Յօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

p1 mainՀոկտեմբեր 21-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը սկսաւ քննել Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ կատարուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն թղթածրարը:

Թղթածրար մը, որ բաւական մելան պիտի հոսեցնէ եւ վիճաբանութեան դուռ պիտի բանայ բեմահարթակներուն վրայ:

Ատրպէյճանի խորհրդարանը 11 հոգինոց պատգամաւորական պատուիրակութիւն մը ղրկած է Անգարա՝ համոզելու թուրք խորհրդարանականները չվաւերացնել արձանագրութիւնները: Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ երաշխիքներ տուած էին Ատրպէյճանի« թէ՝ սահմանները պիտի չբացուին« եթէ չլուծուի Արցախին տագնապը: Նշենք թէ ցարդ յստակ չէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը ամբողջութեա՞մբ թէ, խորհրարանէն կազմուած Արտաքին Գործոց յանձնախումբը պիտի վաւերացնէ այս արձանագրութիւնները:

Advertisement Subscribe Today

Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին Գործոց յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մէրճան վերջերս ըսած էր« թէ այնքան ատեն« որ Ատրպէյճանի «գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած»« կարելի չէ սպասել« որ խորհրդարանը կրնայ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները: «Վաւերացման գործընթացը կախեալ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու զարգացումէն: Կրնանք ըսել« թէ յարաբերութիւններու հաստատումը գտած է իր ուղին« բայց ամէն ինչ վերջացած չէ: Պէտք չէ յուսալ« որ խորհրդարանը «փրոթոքոլ»ները կը վաւերացնէ առանց գրաւուած հողամասերու պարպումին»:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button