ԺԸՆԵՒ 2 .- ՀԱԼէՊԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 4 Second

p10 geneva-II-conference

Գէորգ Պետիկեան

 

Այսօր պահանջք զգացի գրելու: Նպատակը սրտիս մօտ է, որովհետեւ քանի մը օրեր ետք հաւանաբար Յունուար 22ին, Ժընեւի մէջ գումարուի Սուրիոյ տագնապին շուրջ տարակարծիք կողմերու միջեւ միջազգային խորհրդաժողով մը` “Ժընեւ 2“ անուան տակ:

Քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ: Նոյնիսկ չեմ գիտեր որքանով բան մը պիտի կարենայ փոխել այս դիւանագէտներու հաւաքը:

Նաեւ չեմ գիտեր, թէ արդեօք բան մը կրնայ փոխուիլ: Որքանով անկեղծ են երկու կամ աւելի կողմերը: Որքանով իրենց խոստումին տէրը պիտի կանգնին: Որքանով վստահութիւն պիտի ներշնչեն թէ իրարու եւ թէ աշխարհի:

Միայն այն գիտեմ, որ շուրջ երեք տարիներէ ի վեր ներքին պատերազմի մէջ ընկղմած սուրիացի ժողովուրդին կողքին աշխարհի աչքերն ալ յառած են այս ուղղութեամբ:

Դէպի “Ժընեւ 2“: Յոյս մը: Երկար ու անծանօթ փակուղիէ մը ներս լոյսի նշոյլի մը յայտնութիւնը:

Անկասկած, որ վերջապէս փորձ մըն է, որ պիտի կատարուի պատասխանատու դիրքերու վրայ նստած ղեկավարներուն միջեւ, որոնք յանուն ամբոխավարութեան անմեղ քաղաքա-ցիներու արեան պատճառ դարձած են:

Միայն հաւատք կ՛ուզենք փոխանակել դիւանագիտական այս ռազմավարութեան, որ կը կարծեմ մեր գլխէն աւելի վեր է:

Մեծ պետութիւններու հովանիին եւ օրհնութեան տակ գումարուող ժողովին մասնակից տարակարծիք կողմերը, եթէ նոյնիսկ քաղաքական որոշ լուծման մը յանգին, անդին կը մնայ սուրիացի ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը:

Բացարձակ իրականութիւն է, որ այսօր Սուրիոյ բնակչութեան քառորդը իր կեանքի ապահովութեան համար դրացի երկիրներէն ներս ապաստան փնտռած է:

Աւերակուած են բազմաթիւ քաղաքներ, գիւղեր եւ աւաններ: Սպաննուած, առեւանգուած ու անյայտացած են հազարաւոր քաղաքացիներ:

Ռումբերու, հրթիռներու եւ փամփուշտներու ձայներէն այլեւս լսելի չէ ոչ մէկ աղաչանք:

Չորցած են մարդոց ականջները եւ կուրցած` աչքերը ու հարցերը մնացած են փողոցներու փլատակներուն տակ:

Բոլորիս համար երկարեցաւ կռիւը: Նոյն այս մէկը դարձաւ պատերազմ: Դարձաւ անմարդ-կային եւ եղբայրասպան:

Ուշացաւ յոյսը: Լաւին սպասումը դարձաւ կարօտ:

Աշխարհը ականատես է, թէ որչափ խոր է այդ երկրի ժողովուրդին դժբախտութիւնը: Հոն բոլոր չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները արժէքազրկուած:

Կրօնքի անուան տակ աներեւակայելի ոճիրներ գործուած են եւ տակաւին կը գործուին, որովհետեւ մարդիկ կրօնքը դարձուցած են թէ միջոց եւ թէ նպատակ:

Հոն սարսափն ու մահը ոչ սահման ունին եւ ոչ ալ ժամանակ:

Կը կարծեմ, որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը նման տագնապներով կը գալարուի:

Բայց հոգս չէ: Բոլոր աշխարհը մեր հարցը չէ: Մեր հարցը չէ նաեւ օտարը կամ օտարինը:

Կարեւոր է մենք ենք: Մերինները: Սուրիահայութիւնը: Հալէպահայութիւնը: Ազգային անձնասիրութիւն:

Էականը եւ առաջնահերթը մեր ժողովուրդը, որուն սիրտն ու հոգին լեցուն են կրկին ապրելու կամքով:

Իրականութիւն է` որ մենք վշտահար ժողովուրդ եղած ենք: Պատմութեան հարուածները միշտ եւ անխնայ եղած են խաղաղասէր եւ ստեղծագործ հայութեան համար:

Սակայն այս օրերուն պէտք է հաշտուիլ այս նոր իրականութեան հետ:

Չեմ փորձեր գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Կը զգամ ու կ՛ապրիմ տագնապին ահռելիութիւնն ու մեծութիւնը:

Չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշել զիս ու առաջնորդել վայրկեաններս:

Կը հաւատամ, որ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում, մեզի համար միշտ ազգային եղած է:

Հաստատապէս զգացական պոռթկումի մը արդիւնք են այս տողերը, որովհետեւ Հալէպի հողին ջերմութիւնը տակաւին մէջս, մնացած է կարօտով:

Կը զգամ, որ այս առթիւ իմ արտայայտած իւրաքանչիւր մտածում, բառի միջոցով դարձած է պոռթկում:

Որովհետեւ…

Հոն յատկապէս մեր ծննդավայր Հալէպէն ներս գրեթէ ամէն օր հիւանդ է արեւը: Պատմա-կան այդ քաղաքը հազարաձայն հեւքով քաղաքի մը վերածուած է: Հոն անհրապոյր օրեր զիրար կը յաջորդեն:

Հալէպը իր այս իրավիճակով պատմութեան անցած է, սակայն տակաւին անցեալ չէ դարձած:

Հոն մեր ժողովուրդը իր աչքերը երազին եւ յոյսին մէջ բացած է. լեռներու մէջ եւ կամ վրան թափառող ամպերու նման:

Իսկ մենք հոս, անոնցմէ հեռու եւ անդին. մենք հոս ի՞նչ կ՛ընենք: Դուք ձեզի հարց տուէք: Ո՞ր օրուան կը սպասենք:

Կը խօսինք: Յաճախ լոզունքներով կ՛արտայայտուինք: Երբեմն կը յիշենք, ու վերջին կը նստինք ու կը սպասենք, որ մէկը բան մը նախաձեռնէ: Վերջը՞:

Նոր տարին եկած է ու կը շարունակէ իր երթը: Արդէն անոր առաջին ամիսը կիսուած է:

Արդեօք ո՞ւր հասած է մեր գիտակցութեան հասունութիւնը:

Այլեւս իրականութեան փնտռտուքի կարիքը չկայ:

Միւս կողմէ մի մոռնաք, որ հակառակ այս հոգեկան եւ ֆիզիքական տխրութեան, հակա-ռակ հոն մեր մայր գաղութէն ներս յամեցող ծանր դրութեան. հակառակ ամէնօրեայ վախի, սարսափի ու մահուան սպառնալիքներուն, ողջունելի ազգային եւ հոգեւոր գործ ու աշխատանք կը տարուի:

Հալէպահայութիւնը իր ամբողջութեամբ, իր այդ պարզունակ վիճակով, իր այդ թագնուած ու զսպուած խոր թախիծով ու սուգով, իր սրտին մէջ պահ դրած տագնապներով տակաւին կը շարունակէ իր ազգային գործընթացը, գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար:

Որովհետեւ մենք յամառ ժողովուրդ ենք, որ չուզեր մեռնիլ:

Հաւատացէ՛ք, հալէպահայը լեցուն է կրկին ապրելու կամքով:

Ու մեր ոգին ի տես այս պերճախօս վկայութիւններուն կը ջերմանայ:

Իսկ եթէ ոգին արդէն բաւարար է, որ մեր ակունքն ու մեզ մնայուն պահէ, ուստի պէտք է մեր կարգին մենք ալ գործի լծուինք: Շարունակենք մեր առաքելութիւն-աջակցութիւնը իբրեւ սրբազան եւ ազգային պարտականութիւն:

Այս ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցենք սէրը, գուրգուրանքը, յարգանքը, նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը հանդէպ նման ազգային արժէքներու պահպանման:

Հազար անգամ կրկնած ենք ու ահազանգած, որ հոն տակաւին շնչող հայ գաղութը չուծանալու համար պէտք է զայն ամուր պահել:

Իսկ մենք: Հսկայ հայ գաղութ ենք հոս: Կը պարծենանք:

Կը բաւէ յոյս ծախենք: Հետեւողական աշխատանքի կարօտը ունինք: Գալիք ուղիները լուսաւորող շող:

Ու այս օրերուն “Ժընեւ 2“:

Յոյսով ենք, որ այս մէկը իբրեւ նոր ու բարի ճանապարհներ տանող խորհրդաժողով մը դառնայ բոլորիս համար:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles