսուած են Էրտողանի, Տաւուտօղլուի, Ճէմիլ Չիչէքի, Եուսուֆ Հալլաճօղլուի եւ նմաններու բեռնէն, իրենց վճռական արտայայտութիւնները թէ ,իրենք ամենեւին ցեղասպանութիւն չեն գործածե, թէ ,իրենց անցեալի պատմութիւնը եղած է միշտ մաքուրե, թէ ,իրենք պատճառ մը չունին երբեք իրենց անցեալէն ամչնալուե, թէ ,իրենց ճակատը միշտ բաց եղած էե, թէ ,այս ,սէօզտէե ցեղասպանութիւն ըսուած հայկական պնդումները բոլորովին սուտ ենե եւայլն։

Երբ այս է թուրք պետական այրերուն վճռական որոշումը, ալ ինչ կը մնայ պատմաբաններուն քննարկելու…, երբ իրենք արդէն իսկ քննարկած ու որոշած են ամէն բան, դիւրացնելով նաեւ պատմաբաններուն գործը…, որոնց կը մնայ առանց յոգնութեան վաւերացնել միայն իրենց (թրքական տեսակէտի) որոշումը… ու վերջ…։

Էրտողանի երկրորդ առարկութիւնն ալ այն է, թէ խորհրդարաններ ու անհատ քաղաքական գործիչներ պէտք չէ որոշեն թէ ցեղասպանութիւն եղած է, այլ պատմաբանները միայն պէտք է զբաղին այդ հարցով։

Սակայն այսպիսի առարկութիւն ընող Էրտողան ինչպէս կը համարձակի, թէ ինք՝ եւ թէ իր խորհրդարանը վճիռ արձակել եւ ըսել թէ ,ցեղասպանութիւն չէ եղած, սուտ էե։ Միթէ ինքն ալ քաղաքական գործիչ մը չէ՞։ Միթէ իր խորհրդարանն ալ խորհրդարան մը չէ՞։ Միթէ իրենք բացառիկ առանձնաշնորհում ունեցող խորհրդարան եւ քաղաքական գործի՞չ են, կարենալ որոշումներ արձակելու…։

Ու այսպէս խօսքով ու գործով ինքզինք հակասող նախ Էրտողան իր ամբողջ ճարպիկութիւններով կþիյնայ իր իսկ փորած փոսին մէջ։

Տակաւին 2009ին էր, ուր թուրք պատմութեան կաճառի նախորդ նախագահ Եուսուֆ Հալլաճօղլուն, խօսելով ,Անգարայի ի ձեռին ունեցած մէկ միլիոն փաստաթուղթերունե վրայով, կþառաջարկեր պատմաբաններուն յանձնել ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը, որպէսզի… «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՅՐԷՆ ՍԿՍԻ…», ուր երբ պատմաբաններու յանձնախումբը չկարենայ յստակ կերպով փաստել թէ ցեղասպանութիւն կատարուած է, այն ատեն հայկական պնդումները ամբողջովին աղբանոց պիտի նետուին…։

Սակայն այսպէս խօսած պահուն իսկ ներքին վախ մը կþանհանգստացնէր զինք, քանի որ նոյն ատեն ան կը զգուշացնէր պետութիւնը, որպէսզի «յանձնախումբի անդամակցութեան չհրաւիրուին այնպիսի պատմաբաններ, որոնք նախապաշարուած մարդիկ եղած ըլլանե։ Այսինքն անզգուշութեամբ թրքական տեսակէտին հակառակ եղող պատմաբաններ չհրաւիրուին յանկարծ…, եւ կամ կարծրատիպ անհատներ՝ որոնք կարելի չըլլայ գրաւել ,դրամ խաղցնելով…», քանի որ այդ պարագային կրնայ ստացուիլ, ճիշդ հակառակը եւ «թրքական պնդումները ամբողջութեամբ աղբանոց կը նետուին…»։

Այդ վախը չէ՞ր միթէ, որ նախագահ Էրտողանին ըսել պիտի տար, որ «մենք արդէն որոշած ենք մեր պատմաբանները…»։

Թուրքիա իր բոլոր մեքենայութիւնները ի գործ դրած է ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններու քննարկման կարենալ բերելու համար։ Անոր մէջ է որ կը տեսնէ զինք օր ու գիշեր տանջող հայկական մղձաւանջին լուծումը։

Սակայն հայութիւնը այն աստիճան միամի՞տ է միթէ, որ արեւի լոյսին պէս տեսանելի ու անհերքելի ցեղասպանութեան իրականութիւնը կասկածի տակ առնէ եւ պատմաբաններուն հետ քննարկման անցնի, որպէսզի «ցեղասպանութեան ժապաւէնը դարձեալ ծայրէն սկսի՞…»։

Ահաւասիկ, թուրք մտաւորական, փաստաբան եւ գրող Ֆէթիհիէ Չէթին յստակ կերպով կþըսէ, թէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը փաստի չի կարօտիր»։

Այսօր Ա.Մ.Ն. ու 43 նահանգներ եւ աշխարհի 24 երկիրներ առաւել, օտար եւ հայ գրողներ ու պատմաբաններ վաւերացուցած են ցեղասպանութեան իրականութիւնը։

Ինչ ըսել մանաւանդ տասնեակներով թուրք պատմաբաններուն, գրողներուն, մտաւորականներուն, լրագրողներուն, քաղաքական գործիչներուն, որոնք արխիւներէն հանուած փաստաթուղթերով եւ ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն, մանաւանդ Թալաաթին գրած գաղտնի նամակներուն բացայայտումներով եւ ցեղասպանութիւնը ապրած հազարաւոր տարիքաւորներու վկայութիւններով ու փաստերով, ոչ միայն կը հաստատեն ու կþընդունին ցեղասպանութեան իրականութիւնը, այլ կը քննադատեն ու կը մեղադրեն իրենց թուրք կառավարութիւնը, ուր քաջութիւնն ու պարկեշտութիւնը չունի առերեսուելու իր պատմութեան հետ, ընդունելու իր գործած ոճիրները, այլ կը շարունակէ իր ուռացումի ամօթալի քաղաքականութիւնը։

Տակաւին կը տեսնենք թրքական կազմակերպութիւններ ու կուսակցութիւններ, որոնք կոչ կþուղղեն իրենց կառավարութեան որ ընդունին ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրեն հայերէն։

Դեռ թարմ է բոլորին մտքին մէջ թէ ինչպէս երկու տարի առաջ, հազարաւոր թուրքեր ներողութիւն կը խնդրեն հայերէն իրենց դէմ գործադրուած ահաւոր բարբարոսութիւններուն ու բոլորին ծանօթ ցեղասպանութեան համար։

Թրքական կառարաութիւնը միշտ քննադատած է հայ թէ օտար պատմաբանները, լրագրողները, գրողները, քաղաքական գործիչները, երկիրներու խորհրդարանները, որոնք կը դատապարտեն Թուրքիան ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար, թշնամութիւն տեսնելով անոնց քննադատութիւններուն մէջ։ Սակայն լռութիւն կը պահէ իր ազգակիցները եղող բոլոր այդ թուրք պատմաբաններուն ու գրողներուն նկատմամբ։

Հոս կարելի է միջանկեալ ըսել որ եթէ կասկածելի կէտ մը եղած ըլլար ցեղասպանութեան պնդումներուն մէջ, անպայմանօրէն պիտի գտնուէին որոշ հայեր որոնք կասկած պիտի յայտնէին ցեղասպանութեան վրայով։ Սակայն կարելի՞ է գտնել հայ մը որ կասկած յայտնած ըլլայ ցեղասպանութեան հանդէպ։ Ո՛չ։ Քանի որ իւրաքանչիւր հայ իր մորթին վրան է որ կը զգայ անոր ցաւն ու հետեւանքները, տակաւին 100 տարի ետք իսկ։

Իսկ երբ կը տեսնենք հազարաւոր թուրքեր, պատմաբաններէն, գրողներէն, լրագրողներէն մինչեւ ժողովուրդին խաւերը, որոնք փաստաթուղթերով  ու վկայութիւններով կը ներկայացնեն ցեղասպանութեան իրականութիւնը, ասկէ անդին տակաւին ինչպէս կարելի է ուռանալ, երբ արդէն իսկ թուրքերն են վկայողները…։

Սակայն ինչու Էրտողան եւ իր արբանեակները լուռ են բոլոր այս ,արդարամիտե բայց իրենց համար ,դաւաճանե նկատուող այդ թուրքերուն հանդէպ։

Լուռ են անոր համար, որ նախ հակափաստարկներ չունին անոնց անհերքելի փաստերուն դիմաց, երկրորդ՝ անոնց հետ լեզուակռուի մէջ մտնել չեն ուզեր, քանի որ այդ պիտի նշանակէր աւելի արծարծել հարցը եւ առիթ տալ որ աւելի խորանայ ցեղասպանութեան քննարկումները, որոնք աւելի պիտի բացայայտեն իրենց յանցագործութիւնները…։

Որով լաւագոյն կերպով պիտի ըլլար լռութիւն պահել, այդ ,դաւաճանե թուրքերուն հանդէպ ու շարունակել ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններուն քննարկման տանելու իրենց պնդումը ապաւինելով միայն ու միայն իրենց «ՈՒԺԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ…»։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՒՐՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ  Կ՛ՈՒԶԷ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

  1. Լսի՛ Պռն հագօբ տեռեան , դու քո պարապ գրառումներով ՝ Իմ Թանկագին Ժամանակը վատնեցիր –
    Դու գնա ուրիշ գործով ըզբաղի ՝ քան ՝ ասեք ՝ քո հիմարություններով գլուխ հարթուկի ….
    Թուրքերի կողմից ՝ նրանց ՝ հանցագործություններն ՝ որպես Ցեղասպանություն ՝ այլևս ՝ որակված է – Դու ՝ ըդրա մասին հասկացի փոխանակ էռդողանի հիմարությունների մասին վերախոսալու ու վերախոսալու ու վերախոսալու
    զձեզ չհարգող Ռոբերտ Սարոյան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles