
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Արցախփրէս»)․- Յուլիս 29-ին, «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի իրականացուցած ծրագրով, Արցախի Մարտունի շրջանի Հերհեր համայնքին մէջ տեղի է ունեցաւ նորակառոյց համայնքապետարանի շէնքի բացումը, ուր կը գործէ նաեւ համայնքի դարմանատունը:
Այս առթիւ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Հերհեր համայնքի ղեկավար Արման Ալեքսանեանը տեղեկացուց, թէ նախկին դարմանատան շէնքը կը գտնուէր կիսափուլ վիճակի մէջ եւ այլեւս հնարաւոր չէր որեւէ աշխատանք իրականացնել: «Համայնքապետարանի շէնքը շատ մեծ էր, բայց մենք ստիպուած էինք մեր գործունէութիւնը ծաւալել միայն երկու աշխատասենեակում եւ մեզ անհրաժեշտ էր ունենալ շէնքային նոր ու բարուոք պայմաններ: Իհարկէ, անգնահատելի է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի կատարած աշխատանքը. պատերազմից յետոյ, երբ քարը քարի վրայ է դրւում, ժողովրդի մէջ մարտական ոգին էլ աւելի է բարձրանում», աւելցուց ան։

Միւս կողմէն, քսանամեայ Կարէն Գրիգորեանը, որ Արցախեան վերջին պատերազմին վիրաւորուած էր Վարանդայի մէջ, օժտուեցաւ բնակարանով մը։
«Առողջական վիճակիս պատճառով ես չէի կարող ապրել մեր նախկին բնակարանում: «թուֆենկէան» բարեգործական հիմնադրամի շնորհիւ մեր նոր բնակարանն ապահովուած է բոլոր յարմարութիւններով, որպէսզի կարողանամ այստեղ ապրել: Անչափ շնորհակալ եմ հիմնադրամին իրենց բարի գործերի, ոչ միայն ինձ, այլ նաեւ մեր բոլոր վիրաւոր եղբայրներին, կարիքաւոր ընտանիքներին բնակարանով ապահովելու համար»,- յայտնեց Գրիգորեան, որ այս տարի անվճար պայմաններով պիտի շարունակէ իր համալսարանական ուսումը Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանէն ներս։ Իր մասնագիտութիւնն է իրաւաբանութիւն։
Կարէնի հայրն ալ, Սպարտակ Գրիգորեանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց։