ԹՈՒՐՔԻԱ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Սուրուճի Պայթումը

0 0
Read Time:53 Second

 

p1 suruc-3Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, դատապարտած է Թուրքիոյ Սուրուճ շրջանին մէջ, տեղի ունեցած պայթումը, որ արդիւնքն է 18 գարուններ բոլորած եւ Իսլամական Պետութեան հաշւոյն գործող եւ ծայրայեղական գաղափարներու տէր աղջկայ մը կատարած անձնասպանական գործողութեան:
Ընկերվարական երիտասարդական միութիւններու դաշնակցութեան աւելի քան երեք հարիւր անդամներ կը մնային դէպքին վայրը, որ մշակութային կեդրոն մըն էր: Անոնք կ՛օգնէին Արաբ Բունարի վերականգնման աշխատանքներուն: Մշակութային կեդրոնը կը ղեկավարէ Սուրուճի քաղաքապետութիւնը, որ կը գտնուի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ: Կեդրոնը յաճախ կը հիւրընկալէ Արաբ Բունարէն եկած տեղահանուածներու հետ աշխատող կամաւորներ եւ լրագրողներ:
«Այս ահաբեկչութիւնը յատկապէս հրէշաւոր է անով, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուած երիտասարդները կը պատրաստուէին երթալ Արաբ Բունար եւ իրենց նպաստը բերել քաղաքի վերանորոգման գործին: Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելու` Էրտողանի քաղաքականութիւնը ուշ կամ կանուխ իր դէմ պիտի գործէ: Ցաւօք, այսքան անմեղ երիտասարդներու կորուստ եղաւ», յայտնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ թրքական ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս բիրտ ուժ կիրարկած է Սուրուճի մէջ 32 զոհ պատճառած ահաբեկչական յարձակումին դէմ Թաքսիմ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց կատարողներուն նկատմամբ: Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն ու իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը մեղադրած են:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles