Լրահոս

Թիֆլիսի Մէջ Նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան Յոբելեանը

ԹԻՖԼԻՍ.- Փետրուար 19-ին, մեծ շուքով նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վրաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան անձնակազմը:

Ձեռնարկները տեղի ունեցան Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհուեցան Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ եւ Վիրահայոց թեմի Առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը մատուցեց հոգեհանգստեան կարգ: Ապա, բանաստեղծուհի Անահիտ Բոստանջեանի սկիզբ դրած աւանդոյթին համաձայն` գիրք նուիրելու տօնի ծիրէն ներս ներկաներուն նուիրուեցան գիրքեր:

Տուն-թանգարանի աշխատակազմի եւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի պետական դրամատիկական թատրոնի աշխատակազմի կողմէ բեմադրուեցան տիկնիկային ներկայացում` Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» ստեղծագործութեան հիման վրայ:

Ներկայացման աւարտին՝ Վիրահայոց թեմի Առաջնորդը ընդգծեց մշակոյթի դերն ու նշանակութիւնը` աւելցնելով որ տիկնիկային թատրոնի ստեղծումը նոր երանգ պիտի հաղորդէ Թիֆլիսի հայութեան մշակութային կեանքին:

Վրաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան մամուլի խօսնակ Յարութիւն Հայրապետեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ ընդգծեց Հայրենիքի սահմաններէն դուրս եւս հայկական մշակոյթը աշխոյժ պահելու կարեւորութիւնը:

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button