
Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն ահաբեկչութիւնը իր թաթը երկարեց ոչ միայն մարդոց, այլ քարերուն ու փորձեց մահուան դատապարտել զանոնք: Հալէպի Թիլալ շրջանի առեւտրական շուկան 5 տարի շարունակ փակ մնալէ ետք, այսօր վերստին իր աշխուժութիւնը գտած է:
Ըստ սուրիացի հետազօտող Թամիմ Քասմոյի ուսումնասիրութեան, Թիլալի շուկան հիմնուած է 1893-ին: «Թիլալ» անունը եկած է արաբերէն հողային բլուրներ կամ թիլալ թուրապիէ սահմանումէն: Այդ հողային բլուրները 1822-ին Հալէպը ցնցող երկրաշարժի մը մնացորդներն էին:
Տարիներու ընթացքին, Թիլալի շուկան դարձաւ Հալէպի ժողովուրդին նախասիրած վայրը, ուր կարելի էր գտնել ամէն տեսակի հագուստեղէն` յարմար գիներով եւ զանազան տեսականիով:
Թիլալի պատմական շուկան ռազմավարական եւ կենսական կարեւոր դիրք գրաւեց այս օրերուն, որովհետեւ իրար կը միացնէ Հալէպի հին եւ նոր թաղամասերը: Այդ թաղամասերը պատերազմի տարիներուն ահաբեկչական բազմաթիւ յարձակումներու ենթարուեցան:
2016 տարուան աւարտին, շնորհիւ սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն ձեռք բերած յաղթանակներուն, Հին Հալէպի շրջանը, անոր մէջ ըլլալով Թիլալը ազատագրուեցաւ:
Սուրիական բանակի հրամանատարութեան յայտարարութենէն ետք, Թիլալի շուկաներու առեւտրականները շուտով իրենց գործատեղիները վերադարձան, ահաբեկչութեան հետքը վերջնականապէս չքացնելու ու շրջանը վերանորոգելու համար: Նոյն ատեն Հալէպի նահանգապետարանն ու ծառայողական ոլորտի տնօրէնութիւնը բարելաւեցին շրջանի ծառայողական ընթացքը:
3 ամսուան տեւողութեամբ վերականգնումի շարունակուող աշխատանքներուն արդիւնքով, Թիլալի շուկան վերաշխուժացաւ եւ վերագտաւ իր երբեմնի ճոխութիւնը:
Առեւտրականները վճռած են ոտքի հանել քաղաքը, զարգացնել առեւտուրը եւ Հալէպին` Սուրիոյ առեւտուրի մայրաքաղաքին, վերադարձնել իր նախկին փառքը:
Այսօր Հալէպի մէջ առեւտրական ասպարէզը աշխուժացած է, շարք մը գործատէրեր վերադարձած են իրենց խանութները:
Հալէպի Առեւտրական գրասենեակի Վարչական Խորհուրդէն աղբիւր մը յայտնեց, թէ Թիլալը կ՛ընդգրկէ շուրջ 500 խանութ, ներկայիս անոնց աւելի քան 90% ը սկսած է բանիլ: Աղբիւրը աւելցուց, որ Հալէպի առեւտրական գրասենեակը կը շարունակէ խրախուսել առեւտրականները, որպէսզի վերադառնան ու վերսկսին իրենց աշխատանքը:
Թիլալը հայութեան կեանքին մէջ եւս իր իւրայատուկ տեղը ունի: Անոր կից` Ֆարհաթ հրապարակին մէջ կը գտնուի հայ ոսկերիչներու նշանաւոր շուկան, Թիլալի կեդրոնը կը բազմի հայ կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանը եւ Ս. Ռիթա եկեղեցին:
Ազգ. Հայկազեան վարժարանի աշակերտութեան համար Թիլալի շուկան դպրոցի ամէնօրեայ ճամբան էր, Թիլալի մէջ կը գտնուէր նաեւ Ազգ. Պատսպարանի նախկին կեդրոնը, իսկ Ֆարհաթ հրապարակէն անցնելով մենք կ՛ուղղուէինք Ազգ. Առաջնորդարան եւ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի կեդրոն ու Ազգ. Գրադարան:
Հայութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունի Թիլալը, տակաւին անոր գրկին մէջ տեղաւորուած Հոգետունը, որուն պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով:
Վերականգնումի աշխատանքները յոյս ու կորով կը ներշնչեն բոլորիս…: