ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ հաղորդակցութեան պետական վարչութիւնը Անգարայի մէջ կազմակերպեց Թրքախօս Պետութիւններու Հարթակը՝ Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին մէջ խորագրով հանդիպում մը, որուն զեկուցաբերներուն շարքին եղաւ Ատրպէյճանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ քաղաքականութեան ճշդման բաժանմունքի տնօրէն Ճաւիտ Մուսաեւ։ Ան խօսեցաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին իբրեւ թէ Ատրպէյճանի դէմ կատարուած ապատեղեկատուութեան դէմ արշաւին տուեալներուն եւ դրդապատճառներուն մասին։
Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ յաճախ կը խօսուի այսպէս կոչուած ապատեղեկատուութեան արշաւներու մասին, որոնք ծայր առած են Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, թէ Թուրքիա վարձկաններ ղրկած է Ատրպէյճան՝ արցախեան ուժերուն դէմ կռուելու համար։ Թուրք եւ ատրպէյճանցի պատասխանատուներ կը ջանան հերքել այն, որ հաստատուած եւ ամրագրուած է միջազգային մամուլին եւ պետական շրջանակներու կողմէ։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ընդգծեց Սեւ Ծովուն մէջ արձանագրուած ապահովական վերջին իրադարձութիւնները եւ յայտարարեց, որ անոնք լրջօրէն կը վտանգեն ծովային ապահովութիւնը՝ Ռուսիան եւ Ուքրայինան զգուշացնելով առեւտրական նաւեր հարուածելէ, որովհետեւ ատիկա ոչ ոքի օգուտ է։
Էրտողան նկատել տուաւ,որ Անգարա կանխարգիլած է Սեւ Ծովուն մէջ պատերազմ մը՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի միջեւ։ Տեղին է նշել,որ Ուքրայինա Սեւ Ծովուն թրքական ջուրերուն մէջ հարուածած էր ռուսական նաւահանգիստ մը ուղղուող առեւտրական երկու նաւեր, մինչ ռուսական ուժերը հարուածած էին թրքական նաւ մը, որ խարիսխ նետած էր ուքրայինական նաւահանգիստ մը։
Ռուսիա – Ուքրայինա պատերազմին սկսելէն քանի մը օր ետք Թուրքիա մարտանաւերու արգիլեց Սեւ Ծով մուտքը՝ օգտագործելով Մոնրոյի ուխտին ծիրին մէջ իր իրաւունքը։
*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքի հետ, որ Անգարա ժամանած էր Իսրայէլէն։ Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմեցին Կազայի խաղաղութեան ծրագիրը եւ Սուրիոյ նորագոյն զարգացումները։
Տեղին է նշել,որ Պարաք՝ Թէլ Աւիւի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, մինչ կան լուրջ մտավախութիւններ, թէ իսրայէլեան բանակը կրնայ յարձակիլ Հարաւային Լիբանանի վրայ։
*
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ընդունեց թրքական բանակի սպայակոյտի փոխ հրամանատար զօրավար Լեւանթ Էրկիւնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Քննարկումներու նիւթ դարձան համագործակցութեան հեռանկարները՝ զինուորական, ռազմական սարքերու եւ յատուկ կրթութեան մարզերուն մէջ։
Հասանով նշեց,որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավական դաշնակցութիւնը հիմնուած է բարեկամութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններու վրայ՝ ընդգծելով զինուորական համագործակցութեան զարգացման նպատակով նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը։
*
Թուրքիոյ նախագահԷրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա նպատակադրած է թրքական պետութիւններուն հետ առեւտուրը հասցնել հարիւր միլիառ տոլարի՝ հրապարակելով «Թրքական Աշխարհի Տեսիլքը» անունով փաստաթուղթը, որ յաջորդ հարիւրամեակին համար նախատեսուած ճամբու քարտէս մըն է։
Թրքական աշխարհին վերաբերող փաստաթուղթը ունի բաժիններ՝ քաղաքականութեան, տնտեսական համարկման, մշակութային համագործակցութեան, ուժանիւթի ապահովութեան, փոխադրութեան ուղիներու ցանցերու եւ երիտասարդական քաղաքականութեան։
Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ նպատակն է խորացնել թրքախօս պետութիւններուն միջեւ համարկումը եւ միջպետական համագործակցութիւնը տեղաւորել հաստատութենական ցանցի մը մէջ։ «Տնտեսական զարգացումը, մշակութային համերաշխութիւնը եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանային խաղաղութեան հաստատումը այս փաստաթուղթին հիմնաքարերն են», ըսաւ ան։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան մտադիր է վերադարձնել Ռուսիայէն ձեռք բերուած Էս – 400 տիպի հակօդային համակարգերը՝ Ուաշինկթընի հետ կապերը սերտացնելու նպատակով, կը հաղորդէ Պլումպըրկ, յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն։
Ըստ ամերիկեան լրատու գործակալութեան, Էրտողան այս հարցը քննարկած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Թուրքմենիստանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։
Նախապէս, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաք յայտարարած էր, որ Անգարա պէտք է հրաժարի ռուսական հակօդային համակարգէն, ամերիկեան Էֆ-35 տիպի ռմբաձիգներու ծրագրին վերամիանալու համար։

